ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 14-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնը։ Փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ։ Այս առթիւ յայտարարուեցան նաեւ մրցանակակիր ժապաւէնները։

Փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան ամփոփելով 14-րդ փուլը՝ ըսաւ հետեւեալը. «Շատ գոհ եմ արդիւնքներէն։ Զանազան բաներ եղան թէ՛ գեղեցիկ, թէ՛ շատ ոգեշնչող, թէ՛ շատ վիրաւորական եւ թէ շատ տխուր։ Մօտաւորապէս համաշխարհային քառասուն գլուխ գործոցներ ներկայացուեցան, ժողովուրդը հետեւեցաւ լեցնելով դահլիճները։ Տոմս չկար ժապաւէններու գրեթէ 95 տոկոսի ցուցադրութեան ժամանակ։ Զուգահեռ բոլոր ծրագրերը, վարպետութեան դասերը հրաշալի անցան, հիւրերը գացին՝ դառնալով Հայաստանի մեծագոյն սիրահարները, որդիները եւ հիմա ամէն տեղ պիտի պատմեն Հայաստանի եւ Երեւանի լաւ ըլլալուն մասին։ Շատ երջանիկ եմ։ Եթէ թերութիւններ ունինք՝ կ՚աշխատինք սրբագրել»։

Միջազգային խաղարկային մրցոյթին մէջ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակին արժանացան հնդիկ բեմադրիչ Սանալ Քումար Սասիտհարայի «Ցանկալի տուրկան» ժապաւէնը։ «Արծաթէ ծիրան»ը յանձնուեցաւ պրազիլցի բեմադրիչ Աֆոնսօ Խուան Տումանսի «Արաբիա» ֆիլմին։ Միջազգային խաղարկային ժապաւէններու մրցութային դատակազմի նախագահն էր անգլիացի յայտնի բեմադրիչ Հիւ Հետսըն, որ շեշտեց, թէ նոյնիսկ չէր ակնկալեր այսքան լաւ ժապաւէններ տեսնել։ «Մենք ընտրեցինք իսկապէս սինամաթոկրաֆիք գործ մը որպէս յաղթող, հզօր ֆիլմ», ըսաւ ան։

Միջազգային վաւերագրական մրցոյթի մէջ «Ոսկէ ծիրան» մըր-ցանակին արժանացաւ բեմադրիչ Ռաէտ Անտոնի «Ուրուականներու որսը» գործը։ «Արծաթէ ծիրան»ը նուաճեց թուրք բեմադրիչ Սերտար Էօնալի «Տերտօ մայրիկը եւ ընկուզենին» հայ-թրքական համատեղ ժապաւէնը։ Միջազգային վաւերագրական ժապաւէններու դատակազմի նախագահն էր այլ անուանի դէմք մը՝ Եուճին Քոր, որ այս առթիւ ըսաւ. «Սա ինծի համար մեծ փորձառութիւն էր եւ մեծ փառատօն մը։ Իմ մօտ մնաց շնորհակալութեան զգացում այս բոլորէն յետոյ։ Կ՚երեւի պատճառը ի վերջոյ հայ ժողովուրդն է եւ ձեր պատմութիւնը»։

Փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» անուանակարգին մէջ «Ոսկէ ծիրան»ին արժանացաւ ամերիկահայ Քրիս Աւետիսեանի «Տանըլտը լաց եղաւ» գործը։ Այս ֆիլմը միեւնոյն ժամանակ արժանացաւ փառատօնի ծիրէն ներս հաստատուած «Հրանդ Մատթէոսեան» լաւագոյն բեմագրութեան մրցանակին։ «Հայկական համայնապատկեր»ի վաւերագրական ճիւղի «Ոսկէ ծիրան»ին արժանացաւ Թամարա Ստեփանեանի «Ձիւն կայ» ժապաւէնը։

Fipresci-ի դատակազմի մրցանակը յանձնուեցաւ իրանցի բեմադրիչ Մուհամմէտ Ռասուլովի «Անկաշառը» գործին։

Յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տասնհինգերորդը։ Յոբելենական այդ փուլին ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքները արդէն անմիջապէս կը մտնեն հունի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս մասին հաւաստիացուցած է նաեւ Յարութիւն Խաչատրեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017