ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ՅԱՏՈՒԿ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ մեկնարկած է ֆիլմերու յատուկ աշխատարան, որ կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան:

Ըստ «Արցախփրէս»ի, երեք շաբթուան ընթացքին՝ բեմադրիչը ուսանողներու հետ պիտի նկարահանէ երեք շարժանկար: Առաջին շաբթուան ընթացքին՝ ուսանողները ծանօթացած են շարժանկարի եւ սարքաւորման (montage) հիմունքներուն, ընտրած են ժապաւէնը հերոսները ու կազմած՝ բեմագրութեան ծրագիր: Երկրորդ շաբաթը սկսած են շարժապատկերներու հիմնական նկարահանումները:

«Երիտասարդները աւելի լաւ պատրաստուած էին նկարահանման, քան ես կը պատկերացնէի: Ես կը սպասէի դասընթացքի լաւ ընթանալուն, բայց ակնկալիքներս աւելին էին. թէ՛ այն խումբը, որ կը կատարէ հիմնական նկարահանումները, եւ թէ՛, ընդհանրապէս, ողջ դասընթացքի մասնակիցները կը տիրապետեն իրենց աշխատանքին», աւելացուցած է Ջիւան Աւետիսեան՝ նշելով յատկապէս գործող խումբի արագընթաց աշխատիլը:

Միւս կողմէ, առաջին շարժանկարին հերոսը Ստեփանակերտի մէջ գործող «Նռենի» խանութի հիմնադիր Արմոնտ Թահմազեանն է: Ան Արցախ տեղափոխուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն: Իր խօսքին մէջ, վերջինս, նշած է, որ ինք պարտական է իր ընտանեկան դաստիարակութեան։ Անոնք իր մէջ սէր յառաջացուցած են դէպի հայրենքիը, յատկապէս հայրենիքի մէջ ապրելու եւ զայն շէնցնելու գաղափարը: Արմոնտ կը կարծէ, որ Արցախի մէջ գործելու լայն ասպարէզ կայ:

Անդրադառնալով շարժանկարի նկարահանումներուն՝ Արմոնտ նաեւ ըսած է, որ ինք թերահաւատօրէն չի մօտենար երիտասարդներու աշխատանքին, քանի որ համոզուած է, թէ նոր սերունդը բաւական զարգացած է: «Ուրախ եմ խումբի հետ համագործակցելուս համար: Ջիւանը բաւական արհեստավարժ լաւ աշխատող է: Ես ալ կ՚ոգեւորուիմ անոնց աշխատանքէն», եզրափակած է իր խօսքը՝ շարժանկարին հերոսը:

ԹՈՒՄՕ կեդրոնի ուսանողները այս շաբաթ պիտի շարունակեն միւս շարժանը-կարներու նկարահանումները: Իսկ արդէն յաջորդ շաբաթ պիտի անցնին սարքաւորման աշխատանքներուն: Արդիւնքները պիտի ցուցադրուին աշխատարանի վերջը կայանալիք ներկայացման ժամանակ:

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017