ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան նախընթաց օր կատարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ժողովի բացման աղօթքը։ Ուաշինկթընի մէջ, Նորին Սրբազնութիւնը բացման աղօթքը կատարելու ժամանակ կարեւորեց գոնկրէսականներուն դերը։ Ան յայտնեց, որ գոնկրէսականները երկիրը կը ղեկավարեն արդարութեան, ազատութեան եւ հաւասարութեան գիտակցութեամբ։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Աստուծմէ հայցեց, որ իր զաւակները միշտ յիշեն պատուիրանները եւ գործեն յանուն ԱՄՆ-ի ազգային շահերուն։
Այս իրադարձութիւնը ամերիկահայ համայնքին տեսակէտէ ունի լուրջ նշանակութիւն։ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի գոնկրէսէն ներս աղօթք արտասանելուն շարժառիթով հակիրճ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Գալիֆորնիոյ ներկայացուցիչներէն Էտըմ Շիֆ։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է մեր երկրի մայրաքաղաքին մէջ ողջունել Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը։ Այնքան ուրախ եմ, որ Ներկայացուցիչներու տունը կարողացաւ ունկնդրել մեր հասարակութեան այնքան յարգարժան այս հոգեւոր առաջնորդի ոգեշնչող խօսքին։ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է բոլոր դաւանանքներու հետեւորդ մարդոց վրայ եւ կարեւոր դեր ունեցած՝ միլիոնաւոր մարդոց կրօնական եւ քաղաքացիական կեանքին մէջ»։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան բացման աղօթքը արտասած օրը տեսակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փոլ Ռայնի հետ։