ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԵՐԷԿ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ ժողովէն անմիջապէս առաջ։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը։ Զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։

Հանդիպումէն վերջ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ մասնաւոր օրակարգ մը չունէր այս տեսակցութիւնը, պարզապէս տեղապահ սրբազան հայրը փափաքած էր կարգ մը նիւթերու շուրջ խորհրդակցիլ իր հետ։ «Ես բաժնեցի իմ համեստ տեսակէտներս, յաջողութիւն մաղթեցի Նորին Սրբազնութեան ու կրկնեցի, որ իմ ուժերու ներած չափով պիտի աջակցիմ անոր գործունէութեան», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։ 

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Պատրիարքարանի քոթայէն նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ ընդգրկած էր Պետրոս Շիրինօղլուն, սակայն հակառակ այդ նշանակումին ան հրաժարած էր այդ պաշտօնէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017