ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆ

«Ռէօյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Գանատա կ՚ուզեն իրենց միացեալ թեկնածութիւնը առաջադրել՝ հիւրընկալելու համար 2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը:

2018-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի մէջ, իսկ 2022-ի հիւրընկալ երկիրն է Քաթարը:

2026-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութիւնը հիւրընկալելու համար թեկնածութեան առաջադրութիւնը կը սկսի այս տարուան վերջաւորութեան եւ կ՚աւարտի 2020-ին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017