Մտաւորական ու բառարանագիր Սեւան Նշանեան երէկ խոյս տուաւ Ֆոչայի բանտէն։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկ առաւօտ ան Ֆոչայի բանտէն դուրս եկաւ արտօնեալ ձեւով։ Օրուան աւարտին ան չվերադարձաւ կալանավայր։ Թուիթըրի վրայ Սեւան Նշանեան գրառում կատարեց, թէ թռչունը արդէն թռած է։