ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔԻՇՆԵՒ ԵՒ ՎԻԵՆՆԱ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Քիշնեւ՝ մասնակցելու համար Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ հանդիպման։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան վաղն ալ պիտի մեկնի Վիեննա՝ մասնակցելու համար ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հանդիպման։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, հաւանական է, որ Վիեննայի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան տեսակցի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Միջոցէ մը ի վեր երկու նախարարներուն հանդիպումը կը համարուի հաւանական՝ մանաւանդ, որ վերջին շրջանին լարուածութիւնը զգալիօրէն աճած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017