ՆԱՃԱՐԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Լիբանանահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարգիս եւ Զուարթ Նաճարեան ամոլը վերջերս պարգեւատրուեցաւ Երեւանի մէջ։ Նաճարեաններուն համար մեծարանքի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Զուարթ Նաճարեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանն ալ Սարգիս Նաճարեանը պարգեւատրեց «Հաւատարիմ մասնագիտութեանը» մետայլով։

Ձեռնարկի տեւողութեան Նաճարեան ամոլի ծաւալած գործունէութեան մասին գնահատանքով արտայայտուեցան Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երիկ Ճէրէճեան եւ այլ դէմքեր։

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017