ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԳՈՐԾՕՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ երկրի բանակը ունի բաւարար զինատեսակներ՝ իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու համար։

Նախագահ Սարգսեան նախընթաց օր այցելեց երկրի հիւսիս-արեւելքի Տաւուշի սահմանակից մարզը, ուր այցելեց մարտական դիրքերէն մին։ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ նաեւ Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մշտական տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Նոյն օրը Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ հայկական բանակի ներկայ կացութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան ըսաւ.

«Որեւէ կասկած չկայ, որ մեր բանակը օրէ օր կ՚ուժեղանայ։ Ձեռք կը բերուին նոր զէնքեր, նոր զինատեսակներ։ Այսօր մեր զինեալ ուժերու յագեցուածութիւնը, կահաւորումն ու հանդերձանքը բաւարար մակարդակի վրայ են։ Բաւարար են լուծելու բոլոր այն ռազմական խնդիրները, որոնք կրնան դրուիլ մեր բանակին առջեւ»։

Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան բացատրեց, որ աշխարհի վրայ չկայ բանակ մը, որ ունենայ ժամանակակից բոլոր զինատեսակները։ «Չկայ այդպիսի բանակ։ Ո՛չ ամերիկեան բանակը, ո՛չ ռուսական եւ ոչ ալ որեւէ այլ բանակ կրնայ ըսել՝ ես ունիմ բոլոր ժամանակակից զինատեսակները, որովհետեւ որեւէ բանակ, որեւէ պետութիւն ի վիճակի չէ այդ բանը ընելու։ Բայց իւրաքանչիւր բանակ պէտք է ունենայ զէնք եւ զինատեսակներ, որպէսզի կարենայ լուծել իր առջեւ դրուած խնդիրները։ Եւ սա կը գնահատուի ամբողջութեան մէջ՝ գումարած զինուորի բաւարար չափով մարտական ընդունակութիւնները։ Այսօր մեր բանակը ունի ոչ թէ ամենաժամանակակից զինատեսակները, ես չեմ կրնար այդպէս ձեւակերպել, ունի բաւարար զինատեսակներ, բաւարար զէնք եւ զինամթերք, որպէսզի լուծէ իր առջեւ դրուած խնդիրները։

«Մենք ի հարկէ, չենք մոռնար, որ կռուի դաշտին վրայ գլխաւոր գործողը մարդն է, հայ ռազմիկն է՝ իր մասնագիտական պատրաստուածութեամբ, խելամտութեամբ եւ խիզախութեամբ։ Բազմիցս շատ մարդիկ ըսած են եւ հիմա ալ ես կը կրկնեմ, որ բոլոր այն ճակատամարտերուն ու պատերազմներուն մէջ, ուր մենք յաղթած կամ յաջողութիւն ունեցած ենք, առաջին հերթին յաղթած ենք մարդկային գործօնի շնորհիւ։ Այստեղ ալ կան մարդիկ, որոնք իրենց փորձառութիւնով սա կրնան պնդել։ Այո, անոնք իրենց անցած ճանապարհով ապացուցանած են այս բանը եւ հիմա ալ կրնան պնդել այդ մասին։ Բաւականաչափ քանակի եւ որակի զէնք ու զինամթերք, գումարած խելացի ու աննահանջ մարտիկներ. ահա գրաւականը յաջողութեան, որու մասին ես չեմ կասկածիր», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017