ՉԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան անցեալ շաբաթավերջին նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարներու գիւտի տօնին առթիւ Զէքիեան Գերապայծառ մատոյց հանդիսաւոր Ս. Պատարագը։ Իրեն առընթերակայ էին Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Տ. Հայկարամ Քհնյ. Չեքիճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Ոսկեբերան» երգչախումբին կողմէ՝ Զաւէն Ակայի ղեկավարութեամբ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան տեղւոյն թաղային խորհուրդէն Մարի Միմար, Ժանէթ Պահար եւ Քորայ Քուրպան։

Ս. Պատարագի ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ պարգեւատրեց Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան երեւելի դէմքերէն Ենալ Սուճուն։ Գերապայծառը զինքը գնահատեց՝ որպէս արուեստից վաստակաւոր ու բարերար վարպետ։ Ենալ Սուճուի պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ յաւարտ Ս. Պատարագի։ Զէքիեան Գերապայծառի կոնդակի գրաբար, աշխարհաբար եւ թրքերէն տարբերակները ընթերցեցին Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան եւ Ճան Եոնթան։ Այս կոնդակին մէջ ընդգծուած էր Ենալ Սուճուի ստեղծագործ ոգին եւ անոր կողմէ ի սպաս դրուած եկեղեցասէր ոգին։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ նաեւ, որ իր կողմէ հոգեւոր եւ եկեղեցական կարիքներու դիմագրաւման համար միշտ ցուցաբերուած է պատրաստակամութիւն եւ այս ծիրին մէջ ան արուեստի գործերու նուիրատուութիւններ ալ ըրած է։ Կոնդակի ընթերցման զուգահեռ՝ Զէքիեան Գերապայծառ օրուան պատգամին մէջ ալ վեր առաւ մեծարեալի արժանիքները ու բացատրեց անոր պարգեւատրման խորհրդանշական իմաստը։

Կրօնական արարողութիւններու վերջին փուլին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը, որու ընթացքին ոգեկոչուե-ցան Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Այս փուլին Զէքիեան Գերապայծառ աղօթք արտասանեց անոնց հոգիներու հանգստութեան համար նաեւ շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կոչուած են Գրիգոր անունով։

Տեղւոյն թաղային խորհուրդը կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքեց ընդունելութիւն մը, որու բոլոր մասնակիցները առիթն ունեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցելու Զէքիեան Գերապայծառին հետ։ Ներկաները անկեղծօրէն շնորհաւորեցին նաեւ Ենալ Սուճուն։ Մասնակիցները ուրախութեամբ ականատես եղան, որ եկեղեցւոյ պարտէզէն ներս յառաջ կը տարուին վերանորոգումի աշխատանքներ։ Այս առթիւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին տեղւոյն թաղային խորհուրդին։

Զէքիեան Գերապայծառի այս կարգադրութիւնը ողջունուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան շրջանակներէն ներս՝ արդարեւ Ենալ Սուճու այնպիսի անձնաւորութիւն մըն է, որ կը վայելէ համատարած յարգանք ու սէր։ Այսպէսով Զէքիեան Գերապայծառի կողմէ վերջին շրջանին կատարուած մեծարանքներու շրթային վրայ ալ աւելցաւ նոր օղակ մը։

Շաբաթ, Յուլիս 8, 2017