ԱՇՆԱՆ ՆՈՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հակլընտ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ Պրուքսելի մէջ նախընթաց երեկոյեան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ իրենց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման շարժառիթով։ Մինչ այդ, միջնորդները կը ծրագրեն յառաջիկայ աշնան նոր ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, համանախագահներու երէկուան յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Նալպանտեանի եւ Մամէտեարովի հետ անոնք հանդիպած են՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ հետագայ աշխատանքի ընթացքը։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ Նախարարները համաձայնեցան փոխանցել իրենց նախագահներուն միջնորդներու առաջարկը՝ այս տարի աւելի ուշ բարձր մակարդակով հանդիպում մը կազմակերպելու մասին։ Համանախագահները առաջարկեցին իրենց օգնութիւնը այդ հանդիպման կազմակերպման ուղղութեամբ։ Քննարկուեցաւ նաեւ շփման գծի ներկայ իրադրութիւնը։ Միջնորդներու յայտարարութեան մէջ ալ վերահաստատուեցաւ Պրիւքսելի հանդիպման ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը, ըստ որու Նալպանտեան, Մամէտեարով եւ համանախագահները վերստին պիտի հանդիպին յառաջիկայ Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի դադրեցումը բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան անհրաժեշտ պայմանը կը համարուի։ «panorama.am» կայքէջի հարցման ի պատասխան, Շաւարշ Քոչարեան մեկնաբանեց ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին վերաբերեալ Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւնները։ Իր խօսքերով, Ատրպէյճանի նախագահը կա՛մ չի հասկնար, կամ ալ չհասկնալ կը ձեւացնէ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու կարեւորութիւնները։

«Յիշեցնենք, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի անցեալ Ապրիլի բռնութենէն յետոյ նախագահներու մակարդակով տեղի ունեցած Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներէն յետոյ սա արտաքին գործոց նախարարներու չորրորդ հանդիպումն էր։ Ինչպէս նախորդները, այնպէս ալ Պրիւքսելի հանդիպումը նոյնպէս ուղղուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման. ոչ աւելի, ոչ պակաս։ Ակնյայտ է, որ կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան ամրապնդումը ոչ թէ նախապայման է բանակցութիւններու, այլ անհրաժեշտ պայման՝ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան համար», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ռազմատեղեկատուական համակարգը լիարժէք կը տիրապետէ իրավիճակին։ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը հաղորդեց, որ Պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է ըստ իրավիճակին ձեռնարկել նաեւ յարձակողական գործողութիւններու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017