ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս վերջին օրերուն դարձեալ լարուածութիւնը հասած է մտահոգիչ համեմատութիւններու։ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հրադադարի խախտումներն ու սադրանքները մարդկայնօրէն ծանր հետեւանքներ կը ծնին։ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ վերջին օրերուն պատահած ու երկու կողմերէն զոհեր խլած բախումները միջազգային հարթակի վրայ ալ ստեղծեցին լայն արձագանգ։ Երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ եւս Ատրպէյճանի զօրքերը շարունակեցին հրադադարի խախտումները զանազան զինատեսակներով։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երեք հայ զինուորներ վիրաւորուեցան երէկուան դէպքերուն հետեւանքով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը ձեռնարկեն պատասխան գործողութիւններու՝ ճնշելու համար Ատրպէյճանի նախայարձակ աշխուժութիւնը։ Նախարարութիւնը շեշտած է, որ առաջնագծին վրայ իրավիճակի ապակայունացման ուղղեալ գործողութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ա-տըրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։

ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հակլընտ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) հանդէս եկան նոր յայտարարութիւնով մը՝ շփման գծի վրայ հրադադարի վերջին խախտումներուն բերումով։ Անոնք խստօրէն պահանջեցին վտանգի տակ չդնել քաղաքացիական անձերը։ Համանախագահները Յուլիսի 4-ի հրադադարի դրութեան խախտումը համարեցին սադրիչ գործողութիւն, որ կրնայ խափանել հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ ջանքերը ու վտանգել յաջորդ բանակցութիւնները։ Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ ընդգծած են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հնարաւորինս շուտ հասնելու ուղղութեամբ բանակցութիւններու սկսելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ սա է միակ իսկական ճանապարհը՝ հասնելու համար տարածքաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, հաշտութեան ու անոնց բարգաւաճման։ «Կողմերուն կը յիշեցնենք Ժընեւի պայմանագրով ամրագրուած անոնց պարտաւորութիւնները, որոնք կ՚ենթադրեն զերծ մնալ որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ տեղի տալ քաղաքացիական անձերու անընդունելի կորուստներու։ Կ՚առաջարկենք կողմերուն ձեռնարկել անյետաձգելի միջոցներու լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ եւ յստակօրէն հետեւիլ 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագրերուն», նշուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ։

ԵՐԵՒԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան անմիջապէս արձագանգեց համանախագահներու այս յայտարարութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ուշագրաւ նկատեց, որ եռանախագահները վերջին յայտարարութիւնով արձանագրած են, որ Ատրպէյճան խախտած է Ժընեւի պայմանագրի դրութիւնները։ «Համանախագահները ճշդած են, որ Ատըր-պէյճան սադրանք իրականացուցած է՝ խախտելով Ժընեւի պայմանագրի դրութիւնները», ըսաւ Տիգրան Բալայեան։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ վերջին արիւնալի դէպքերու լոյսին տակ կրկնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները այլընտրանք չունին։ Խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան պատասխանեց վերջին դէպքերուն վերաբերեալ հարցումներու։ Միթէ կ՚ակնկալուի՞ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը Պաքուի սադրանքէն վերջ։ Ի պատասխան Նալպանտեան ըսաւ. «Հայաստան երբեք չէ հրաժարած բանակցութիւններէ թէ՛ ամենաբարձր մակարդակով եւ թէ նախարարներու մակարդակով։ Ես քանի մը օր առաջ ըսած եմ՝ բացառուած չէ, որ այս ամիս արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում մը ըլլայ։ Բանակցութիւնները այլընտրանք չունին», ըսաւ Նալպանտեան։ Անդրադառնալով վերջին լարուածութիւններուն յաջորդած համանախագահներու յայտարարութեան՝ Նալպանտեան ըսաւ, որ համանախագահները պէտք է անմիջապէս արձագանգէին եւ այդ բանը արդէն ըրած են։ Ան յիշեցուց, որ մինչեւ միջնորդներու արձագանգը ինք արդէն խօսած էր թէ՛ եռանախագահներուն եւ թէ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ «Ատրպէյճան սկսած է շահարկել երկամեայ երախայի մահը։ Դիւանագիտութիւնը մանուկով եւ հեռուստատեսութեամբ չի վարուիր։ Մենք այդ մասին կ՚իրազեկենք՝ ինչքանով որ կրնանք։ Երէկ թէ՛ նախարարութեան մամլոյ բանբերի եւ թէ արտաքին գործոց փոխ-նախարարի յայտարարութիւնները մեր արձագանգն էին Ատրպէյճանի սադրանքին եւ կը պատասխանէին բոլոր հարցերուն», յայտնեց Նալպանտեան։

Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեանն ալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի թղթակցին հետ զրուելու ընթացքին յայտնեց, որ Ստեփանակերտ կը սպասէ իրավիճակի նոր սրացումներու, բայց լայնածաւալ պատերազմը կը համարուի նուազ հաւանական։ Միեւնոյն ժամանակ Արցախ կ՚ակնկալէ միջազգային հանրութեան արձագանգը՝ պատահած վերջին դէպքերուն դէմ։ «Սա շատ կարեւոր է։ Ատրպէյճան կը խախտէ հրադադարի դրութիւնը, կը կիրառէ զանազան զինատեսակներ։ Ի հարկէ, պատասխան կը ստանայ, բայց այս բոլորը ուղղուած է նաեւ միջազգային հանրութեան դէմ։ Անարգալից վերաբերմունք կը ցուցաբերուի միջազգային հանրութեան ջանքերուն դէմ», ըսաւ բանբեր Պապայեան։

ՄԱԿ ԵՒ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄՏԱՀՈԳ

Միջազգային կառոյցներն ու միջնորդ պետութիւններու մայրաքաղաքներն ալ անմիջապէս արձագանգեցին Արցախի ճակատի այս վերջին բախումներուն։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւճարիկ կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց շփման գծի վրայ բռնութեան նոր դէպքերու արձանագրման առընչութեամբ։ «Մենք բոլորս մեծապէս անհանգստացած ենք անվտանգութեան իրավիճակի վատթարացումով», ըսաւ բանբերը մատնանշելով նաեւ հրադադարի խախտումները։ Ըստ իրեն, իրենք այս բոլորը ընդունած են ի գիտութիւն եւ յայտարարած են, որ կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի վերջին յայտարարութեան։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն զերծ մնալ ամէն տեսակ ռազմական գործողութիւններէ եւ խստօրէն կը յորդորենք անոնց՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկել լարուածութիւնը թուլացնելու եւ հետագայ բռնութիւնը կանխելու նպատակով։ Ամենասեղմ ժամանակներու մէջ բարի կամքով բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալը միակ ճանապարհն է՝ լուծելու այս երկարատեւ ու վտանգաւոր հակամարտութիւնը», ըսաւ Տիւճարիկ։

Եւրոխորհրդարանն ալ տեղեկացուց, որ կը բացառէ ղարաբաղեան հակամարտութեան ռազմական կարգաւորումը։ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ ՄաքԷլիսթըր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ Եւրոխորհրդարանը մեծապէս մտահոգուած է բռնութիւններուն առընչութեամբ։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք անմիջապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։ Ինչպէս ըսուած է նախապէս, մենք հաւատացած ենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական կարգաւորում։ Փոխարէնը հակամարտութիւնը ունի շուտափոյթ քաղաքականութեան կարգաւորման կարիք՝ ըստ միջազգային իրաւունքի։ Սա միակ ճանապարհն է՝ դադրեցնելու երկու կողմերու զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու կորուստները։ Մենք լիարժէքօրէն կ՚աջակցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդական ջանքերուն եւ առաջարկներուն, որպէսզի այս միջնորդութիւնը ունենայ յաջողելու հնարաւորութիւն, Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է քաղաքական քաջութիւն գտնեն՝ բարեխղճօրէն բանակցութիւններ իրականացնելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, եւրոպական խորհրդարանը Սթրազպուրկի վերջին լիագումար նիստին ընթացքին ընդունեց բանաձեւ մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ բանաձեւին մէջ ամրագրուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին դէպքերուն լոյսին տակ հերթական անգամ յայտարարեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են։ Պետական քարտուղարութեան բանբեր Հիթըր Նոյէր յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը խիստ մտահոգութեան մատնուած է Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի վրայ հրադադարի դրութեան խախտման նոր փաստի առընչութեամբ։ Այդ խախտումները պատճառ դարձան քաղաքացիական անձերու կորուստներու, ներառեալ հազիւ երկու տարեկան երախայի մը։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ մենք կոչ կ՚ուղղենք կողմերուն՝ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնալ բանակցային սեղանի շուրջ։ Այդ տարածքաշրջանէն ներս մեր քաղաքականութիւնը յստակ է։ Հակամարտութեան խաղաղ լուծման միակ ճանապարհը բանակցութիւններն են՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ, ինչ որ հաւատարիմ է ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներուն», ըսաւ բանբերը։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Արցախի ճակատի վերջին իրադարձութիւններուն։ Ռուսական կողմը կոչ ուղղեց՝ կայունացնել իրադրութիւնը շփման գծին վրայ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կոչ կ՚ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերուն՝ որպէսզի ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցներու՝ շփման գծին վրայ իրադրութեան կայունացման համար։ Ան յիշեցուց, որ հրադադարի խախտման հերթական դէպքը պատճառ դարձած է մարդկային կորուստներու, ներառեալ խաղաղ բնակչութեան ու երախաներու շրջանակը։ «Մենք անընդունելի կը համարենք հետագայ արիւնահեղութիւնները», ըսաւ ռուս բանբերը եւ աւելցուց, թէ Մոսկուա կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան, ուր ընդգծուած է բռնութեան դադրեցման եւ բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017