ՉԻԼԻԷՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԱՐՕՏ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ ՏՈՒՆ Է»
Նելսոն Փալոյեանը ծնած է Սանթիակօ, Չիլի: Ան երկրաչափ է եւ մասնագիտացած՝ համակարգիչներու մէջ: Ան մեծ եղեռնէն ճողոպրած երրորդ սերունդի հայ է: Կը խօսի եւ կը կարդայ հայերէն եւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն՝ իր հայ ծնողքէն: Նելսոն իր մասնագիտութեան կողքին նաեւ հետեւած է երաժշտութեան եւ այսօր իր կարեւոր բաժինը կը բերէ Սանթիակոյի հայկական մշակութային կեանքին մէջ: Կազմած է երգչախումբ մը՝ հայկական գաղութին անդամներէն, բոլորն ալ՝ սիրողական եւ կոչած է զայն՝ «Ծիծեռնակ», եւ թերեւս կը փորձէ ծիծեռնակին շինած բոյնին նման՝ հեռաւոր Սանթիակոյի մէջ շինել իր հայկական բոյնը:
Բայց Նելսոն «հարստացուցած» է իր կեանքը, եւ այս հարստութիւնը անպայմանօրէն նիւթական չէ: Ան կոչում զգացած է պայմանաւորուիլ Երեւանի Ամերիկեան համալսարանին հետ եւ տարին քանի մը անգամ կը մեկնի Հայաստան՝ դասախօսելու: Եւ ինչպէս ինք ըսաւ, «Երբ որ Հայաստան սկսայ երթալ, աւելի լաւ սորվեցայ հայերէն, հիմա ինծի համար աւելի դիւրին է արեւելահայերէն խօսիլը»:
10 Յունիս 2017: Նելսոն բարի գտնուեցաւ՝ իր տան մէջ հիւրընկալելու զիս, երբ աշխատանքային այցելութեամբ դարձեալ կը գտնուէի Սանթիակօ: Բայց կար նաեւ աւելին: Ան նաեւ հրաւիրած էր իր «Ծիծեռնակ» երգչախումբին կարգ մը անդամ-ները, որոնք վերջերս Հայաստան այցելած էին եւ վերադարձած՝ մեծ ոգեւորութեամբ: Եթէ մէկ կողմէ պիտի վայելէի Սանթիակոյի «Ծիծեռնակ»ի անդամները, բայց նաեւ՝ անոնց հայրենի կարօտի վկայութիւնները…
Հեռաւոր Սանթիակոյի մէջ հայկական այս փոքրիկ «բոյնը» կը դիտէի: «Լման» հայ՝ հայ ծնողներուն ժառանգութիւնը, «կէս» հայ՝ խառնածին ամուսնութիւններու արդիւնք, եւ տակաւին՝ «քառո՞րդ»: Խառն ամուսնութիւններու յաջորդականութի՞ւն: Իսկ այս բոլորը հետեւանքն են հայոց արհաւիրքին, որուն պատճառով հայը տեղահան եղաւ իր բնօրրանէն եւ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Այս բոլորին վկայութիւնը Նելսոնին մեծ ծնողներն են, որոնց նկարները իր տան հիւրասենեակի պատին վրայ զետեղուած՝ կը խօսին այդ ապրուած կեանքին մասին, անոնք մեծ եղեռնէն ճողոպրած՝ հասած էին Սանթիակօ:
«Մեծ եղեռնը իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է, ի՛մ պատմութիւնն է: Իմ ժողովուրդիս պատմութիւնն է». Նելսոնն է խօսողը: «Ասիկա շատ անձնական բան մըն է ինծի համար», շարունակեց ան:
Նելսոն ամուսնացած է Անտրէի հետ, որ տեղացի է: Ունին երկու զաւակներ՝ Մարալ եւ Գէորգ: Անտրէի համար յստակ էր հայկականութեան կարեւորութիւնը, երբ ամուսնացած էր Նելսոնին հետ: «Հայկական ընտանիքի մէջ մտած էի եւ հիմա անոր մէկ անդամն եմ», ըսաւ ան: Անտրէ Նելսոնին հետ քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան, ապրած է հայրենիքի գեղեցկութիւնը եւ ջերմութիւնը: «Փարիզը գեղեցիկ է, բայց Երեւանը աւելի դիւր կու գայ ինծի», ըսաւ ան:
Էմիլիա Ալմարզա Նազար՝ հայրը, տեղացի է, իսկ մայրը՝ հայ: Այսպէս ըսած ան՝ «կէս» հայ է, բայց Հայաստանէն վերադարձին ան արդէն «լման» հայն է եւ աւելին: «Առաջին իսկ օրէն զգացի, որ Հայաստանի հողը զիս գրկեց», ըսաւ Էմիլիան: Ան շատ բան ունէր պատմելու եւ կը փորձէր չմոռնալ իր ըսելիքները: «Շատ հպարտ զգացի, որ հայ էի, երբ Հայաստան կը գտնուէի», ըսաւ Էմիլիան: «Ուզեցի Հայաստանէն ամէն ինչ հետս բերել»: Էմիլիան հեւքի մը մէջ էր՝ հայրենիքին եւ անոր ջերմութեան հեւքը: «Ո՛չ միայն արիւնը կը կապէ եղեր, բայց նաեւ՝ հողը: Եւ զգացի հողին զօրութիւնը»:
Էմիլիան սկսած էր հայերէն սորվիլ եւ Հայաստանէն վերադարձին՝որոշած է աւելիով զարկ տալ հայերէն սորվելու: «Կ՚ուզեմ երթալ եւ Հայաստան ապրիլ», ըսաւ ան:
Էմիլիային աչքերուն մէջ ակներեւ էր հայուն՝ իր վերագտած հպարտութիւնը: «Երբ մէկը ինծի հարցնէ այսօր, թէ ուրկէ՞ ես, կ՚ըսեմ իրենց՝ Չիլիէն, բայց հայ եմ»: Ան այսօր հայը եւ Հայաստանը կ՚ապրի Սանթիակոյի մէջ: «Երբ Սանթիակոյի լեռներուն կը նայիմ, Արարատը կը տեսնեմ»:
Մարիա Թերեզան Էմիլիային քոյրն է: Առաջին անգամ էր, որ Հայաստան կ՚այցելէր: «Զգացի, որ շուրջս ամէն մարդ հայ էր, եւ շատ արագ բոլոր հայերը իմ ընտանիքս դարձան»: Մարիան կը փորձէր ներկայացնել իր ապրած հայրենի հողին ջերմութիւնը: «Բայց նաեւ զգացի, որ ես շատ աւելի հայ էի, քան ինչ որ կը կարծէի»:
Շաքէ Զիքիի ծնողքը Պոլիսէն հաստատուած են Սանթիակօ: Ան ծնած է Չիլի: Քիչ-քիչ կը խօսի հայերէն: «Շատ զգացական էր Հայաստանը: Զգացի, որ ես Հայաստանն եմ, եւ թէ՝ ես հայ եմ», ըսաւ Շաքէն: «Գեղեցիկ է Երեւանը եւ չունի բարդութիւններ: Արուեստը եւ երաժշտութիւնը զիս շատ կապեցին քաղաքին եւ շատ անգամ լացի…»: Եւ չուշացաւ Շաքէին վճռակամութիւնը: «Պէտք է աւելի շատ բան սորվիմ մեր՝ հայոց պատմութեան մասին»:
Խումբին մէջ էին Վիսենթէն, Քրիսթոպալը եւ Մարթինը: Երեք երիտասարդներ, այսպէս ըսած՝ «քառորդ» հայեր, որոնք այցելած էին Հայաստան: Երեքն ալ՝ համալսարանական ուսանողներ, բայց նաեւ երաժշտասէրներ եւ «Ծիծեռնակ»ի խումբի անդամ՝ իբրեւ երգող ու նուագող: Երեքն ալ այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ թանգարանը:
«Ծիծեռնակաբերդի մէջ ապրեցայ արհաւիրքին ահաւորութիւնը», Քրիսթոպալն է խօսողը: Ան հետը տարած է ծառի հունտ եւ ցանած է Հայաստանի մէջ: «Վերապրելու եւ նոր կեանքի նշան է», ըսաւ ան:
Վիսենթէն կրցած էր զգալ այն, որ լսած է իր մեծ-մեծ մօր տեղահանութեան կեանքի պատմութեան մասին: «Ծիծեռնակաբերդի թանգարանին մէջ մանուկներու նկարները տեսնելով՝ կրցայ ապրիլ իմ մեծ-մեծ մօրս դժբախտ կեանքը», ըսաւ ան:
Մարթինին համար Հայաստանի «տուֆ» քարերը ինքնութեան նշան դարձած էր: «Զգացի, թէ այն արիւնը, որ հայկական է իմ մէջս, որ ինչքան կապեց զիս Հայաստանին»: Բայց Մարթին տակաւին ունէր պատմելիք: «Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեսայ մէկ կողմէ ցաւը, բայց միւս կողմէ՝ հայուն կեանքին զգայնութիւնները: Ցաւը եւ զգայնութիւնները իրարու միացած են հայու կեանքին մէջ», ըսաւ ան:
Տղաքը Հայաստանէն իրենց հետ բերած էին շուի, տուտուկ եւ թմբուկ: Անոնք նուագեցին Խաչատուրեանէն մէկ յօրինում ու նաեւ՝ քոչարի: Եւ նուագէն ետք ինծի նայելով՝ ըսին. «Միայն նուագարան չբերինք մեզի հետ, այլ նաեւ Հայաստանէն մաս մը մեր սրտերուն մէջ դնելով՝ մեզի հետ բերինք»:
Ու դարձեալ Նելսոնն է: Կը խօսի, թէ ինչո՛ւ որոշած է ստանձնել Երեւանի մէջ իր մասնագիտութեան առընչութեամբ իր կատարած գործունէութիւնները: «Կը սիրեմ Հայաստանը: Այն, ինչ որ կ՚ընեմ, ազգային պարտականութիւն է: Հայաստանը ինծի համար տուն է»:
Պէտք էր մեկնէի: Կարելի էր տակաւին շատ երկար խօսիլ: Նելսոնը ուզեց, որ երգչախումբին իր սորվեցուցած «Հայր Մեր»ով բաժնուէինք: Անոնք երգեցին «Հայր Մեր»ը՝ հայերէնով. աղօթք եւ օրհնութիւն: Կրցայ տեսնել, թէ ինչպէս Նելսոն հայ երգի միջոցով կը փորձէր հայկական «բոյներ»՝ իմա «տուներ» շինել Սանթիակոյի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ:
Նելսոն դարձեալ ինծի նայեցաւ: Ան դրական եւ իրապաշտ հայ է: «Եթէ հայկական զգացումը եւ ինքնութիւնը զօրաւոր պահենք, այդ մէկը պիտի քաջալերէ, որ հայեր հայերէն սորվին: Եթէ Չիլիի մէջ հայերէն խօսող գաղութ պիտի չունենանք, բայց պիտի ունենանք հայ զօրաւոր գաղութ», ըսաւ ան: «Եւ այս զօրութիւնը Հայաստանէն պիտի առնենք»:
«Հայաստանը ինծի համար տուն է»: Նելսոնին տունը, բայց նաեւ՝ իւրաքանչիւր հայունը: Եւ Սանթիակոյի հայերը գացին իրենց «տունը» եւ վերադարձան աւելի «զօրաւոր»: «Զօրաւոր հայեր»:
Եւ սփիւռքի մեր ներկայ օրերու հայկական իրականութեան այս մեծ խճանկարին մէջ հայը ունի մէկ մեծ առաքելութիւն-պարտականութին՝ հայը զօրաւոր պահել:
Եթէ իւրաքանչիւնր սփիւռքահայ գաղութ ունի իր տուեալները, անոնցմէ բխող եւ ստեղծուած իրավիճակները՝ իր յառաջխաղացներով թէ բացթողումներով, բայց բոլորն ալ ունին մէկ հասարակաց մարտահրաւէր մը՝ հայը զօրաւոր պահել:
Զօրաւոր, որպէսզի հայը ապրի եւ ապրեցնէ:
Զօրաւոր, որպէսզի հայը յիշէ եւ պահանջէ:
Զօրաւոր, որպէսզի հայուն պատմութիւնը շարունակուի հորիզոնէն անդին:
Եւ հայը իր այս «զօրութիւնը» պիտի առնէ իր «տունէն»:
Եւ «տունը» Հայաստանն է…:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ