ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս շաբաթավերջին պաշտօնապէս պիտի բանայ նոր եղանակը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Երէկ, պաշտօնական բացման ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կազդուրման կայանէն պատասխանատուներ, որոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս տարուան կացութեան շուրջ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, այս տարի տնօրէնի պատասխանատուութիւնը ստանձնած Լիզա Չոլաքօղլու եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կազմէն Բարսեղ Ճանճիկեան։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին, որ 2017 թուականի ամրան համար կատարելագործուած են Կազդուրման կայանի ֆիզիքական պայմանները։ Սա ամէն տարի կը կատարուի անհրաժեշտօրէն եւ այս տարի ալ Կազդուրման կայանը ունի մաքուր ու ներկայանալի տեսք մը եւ ֆիզիքական նուազագոյն հնարաւորութիւնները ստեղծուած են տղոց համար։ Այժմու կանխատեսումներով, ներկայ ամրան ամիսներուն Կազդուրման կայանի համալիրէն ներս շուրջ 300 պատանիներ պիտի հիւրընկալուին։ Պատասխանատուները այս ամրան համար մշակած են ճոխ ծրագիր մը՝ որպէսզի աշակերտները հանգստանալու զուգահեռ ունենան այլընտրանքներ՝ մտաւոր, ստեղծագործական աշխատանքի եւ հաճելի ժամանցի համար։ Պատասխանատուները ընդգծեցին, որ հետամուտ եղած են ծրագրերու բազմազանութեան։

Լիզա Չոլաքօղլու, որ այս տարի ստանձնած է տնօրէնի պաշտօնը, անծանօթ մը չէ Կազդուրման կայանի առօրեային։ Արդարեւ, ան անցեալի մէջ նախ ամրան արձակուրդը անցուցած է այնտեղ, իսկ աւելի վերջ ալ պատասխանատուութիւն ստանձնած է որպէս հսկիչ։ Լիզա Չոլաքօղլու ներկայիս կը պաշտօնավարէ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ եւ ամրան շրջանին ալ կոչուած է նման կարեւոր առաքելութեան։ Ան կը վայելէ Կազդուրման կայանի ղեկավարութեան վստահութիւնն ու աջակցութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ համալսարանական տարիներուն ան ուսանած է աստղագիտութիւն՝ այս տարի ամրան հաճելի անկնկալ մը կը նախատեսէ Կազդուրման կայանի տղոց համար։ Այսպէս, տնօրէնուհին պիտի կազմակերպէ, որպէսզի կայանի տղաքը երկինքն ու աստղերը դիտարկեն մասնաւոր սարքերով։ Այս նպատակով Կազդուրման կայան պիտի տարուին անհրաժեշտ հեռադիտակները։

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Կազդուրման կայանի պատասխանատուները կ՚ակնկալեն մեր համայնքին ու մանաւանդ կղզեբնակ մեր ժողովուրդի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Սա ունի թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական երեսակ։ Կղզիի վրայ մեր ժողովուրդին կողմէ Կազդուրման կայանի սաներուն նկատմամբ վաղուց ցուցաբերուած ջերմութիւնը տարրական բաղադրիչներէն մին է այս հաստատութեան արձանագրած յաջողութեան։ Բաց աստի, անշուշտ, Կազդուրման կայանը ունի նաեւ նիւթական կարիքներ։ Առանց մեր համայնքի զօրակցութեան, այս հաստատութիւնը դժուար թէ կարենայ լիարժէք ձեւով արդարացնել իր գոյութիւնը։ Թէ՛ հոգեճաշերը եւ թէ նուիրատուութիւնները այս տարի եւս կայանի պատասխանատուներու հաշուարկներուն մէջ ունին կարեւոր դեր։ Երէկուան զրոյցին ընթացքին հիւրերը վստահութիւն յայտնեցին, որ յառաջիկայ եղանակին եւս մեր ժողովուրդի զգայնութեան շնորհիւ Կազդուրման կայանը կը բոլորէ յաջող տարեշրջան մը եւս։

Ամառը թէեւ դպրոցական արձակուրդի շրջան մըն է, բայց դադարի այդ շաբաթներուն մեր կրթական կեանքի սիրտը կը տրոփէ Գնալըի բարձունքին, ուր կը համախմբուին մեր համայնքային բոլոր վարժարաններէն աշակերտներ։ Սա տարուան մնացեալ ամիսներու ընթացիկ ուսումնառութեան շարունակութիւնն է եւ տասնամեակներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ նուազ կարեւոր չէ միւսէն։ Կազդուրման կայանի պատասխանատուներն ալ կ՚առաջնորդուին այս գիտակցութեամբ եւ կը փորձեն առաւելագոյնը մատուցել աշակերտներուն համար, որոնք կը պատկանին մեր համայնքի համեստ խաւերուն։

Միւս կողմէ, Կազդուրման կայանի եղանակի բացման պաշտօնական արարողութեան հրաւիրագրին վրայ համազգային նշանակութեամբ յոբելեան մը մատնանշելու նախընթացն ալ շարունակուած է այս տարի։ Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին վրայ դրուած է շեշտը։ Հարկ է նշել, որ այս յոբելեանը ներկայ տարիին կը նշուի նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2017