ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս գործնական քայլերը իրարու կը յաջորդեն։ Մինչ նախապատրաստական աշխատանքները թափ ստացած են լրջօրէն, զուգահեռաբար կը բիւրեղանան նաեւ յառաջիկայ շրջանի աշխատանքին հիմնական առանցքները։
Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմինը Գումգաբուի մէջ գումարեց իր անդրանիկ ժողովը։ Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց նիստին, որու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ դիւանը։ Այսպէս, նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ ընտրուեցաւ Սարգիս Քիւլէկէչ, փոխ-ատենապետը եղաւ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Այս երկու անունները պիտի գլխաւորեն հետագայ ծաւալուն աշխատանքը, որու վերջնական նպատակը պիտի ըլլայ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը օժտել ազգընտիր նոր գահակալով մը, ընտրել՝ հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յաջորդը։ Դիւանի ատենադպիրները եղան Խաչիկ Ճանէլ եւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Գանձապետ ընտրուեցաւ Սարվէն Սէրթշիմշէք, իսկ մամլոյ բանբեր դարձաւ իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ։ Թէեւ ընտրուած անդամներ չեն, սակայն նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստին մասնակցեցան նաեւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Անդրանիկ նիստին մասնակցեցան նախաձեռնարկ մարմնի անցեալ շաբթուան մէջ ընտրուած գրեթէ բոլոր լիիրաւ անդամները։ Բացի դիւանին մաս կազմած վերոյիշեալ անուններէն, անոնք էին՝ Թորոս Աբիկ, Թադէոս Պէպէք, իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, Սարգիս Չավուշեան, Սեւան Չավուշեան, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Վարուժան Պուլկան, Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Թամար Քարասու։ Անցեալ շաբթուան համայնքային խորհրդակցութեան ժամանակ նախաձեռնարկ մարմնի անդամ ընտրուած Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան չմասնակցեցաւ երէկուան նիստին։ Ան նախաձեռնարկ մարմնի անդամ նշանակուած էր Պատրիարքարանի քոթայէն։
Անդրանիկ նիստի սկիզբին ժողովականները միասնաբար արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։ Աւելի վերջ տեղապահ սրբազան հայրը արտասանեց աղօթք մը եւս, ժողովականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն եւ դիւանին անուանացանկը շուտով պաշտօնապէս կը ներկայացուի Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ որդեգրուած է սկզբունք մը, որով կուսակալութեան իրազեկումէն վերջ պիտի հրապարակուի նախաձեռնարկ մարմնի անդրանիկ նիստին վերաբերեալ զեկոյցը։ Ուստի, այսօրուան հաղորդումները կը կատարուին անպաշտօն լսումներու հիման վրայ։ Աշխատանքներու անմիջապէս սկիզբին նախաձեռնարկ մարմինը նկատի առած է մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման հարցը։ Սոյն խնդիրներու քննարկման եւ անոնց լուծման հեռանկարներու ուրուագծման համար յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի բազմակողմանի աշխատանք։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, նախաձեռնարկ մարմնի իւրաքանչիւր կամ քանի մը անդամի առաջնորդութեամբ այս աշխատանքին պիտի ընդգրկուին նաեւ այլ կամաւորներ՝ ընտրողներու ցուցակներու այժմէակացման ու կատարելագործման աշխատանքը աւելի լայնախարիսխ ձեւով յառաջ տանելու մտադրութեամբ։ Ծանօթ է, որ ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ տեղական ընտրական մարմիններ ալ կը կազմուին պատրիարքական ընտրութենէն առաջ։ Երէկուան անդրանիկ նիստին ընթացքին ժողովականները սկզբնական խորհրդակցութիւն մըն ալ կատարած են այժմու կանխատեսումներու լոյսին տակ, թէ ինչպիսի ժամանակացոյցով մը կարելի կրնայ ըլլալ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը ի կատար ածել։
Գործընթացի ներկայ փուլի տրամաբանութիւնը պատկերաւոր ձեւով հետեւեալն է. Պատրիարքական Աթոռը Իսթանպուլի կուսակալութիւնը տեղեակ պահած է՝ տեղապահի մը ընտրուած ըլլալուն մասին։ Այժմ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, իր հերթին, պատկան իշխանութիւնները տեղեակ կը պահէ՝ նախաձեռնարկ մարմնի մը ընտրուած ըլլալուն շուրջ։ Ներկայ փուլի իրազեկումը կը կատարուի Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ նախաձեռնարկ մարմնի դիւանի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչի ստորագրութեամբ։ Յաջորդ փուլին, այս իրազեկումներէն վերջ, արդէն պատրիարքական ընտրութեան համար թոյլտուութիւն պիտի պահանջուի պաշտօնապէս։
Ըստ Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակներէն մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, պատրիարքական ընտրութեան համար պաշտօնական մարմիններուն պիտի առաջարկուին քանի մը թուականներ։ Կանխաւ կարգ մը այլընտրանքներ պիտի ճշդուին՝ առ ի զգուշութիւն։ Արդարեւ, պետական մարմիններէն հիմնական ակնկալութիւնը պիտի ըլլայ ընտրութեան անվտանգութեան երաշխաւորուիլը։ Հետեւաբար, եթէ այլընտրանքային թուականներ ճշդուին, ապա այդ ճկունութեան շնորհիւ անվտանգութեան մարմիններն ալ հնարաւորութիւն պիտի ունենան աւելի դիւրին կողմնորոշուելու։ Յամենայնդէպս, նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան անդրանիկ նիստի ընթացքին որեւէ ստոյգ որոշում չէ առնուած։ Թէեւ սկզբնական քննարկումներ ծաւալուած են ժողովականներուն կողմէ, սակայն տակաւին այդ այլընտրանքային թուականները չեն յստակեցուած։ Ակնյայտ է, որ նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է որոշ չափով հասուննան՝ որպէսզի այդ բոլորը մտնեն յստակութեան հունի մը մէջ։
Միւս կողմէ, յառաջիկայ շաբթուան երկրորդ կէսին, 20 Յուլիս 2017, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ կը նախատեսուի կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ միշտ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ։ Այսպէս, նախաձեռնարկ մարմնի անդամները պիտի մէկտեղուին մեր համայնքային կառոյցներու ատենապետներուն կամ մատակարար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս խորհրդակցութեան ալ նպատակն է արծարծել՝ ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման հարցը։ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի դիմէ մեր համայնքային կառոյցներու ղեկավարութեանց աջակցութեան, պիտի ընդգծէ համագործակցութեան ակնկալութիւնը, պիտի բացատրէ այս գործին կարեւոր նշանակութիւնը եւ ի վերջոյ պիտի ներկայացնէ իր կողմէ նախատեսուած աշխատանքային եզրերը։