ՁԱՅՆ ՅԱՆԱՊԱՏԻ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Փարիզի «Ակն» ընկերակցութեան կողմէ հրատարակուած է շահեկան գիրք մը՝ հայկական եկեղեցական երաժշտութեան մասին։ Տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարի երաժշտապետ Արամ Քերովբեանի կողմէ հեղինակուած գործը կը կոչուի «Ձայն յանապատի. եկեղեցական երաժշտութեան բարեկարգումը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան»։ Այս գիրքը լոյս տեսած է Քարոլին Մուկարի եւ «Երկիր եւ մշակոյթ» համազգային կազմակերպութեան օժանդակութեամբ։ Կողքի ձեւաւորման եւ նկարազարդման մասնակցած են՝ Վահան Քերովբեան եւ Մարալ Քերովբեան։
Հեղինակը՝ Արամ Քերովբեան, որ հայկական եկեղեցական երաժշտութեան հմուտ մասնագէտ մըն է, այս գործին մէջ խոշորացոյցի տակ բերած է հայկական եկեղեցական երաժշտութեան վերաբերեալ զարգացումները՝ 1800-ական թուականներէն սկսեալ։ Սկիզբին այս աշխատանքի նպատակը եղած է 1873-1875 թուականներուն Պոլսոյ մէջ գործած երաժշտական յանձնաժողովի ատենագրութիւններուն հրատարակութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, նոյն տարիներուն այս յանձնախումբի ծաւալած գործունէութեան զուգահեռ տեղի ունեցած է այլ կարեւոր դէպք մը։ Երանաշնորհ Գէորգ Դ. Կաթողիկոս ձեռնարկած է երաժշտական հրատարակութիւններու։ Ուստի, Արամ Քերովբեան անհրաժեշտ համարած է բոլորը միասին քննել եւ արծարծել շարք մը մանրամասնութիւններ։ Ծաւալուն այս գիրքին նիւթը կը վերաբերի ԺԹ. դարու երկրորդ կէսին ու մասնաւորաբար վերջին քառորդին։ Արդարեւ, ԺԹ. դարուն եկեղեցական երաժշտութեան վերաբերեալ հարցերը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէին պոլսահայ մտաւորական միջավայրին մէջ։
Հարկ է նշել, որ Արամ Քերովբեան այս աշխատանքը տանելու ժամանակ համագործակցած է նաեւ պոլսահայ շրջանակներու հետ ու գիրքին մէջ առանձնապէս շնորհակալութիւն վերապահած է իր աջակիցներուն։ Գիրքի վերջաւորութեան բովանդակութեան շուրջ համառօտ տեղեկութիւններ տրուած են նաեւ անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով։