ԿԱՍԿԱԾԸ՝ ՀԱՄՈԶՈՒՄԻ ՊԱԿԱ՛Ս
Մեր բոլորին ամէնօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը պատահին կասկածներ, որոնք կը դժուարացնեն կեանքը, եւ եթէ կասկածը ծայրայեղութեան աստիճանին հասնի՝ կեանքը մինչեւ իսկ անտանելի կը դառնայ։
Եւ ինչպէս միշտ կը կրկնենք, ընդհանուր առումով չափազանցութիւնը կեանքը կը դժուարացնէ, կեանքի ընթացքին վրայ բացասական ազդեցութիւն մը կը թողու։ Այս իմաստով կասկածն, ալ որքան որ բնական զգացում մըն է իր չափի՛ն մէջ, նոյնքան վնասակար կը դառնայ երբ չափազանցուի։
«Կասկած» կը նշանակէ՝ վարանում, երկմտութիւն, որ մարդուս որոշում տալու կարողութիւնը կը դանդաղեցնէ, զայն տատամսումի կը մատնէ, այլապէս շարժումները կ՚ուշացնէ։ Ուրեմն «կասկած»ը իր չափաւորութեան մէջ լաւ եւ շիտակ խորհելու առիթ մըն է՝ հապճեպով, աճապարանքով տրուելիք սխալ որոշումներու արգելք կը հանդիսանայ։ Բայց երբ չափազանցուի եւ սովորական դառնայ կասկածը կեանքին մէջ՝ անշարժութեան, ամլութեան պատճառ կ՚ըլլայ եւ վնասակա՛ր։
Կասկածը, վստահութեան նկատմամբ կարեւոր դեր մը կը խաղայ. անիկա կրնայ վստահութեան պակաս ստեղծել, անվստահութեան պատճառ ըլլալ։ Կասկածը, ընդհանրապէս համոզումի պակասի արդիւնք է, կը տկարացնէ խօսքին եւ գործին ուժը, կը նուաստացնէ անոնց արժէքը։
Կասկածոտ ոճով արտասանուած որեւէ խօսք վստահութիւն չի ներշնչեր, մինչդեռ անվարան, հաստատամտութեամբ ըսուած խօսքը համոզիչ կ՚ըլլայ եւ վստահելի՛։ Խօսքի մը արժէքը կախում ունի իր հաստատութենէն, անվարան արտայայտութենէն, իսկ կասկածոտ, վարանոտ խօսքը բոլորովին կը կորսնցնէ իր արժէքը՝ այն որքան ալ ճշմարիտ ըլլայ։ Մարդիկ ընդհանրապէս «արտաքին» երեւոյթին կը նային որեւէ արժէք մը գնահատելու կամ ստորագնահատելու համար։ Ներքինը որքան ալ ճշմարտութեամբ լեցուն ըլլայ, մարդիկ չեն վստահիր եթէ «արտաքին» երեւոյթը համոզիչ չէ՝ ըլլա՛յ խօսք, ըլլա՛յ գործ, ըլլա՛յ գաղափար, խորհուրդ։
Այս իմաստով, կասկածը համոզումի պակասէն կու գայ՝ մարդ եթէ իր ըսածին վրայ կատարեալ համոզում չէ գոյացուցած, վարանումներ ունի, այդ կը յայտնուի արտաքնապէս եւ չի կրնար համոզիչ դառնալ եւ անշուշտ վստահութիւն չի ներշնչեր։
Բայց այս կէտին պէտք է լա՛ւ եւ ուղիղ գծել՝ «ինքնավստահութեան» եւ «ինքնահաւանութեան» սահմանը։ Ինքնավստահութիւնը արտաքին երեւոյթով որքան որ համոզիչ է, ինքնահաւանութիւնն ալ այնքան վանիչ. արդարեւ ինքնավստահութիւնը մարդուս անձին արժանաւորութիւնն է, իսկ ինքնահաւանութիւնը՝ զայն նուազացնող, տկարացնող երեւոյթ մը։ Ուստի խօսք մը համոզիչ եւ վստահելի դարձնելու առաջին պայմանն է՝ խօսքը արտասանողին ի՛ր համոզո՛ւմ գոյացուցած, վստա՛հ կերպով, անվարա՛ն ոճով փոխանցելը իր խօսակիցին։ Այլապէս, տատամսոտ կերպով արտասանուած խօսքը որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր ոեւէ մէկուն, եւ կը տկարացնէ արտասանողին արժանաւորութիւնը եւ խօսքին արժէքը։ Խօսքին ճշմարտութիւնը պէ՛տք է ցոլանայ անոր արտայայտութեան մէջ մանաւա՛նդ։
Մեր առօրեայ կեանքէն պարզ օրինակ մը տալու աշխատինք. ո՞րքան համոզիչ եւ վստահելի կ՚ըլլայ մէկու մը «չծխել»ու խրատը կամ պատուէրը երբ ան իր մատներուն մէջ ունի ծխախոտի կտոր մը, գլանիկ մը։ Ուրեմն մարդ երբ կը խօսի, նախ պէտք է որ ի՛նք համոզուած ըլլայ իր խօսքին, աւելին՝ պէտք է խօսքը եւ գործը համաձայն եւ համապատասխան ըլլան իրարու։
Իր խօսածին, իր ըսածին համոզումը ունեցող անձին խօսքը վստահութիւն կը ներշնչէ, խոր համոզում կը ստեղծէ։ Գոնէ առիթ կ՚ընծայէ խորհելու սխալին եւ շիտակին, մոլորածին եւ ուղեղին մասին։ Այս կերպով, համոզումով եւ հաստատամտութեամբ, անկեղծութեամբ խօսողին խօսքը մեծ տարբերութեամբ ազդեցութիւն կը գործէ ունկնդիրներուն վրայ։ Խօսակիցին ազդելու առաջնակարգ պայմանն է՝ համոզուած միտքով եւ անկեղծութեամբ խօսիլ։ Եւ երբ խօսողին միտքը տարուած է «արդեօք»ներով, այլապէս անիկա չի կրնար համոզել եւ վստահեցնել իր խօսակիցը։ Ներքին համոզումը պատճառ կը դառնայ «խօսք»ին անմիջական ազդեցութեան եւ ուժականութեան, եւ տարակոյսը, կասկածը կը տկարացնէ այդ ազդեցութիւնը եւ ուժականութիւնը։
Այս կը նշանակէ՝ չխօսի՛լ միայն շրթնային շարժումներով, այլ եւ մանաւա՛նդ սրտաբուխ ոգեւորութեա՛մբ։ Եւ որքան արժէք կը ստանայ Յիսուսի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ձեր այոն թող ըլլայ այո՛, եւ ոչը՝ ո՛չ»։ Ուստի հաստատամտութիւնը կ՚ենթադրէ անկեղծութիւն, եւ անկեղծութիւնն ալ կը ստեղծէ վստահութի՛ւն։
Եւ աւելի շատ բարեկամ ունին անոնք՝ որ նուազագոյն ինքնավստահութեամբ եւ անկեղծութեամբ կը խօսին։ Քանի որ ճշմարիտ բարեկամութիւնը կը հիմնուի անկեղծութեան վրայ։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ, նմանը իր նմանը կը գտնէ, անկեղծ մարդն ալ անկեղծ եւ վստահելի բարեկամը կը գտնէ։ Անկեղծ, վստահելի անձեր միայն կրնան ըլլալ փոխադարձ ճշմարիտ բարեկամներ…։
Ուստի մարդ կրնայ բազմաթիւ յատկութիւններ, առաքինութիւններ ունենալ, բայց երբ անոնք անկեղծ կերպով չ՚արտայայտեր, չ՚օգտագործեր, իր յատկութիւնները եւ առաքինութիւնները կը կորսնցնեն իրենց իրական արժէքը։
Եւ խօսքի անյստակութեան կարեւոր պատճառ մըն է սուտը։ Սուտը կը նմանի պղտոր ջուրի մը՝ որ բազմատեսակ անակնկալներ ունի իր մէջ. պղտորը միշտ անորոշ է, եւ ամէն անորոշութիւն վտանգ կը սպառնայ մարդուս։ Սուտը կասկած կը ստեղծէ, սուտը անվստահութիւն կը գոյացնէ։ Արդարեւ, գործնականօրէն շատ դժուար է զանազանել սուտը եւ շիտակը, քանի որ «սուտ»ը իր մէջ կը բովանդակէ միաժամանակ այլասերած ուղիղը՝ որ սուտով քօ-ղարկուած շիտակ ըլլալով կը ներկայացուի, եւ բուն իսկ սխալը, չարը։ Ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, իսկ սուտը՝ բազմաթիւ, եւ ցաւալին ալ ա՛յդ է մարդուս համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 14, 2017, Իսթանպուլ