ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒՆԵՏԻԿ

Երեւանի մէջ կը շարունակուի «Ոսկէ ծիրան» 14-րդ շարժանկարի միջազգային փառատօնը։ Ժապաւէններու ցուցադրութեան առընթեր, փառատօնի ծրագրին այլ փուլերն ալ կը ստեղծեն լայն արձագանգ։ Երէկ, պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ու կնքուեցաւ՝ հայկական շարժանկարի աշխարհի անմոռանալի վարպետներէն Համօ Բեկնազարեանի ծննդեան 125-ամեակին ձօնուած դրոշմաթուղթ մը։ Համօ Բեկնազարեան հայկական առաջին ժապաւէնի բեմադրիչն է։ Իրեն ձօն-ւած նամականիշի կնքման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կոլտըն Թուլիփ» պանդոկին մէջ։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նախարարներ, «Հայփոստ»ի պատասխանատուները եւ փառատօնի ղեկավարներ։

Նոյնպէս երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ տեղի ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ հաստատուած «Եղիցի լոյս» մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս տարի սոյն մրցանակը շնորհուեցաւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, յօրինող, Հայ Եկեղեցւոյ շքանշանակիր Տիգրան Մանսուրեանին։ Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Տիգրան Մանսուրեանի մրցանակը յանձնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի ղեկավար Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Մեծարեալին շնորհուած Վեհափառ Հայրապետի վկայագիրն ալ ընթերցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։ Մրցանակը ստանալէ վերջ Մանսուրեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի պատուոյ հիւրերուն եւ մասնակից շարժանկարի գործիչներուն հետ։ «Հայկական ամենահեղինակաւոր այս շարժանկարի փառատօնը ոչ միայն հաճելի պահեր կը պարգեւէ մեր հանդիսատեսներուն, այլեւ կարեւոր ուսուցողական նշանակութիւն ունի երիտասարդ արուեստագէտներուն համար՝ գեղագիտական եւ աշխարհահայեացքի աճի տեսանկիւնէն։ Այս փառատօնը նաեւ կոչուած է ստեղծելու համապատասխան հոգեւոր-մշակութային միջավայր եւ մթնոլորտ, առանց որոնց դժուար է պատկերացնել ստեղծագործական թռիչքներ։ Գոհունակութեամբ կ՚արձանագրենք «Ոսկէ ծիրան»ի հաւատարմութիւնը հայկական շարժանկարի պատմութեան եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ։ Մեր դասական ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից գործերը կարիք ունին հանրահռչակման։ Հայկական շարժանկարի արուեստը մենք մշտապէս պէտք է քննենք եւ դիտարկենք համաշխարհային եւ միջազգային համատեսքի մէջ։ Կրկին կ՚ողջունեմ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, որ մեր մօտ դարձած է բարձր ճաշակի, ճշմարիտ արուեստի, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ու մարդասիրութեան գաղափարներու կրող եւ մունետիկ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան հաւաքոյթի ընթացքին։  

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2017