ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 19-ին Ողիմպիական աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մարզական բժիշկներու գիտելիքներու բարձրացումը՝ տոփինկի օգտագործումը կանխելու գործընթացին մէջ» նիւթով խորհրդաժողով մը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ սոյն նախաձեռնութիւնը պիտի կայանայ «Ողիմպիական համերաշխութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս: Խորհրդաժողովը նախատեսուած է Հայաստանի մէջ մարզական բժիշկներու եւ այն բժիշկներու համար, որոնք կ՚առընչուին մարզիկներու հետ: Դասընթացքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ լրագրողներ եւ մարզական կառոյցներու մարզիչներ: Ընդհանուր առմամբ պիտի մասնակցի 90 հոգի։

Դասընթացքը բաղկացած է երեք մասէ՝ սննդային հաւելումներու օգտագործումը մարզանքի մէջ, արտակարգ իրավիճակներուն օգտագործուող ժամանակակից գործընթացները, վնասուածքներու բուժումը առանց արգիլուած նիւթերու։

Այս նիւթերու շրջանակներէն ներս ելոյթ պիտի ունենան հակատոփինկային ծառայութեան պետ Փրոֆ. Արեգ Յովհաննիսեան, մարզական բժիշկ Դաւիթ Մոսինեան, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի բժիշկ Կարէն Ստեփանեան եւ Վրաստանի Բժշկական համալսարանի մարզական բժշկութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Փաւլէ Կասրածէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2017