ԹԱՐԱՊԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ, որ Համաշխարհային 22-րդ նաւթի համաժողովին առթիւ այցելեց Իսթանպուլ։ Թարապիոյ «Հուպէր» ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ զուգադիպեցաւ Իրաքի բանակին կողմէ Մուսուլի՝ ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ազատագրումին։ Թիլըրսըն տեսակցեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ նոյն համաժողովին մասնակցելու համար եկած է Իսթանպուլ։ «Ռիա Նովոստի» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այլ հարցերու շարքին երկու նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Էրտողան հերթական անգամ աջակցութիւն յայտնած է Պաքուին՝ շեշտելով, որ խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2017