ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՄԲ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ ԵՒ ՀՈԳԻԴ ՄԻ՛ ԱՂԱՒԱՂԵՐ
Օտարին ջրաղացին մէջ ջուր լեցնելու եւ այդ օտար ջրաղացէն յագենալու երեւոյթը հայուն «հաւատարմագրուած» սովորոյթն է դարձած։ Սակայն այդ ջուրէն օգտուող-զոհը երբեք գիտա՞կցած է եւ ինքնիրեն հարց տուա՞ծ է, թէ այդ «քաղցրահամ» ջուրը զուլա՞լ է, ո՞ւր է անոր ակնաղբիւրը եւ որո՞ւ կը ծառայէ։ Օտարին ջրաղացը միայն գերեվարելու եւ շահագործելու յատկութեամբ չէ՛ օժտուած, այլ ունի զանգուածային կուլ տալու մարմաջը՝ ինքնութիւն եւ գիտակցութիւն զէրոյացնելու, բարոյական արժէքները արմատախիլ ընելու, հայկականութենէ պարպելու, ընտանեկան սրբութիւններն ու աւանդութիւնները ոտնակոխելու եւ օտարութեամբ հմայելու հմտութիւնները…։
Օտար գետերու հարկատուները եւ մեր օտարումներու անվաղորդայն արդարացման ծառայողները այսօր հայրենի եւ սփիւռքեան մեր տարապայման կենսընթացին մէջ օտարամոլութեան մնայուն հրապարակախօսներն ու ինքնակոչ քարոզիչներն են դարձած։ Օտարաբաղձութիւնը որքա՛ն ալ ներկայակերտ ու խոստմնալից կը շեփորուի, իսկութեան մէջ տկարին յաղթահարումն է աւելի հզօրէն ու փոքրին ստրկացումը աւելի մեծէն, ինչպէս նաեւ մարդկայնականութեան աղաւաղումն է, արժէքին ընդհանրացումն է, արժանիքին մակերեսայնութիւնն է, սիրոյ հասարակացումն է, բարոյականին վատթարացումն է, ընտանիքին քայքայումն է ու հաւատքին պաղեցումն է, մարդելո՛յզ, աշխարհակործա՛ն ախտ է:
Այլ ազգերու հետ կնքուած խառն ամուսնութիւնները վերոթուարկեալ մարդախանձ երեւոյթներուն ծնունդն են, որոնք ողողած են նոր սերունդի ողջ էութիւնը եւ մտածելակերպը։ Սանձարձակ ազատութիւն մը տարածուած է ամէնուր։ Ազատութիւն մը, որ պարպուած է իր գեղեցիկ իմաստէն եւ դարձած անբարոյութեան հոմանիշ: Իսկ հայ ընտանիք հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր նուիրական ու սուրբ խորհուրդը՝ անկաշկանդ տրամադրութեամբ տեղ տալով խառն ամուսնութեան: «Ես ազատ եմ իմ կեանքը ապրելու այնպէս, ինչպէս որ կ՚ուզեմ։ Ազատ եմ իմ կեանքի ընկերը ընտրելուս մէջ»։ Այս է սկզբունքը նորօրեայ մեր երիտասարդութեան, պատանիի թէ պարմանին։ Օտարոտի անջրպետացա՛ծ երիտասարդութիւն…։
Ընտանիքներ լռելեայն իրաւունք տուած են իրենց զաւակներուն, աղջիկ ըլլան թէ մանչ, շուտով համակերպիլ իրենց շրջապատին հետ, որովհետեւ օտարը աւելի զարգացած ու հարուստ է, օտարին լեզուն աւելի «ազդեցիկ» է եւ ընձեռուած յարմարութիւնները՝ բազմաթիւ։ Այս իրողութեան կը հետեւի օտար դպրոցներու մէջ ուսում առնողներու պարագան, այս ալ՝ մանկապարտէզի տարիներէն սկսեալ՝ հայանուն ծնողներու արտօնութեամբ: Պատճա՞ռը. «Օտար դպրոցը աւելի առաջնային ու որակաւոր է, քան՝ հայկական դպրոցը։ Օտար դպրոցին մէջ չորս լեզու կը դասաւանդուի եւ հայ երախան աւելի գիտելիքներով կ՚ոգեզինուի…»։ Իսկ երբ ուսանելու պատրաստ երիտասարդները դէպի համալսարան կ՚ուղղուին, այստեղ նոյնպէս հայ երիտասարդը կամ երիտասարդուհին յանկարծ հոգեփոխութիւն մը կ՚ապրի, դիւրութիւն կ՚ունենայ ընկերային մտերմիկ յարաբերութիւններ ստեղծելու, օտարին հետ լուրջ կապերու մէջ մտնելու եւ ապա օտար ամուսնութիւն կնքելու։
Յաճախ տեսած ու լսած եմ, որ մեր մեծ մամիկներն ու պապիկները ի տես ամօթաբարոյ խառն ամուսնութիւններուն՝ կը վկայեն, թէ ժամանակին խառն ամուսնութիւններ երբեմն կը պատահէին շատ քիչ համեմատութեամբ եւ այդ երեւոյթը մատնանիշ կ՚ըլլար: Երբ այսպիսի եղելութիւն մը տեսնուէր, զարմանքով եւ քիչ մըն ալ արհամարհանքով կ՚ընկալուէր երեւոյթը: Ժողովուրդը չէր մոռնար, թէ այսինչ անձնաւորութիւնը, որ ազգային խմորի շաղուածք ունի, ամուսնացած է օտարի մը հետ…։ Իսկ մերօրեայ դարուն, խառն ամուսնութեանց արշաւը տարատեսակ, համաշխարհայնացնող մեր իսկ փափաքներով եւ ինքնամոռաց ու ազգամոռաց տրամադրութեամբ՝ մեր ներսիդին գտնուող հայ բջիջներն ու խոհականութիւնը ամբողջապէս վերացուցած եւ ոչնչացուցած է։ Այսօր նկատի չ՚առնուիր ոչ թէ սոսկ ազգութեան տեսակը, այլ մինչեւ իսկ՝ դաւանանքն ու կրօնքը: Միայն թէ ամուսնութիւնը կնքուի՝ փրկելու համար «տունը մնացած» աղջիկը եւ տարիքը անցած տղան։ Յետոյ, յետոյ ի՞նչ, խնամիական կապեր ու խզում, քիչ ետք՝ ամուսնալուծում, որովհետեւ վերջ գտած է հովուերգութիւնն ու կեղծ փայփայանքները:
Օտարամոլութիւնը հայ ընտանիքը առաջնորդած է դէպի քաղքենիացում, իսկ քաղքենիացումը՝ դէպի եւրոպականամիտութիւն եւ հայատեացութիւն։ Հայերէն չիմանալը կամ չգործածելը սկսած է զարգացած մարդ ըլլալու չափանիշ դառնալ: Ընտանիքներ մարդորսական նկատումներով դռները լայն բացած են օտարախօսութեան եւ օտարագրութեան առջեւ՝ մեղսակից դառնալով հայ ինքնութեան կորուստին: Հայ ծնողներ անապագայ սնապարծութեամբ կ՚ուրախանան՝ իրենց օտար շրջապատին ուզելով ցոյց տալ, որ լաւ համարկուած են, տեղացիէն աւելի լաւ կը խօսին իր լեզուն։ Համարկում չի նշանակեր նոյնացում, այլ կը նշանակէ՝ մշակուիլ այնպէս, որ կարելի դառնայ շրջապատի կեանքին մէջ ներգրաւուիլ, բայց նոյն ատեն՝ պահել իւրայատկութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, տարբերուելու գիտակցութիւնն ու զգացողութիւնը: Մինչդեռ նոյնացում կը նշանակէ վերջնական խզում հայութենէն: Օտարախօսութեամբ եւ օտարին համարկուելով՝ ընտանիքիդ հայատրոփ օճախը կը փոխարինես օտարափառ սովորութեանց ու կապկումներուն հետ եւ կ՚անգիտանաս, որ ուրիշին լեզուն, մշակոյթը գովաբանելով՝ դուն քեզ եւ ինքնութիւնդ դաւաճանած կ՚ըլլաս։
Կայ աւելի տխրալի երեւոյթ մը եւս, երբ երախայի դպրոց յաճախելու ժամանակը կու գայ, փոքր հարցերը կը սկսին կրակ առնել։ Երախան իրադրութենէն անտեղեակ ըլլալով՝ երկու անջրպետներու մէջ կը գտնուի։ Եթէ հայրը հայ է՝ կ՚ուզէ հայկական դպրոց ուղարկել զինք, իսկ մայրը՝ օտար դպրոց։ Կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ յաղթանակողը միշտ մայրը կ՚ըլլայ եւ այսպիսով մանուկը կը զրկուի հայ լեզուէն, հայ ըլլալու գիտակցութնէն, հայոց պատմութենէն…։ Նոյնիսկ տեսնուած է, որ նմանատիպ ընտանիքներ կ՚ուզեն երախայէն բնաջինջ ընել եւ արմատախլել հայ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ինչութիւնը։
ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ինչպէս բոլոր հայ ընտանիքներուն մէջ, նոյնպէս ալ խառն ամուսնութիւն կատարած ընտանիքներէն ներս պէտք է ունենայ իր ուղենշային եւ որոշադրիչ տեղը։ Կ՚ուզե՞ս ապագային ծունկերդ չծեծել, ուրեմն՝ պահ մը մտաբերէ եւ տարբերակէ, թէ ի՞նչ է օտար մշակոյթը եւ ի՞նչ են հայ մշակոյթը, հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայ լեզուն։ Լեզուն բառերու կուտակում մը չէ, նախադասութիւններու շարադասութիւն մը չէ։ Ժողովուրդի մը ներքին «դաշտանկարին» արտաքնացած համապատկերն է լեզուն, արիւնը ալեկոծող շարժում է, հոգին զուարթացնող ձայն է եւ սիրտը աշխուժացնող գոյն է։ Զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր բառ պատմութիւն մը ունի եւ առանձին նշանակութիւն մը։ Բառ մը բառ կը դառնայ իր ինքնուրոյն պատկերովը, կ՚արժեւորուի իր հնչական արժէքով, կը ճոխանայ իր կազմութեան օրէնքներով եւ ամբողջական իմաստի մը կը հասնի պատմութենէն առած իր ուժով, պատմութեան բերած իր երանգով։ Քու ժողովուրդիդ սպառնացող բոլոր փորձութիւններուն դէմ ծածանող առաջին դրօշակը լեզո՛ւն եղած է երէկ, այսօր ու վաղը ուրիշ ոչ մէկ ուժ կրնայ փոխարինել զայն։ Ամենէն առաջ լեզուն։ Առանց անոր մնացեալը պատրանք կրնայ ըլլալ, աւելորդ փաստաբանութիւն, նահանջող հոգիներու ինքնարդարացում։
Այլասերիչ բարքերուն խնկարկուն հանդիսացող նորաւանդ ըմբռնումներն ու օտար ընկալումները հայաբոյր ընտանեկան մթնոլորտը ապականելու վճռակամութեամբ՝ կը սրսկեն իրենց մահաբեր թոյնը ի խնդիր ընտանեկան սրբութեան քայքայման։ Կենցաղային պատկերներ բարոյազուրկ խորքով եւ հմայեցնող ուժգնութեամբ, հաճոյապաշտութեան անձնատուր ըլլալու կը մղեն՝ բազմապիսի հնարքներ ի գործ դնելով ու հայ ընտանիքը հիմնապէս անճիտելով։ Հոս կը կայանայ հայեցի դաստիարակութեան դերակատարութիւնը, որ հիմնական գործօն մըն է գիտակից եւ անզիջող կեցուածքին, որուն շնորհիւ կարելի է դիմագրաւել ներկայ ժամանակուան մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։ Օտար ամուսնութեամբ ո՛չ միայն կ՚օտարանաս եւ ամեհի ափեր կը տեղափոխես կեանքդ, այլեւ հայրերէդ եկող արմատներդ կը չորցնես, զաւակներուդ արիւնը օտարաթաթախ արեամբ կը խառնես՝ օտարութեան ճահիճին մէջ զանոնք ընդմիշտ կորուստի մատնելով։ Գիտոսիկ-սոփեստ աճպարարութիւններու խաղին մէջ երբեք մի՛ իյնար։
Մակերեսային եւ կարգախօսային արտայայտութիւններով օրօրուելով՝ կարելի չէ երիտասարդը զգօն եւ հեռու պահել նմանատիպ «ախտաւորուած» երեւոյթներէ։ Մանկավարժներ, հոգեբաններ եւ եկեղեցւոյ հայրեր խորհուրդ կու տան երախայի դաստիարակութեան սկսիլ հնարաւորինս կանուխ՝ մայրական կաթին հետ անոր անժամանացելի արժեհամակարգ փոխանցելով, որուն վրայ կը կառուցուի անոր յետագայ ամբողջ կեանքը: Այստեղ կ՚արժեւորուի ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ դերն ու այժմէականութիւնը։ Զուր տեղ չէ, որ Հայ Եկեղեցին երախան կը մկրտէ փոքր տարիքէն՝ յենուելով հինկտակարանեան օրէնքին վրայ։ Երախադ մանուկ հասակէն Աստուծոյ շնորհքին ու առաջնորդութեան յանձնելով, եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ եւ սրբազան հայրերու մաքրա-զըտած հոգեւոր անաղարտ կաթով զինք դաստիարակելով՝ անոր մէջ դրոշմած կ՚ըլլաս ճշմարտախօսութեան, բարութեան, անձնազոհութեան, աշխարհիկ մոլուցքներէ ձերբազատման, եղբայրասիրութեան, ընկերասիրութեան, բարիին նախանձախնդիր ըլլալու եւ արդարամտութեան առաքինազարդ գաղափարները։
Քրիստոնէական եւ բարոյական արժէքներու սերմանման լաւագոյն ճանապարհը ընտանիքի ներքին կեանքն է։ Շատ յաճախ զոյգեր կը մտածեն, որ իրենց զաւակը տակաւին փոքր է չարը՝ բարիէն, սուտն ու կեղծիքը՝ ճշմարտութենէն զանազանելու համար։ Այսպէս վարուելով՝ մէկ կողմէ երախային կ՚արգիլուի ստել, քծնիլ, գողնալ, ամէն ինչի մէջ շահ հետապըն-դել…. բայց միւս կողմէ՝ երախան սեփական աչքերով ականատես կը դառնայ իր ծնողներու սխալ արարքներուն եւ ապաբարոյ ապրելաձեւին։ Ծնողքը զաւակի համար կատարելատիպ է, իտէալ, որուն երախան կը ձգտի հասնիլ ու նմանիլ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Ուստի, ծնողքը պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ վատ օրինակ պէտք չէ դառնայ, նամանաւանդ երբ կ՚ուզէ իր զաւակը դաստիարակել բարոյական հիմունքներով եւ քրիստոնէական արժէքներով։ Աստուծոյ խօսքը ընթերցելու անկարող մանուկը իր ծնողքին նայելով՝ աստուածատուր խօսքին կը ծանօթանայ եւ զայն կը գործադրէ իր ողջ կեանքի ընթացքին:
Զուիցերացի մանկավարժ Ճոհան Հենրիխ Բէսթալոցցին մանուկի դաստիարակութեան մասին խօսելով, կը թելադրէ անոր մէջ ճանչնալ բնական զարգացման եղանակը եւ ըստ այնմ դաստիարակել զինք։ Բէսթալոցցի իր տեսակէտը հասկնալի դարձնելու նպատակով՝ ցանկացած դաստիարակութիւն կը բաղդատէ վարդի թուփի հետ։ Ըստ անոր, աճման բոլոր կարելիութիւնները վարդի թուփի մէջ կը գտնուի։ Եթէ մէկը վարդի թուփը կաղնիի ծառի վերածել ուզէ, կ՚ապականէ զայն եւ բնականաբար կը ձախողի։ Պէտք է միշտ նկատի ունենալ, որ վարդի թուփը խնամքի կարօտն ունի։ Հետեւաբար, վարդի թուփը մեծցնելը կ՚ենթադրէ երկու տեսակի ձեւեր. առաջինը՝ ունենալ վարդ արտադրող բոյս, իսկ երկրորդը՝ գիտնալ խնամել զանիկա։ Գիտակից ծնողքը նախ պէտք է կարենայ Աստուծոյ պատուիրանները լիովին ընկալել, կեանքի կոչել եւ ապա զայն տեսութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ իր ապրուած կեանքով իր զաւկին փոխանցել։
Խառն ամուսնութեան պտուղը հանդիսացող մանուկը (մանաւանդ եթէ այդ ամուսնութիւնը կնքուած է այլ կրօնքի ներկայացուցիչի մը հետ), դժբախտաբար հեռու կը մնայ քրիստոնէական ուսուցումներէ եւ բարոյական արժէքներէ։ Բացառութիւնները յարգելի են։ Եթէ մօր կողմը հայ է եւ միւս կողմը՝ այլազգ, այդ պարագային երախան ստիպուած կ՚ըլլայ կա՛մ հօրը կրօնքի ուսուցումներով հասակ առնելու եւ անոր լեզուն խօսելու, եւ կամ իր մօրը ստացած դաստիարակութեամբ մեծնալու, մկրտուելու եւ հայկական վարժարան յաճախելու։ Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առ 22.6)։ Առանց քրիստոնէական ճշմարիտ դաստիարակութեան, երախայիդ ներքին հոգեւոր կեանքը մեղքով կը մթագնի եւ անօրէնութեամբ կը պարուրուի։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մարդ անհատի բարեպաշտական ապրելակերպին առանցքը կը կազմէ։ Առանց անոր վճռորոշ ներգործութեան, մարդակերտումը կը պարպուի իր ուժականութենէն՝ վերածուելով ձեւապաշտական աւանդոյթի։ Առանց բարոյական արժէքներու լուսաշող հունտերուն, երիտասարդը առողջ ըմբռնումներու փոխարէն՝ կորստաբեր մտայնութիւն կ՚ունենայ եւ մահաբեր ցանկութիւններով՝ իր կեանքը կը լիացնէ ցոփապաշտութեամբ ու հաճոյակատարութեամբ։
Շահանդուխտ կ՚ըսէ. «Եկէք՝ ճշդենք այս մութ հարցը: Չըսենք՝ մարդը մարդ է, որ համաշխարհային ապրելաձեւի բնոյթ ունի, բայց ամէն հայ՝ հայ չէ, ընդունեցէք այս: Քիչ է մեր թիւը, մի՛ պակսեցնէք, մի՛ նուազեցնէք «պնակ մը ոսպապուրի» կամ քանի մը տոլարի փոխարէն: Մեր զաւակները դաստիարակենք հայաշունչ մթնոլորտի մէջ, սթափեցնենք այդ միւս հայը, որ արթննայ եւ դադրեցնէ հայասպանութեան, ազգասպանութեան ոճիրը»։
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր խառն ամուսնութիւնները, ուզենք կամ չուզենք, մեր սփիւռքեան իրականութեան մաս կը կազմեն, քիչ մը ամէն տեղ, երբեմն առաւել, երբեմն նուազ համեմատութեամբ։ Ի՞նչ կրնաս ընել, հաշտուի՞լ կացութեան հետ, կարեւորութիւն չտա՞լ եղածին, մերժե՞լ իրողութիւնը։ Երբեք մի՛ արհամարհեր հայկական արժէքներդ, ունեցածդ, ազգայինդ, դուռ մի՛ բանար օտարամոլութեան եւ խառն ամուսնութեան, որպէսզի մօտիկ ապագային չողբաս եւ ծունկերդ չծեծես։ Խառն ամուսնութեամբդ երախադ գունաւոր դէմքով ու խորթ լեզուով օտարածին «մայրերու» գիրկը մի՛ նետեր, որովհետեւ երբ այդ օտար գիրկէն վար իջնէ՝ օտարին ճամբան կը բռնէ:
Աւետիս Ահարոնեան երբ բեմի մը վրայ կը խօսէր տօնակատարութեան մը ընթացքին, վերջնականապէս լռելէ անմիջապէս առաջ, ըսած է. «Մեր մշակոյթի մէջ արեւը տարբեր է: Մեր բառերն արեւահամ են մեր ժողովրդի բերնում, արեւը հոտ էլ ունի: Երբ հայ տանտիկինը հագուստներ է փռում չորացնելու, ասում է՝ արեւի հոտ ունի»: Նոյն բառերով գրած է նաեւ Եղիշէ Չարենց. «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բարն եմ սիրում»։ Կ՚արտասանենք, կը ծափահարենք, բայց այդ «արեւահամ»ը կը փոխարինենք մուրացածոյ արեւներու համով: Նախքան ամուսնանալդ, միայն զգացումով մի՛ շարժիր, այլեւ՝ մտքով կշռութաւորէ իւրաքանչիւր քայլափոխդ ու որոշումդ։ Հայկական արեւդ միշտ հայ ընտանիքովդ թող շողայ…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ