ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՄԵՐՔԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ

Համպուրկի մէջ վաղը պիտի սկսի Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքոյթին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով, G-20-ի գագաթաժողովի բացման ընդառաջ, այսօր, առանձին հանդիպում մը տեղի կրնայ ունենալ Էրտողանի եւ Գերմանիոյ Վարչապետ  Անկելա Մերքէլի միջեւ։ Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆան Զայպերթ յայտնեց, որ նման տեսակցութեան մը փափաքը յայտնած է թրքական կողմը։

Ուստի, գերմանական կողմի հաղորդումներով, գագաթաժողովի բացման ընդառաջ, Անկելա Մերքէլ Էրտողանի հետ պիտի տեսակցի՝ Ամերիկայի Միա-ցեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպելէ վերջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017