ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ
Պոլսահայ գեղարուեստական կեանքի մօտաւոր անցեալի նուիրեալ եւ անմոռանալի դէմքերէն Քրիստին Սալէրի այս տարի եւս կ՚ոգեկոչուի միջվարժարանային նկարչական մրցոյթով մը։ Սալէրիի անունով իր հարազատներուն կողմէ հաստատուած հիմնարկը հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի սոյն ծրագիրը։ Մրցոյթը, որ այս տարի չորրորդ անգամ կը կազմակերպուի, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ։ Տղաքը ստեղծագործական աշխատանք կատարեցին տարիքային երեք խմբաւորումներու մէջ։ Առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարանները առաջին հերթին մասնակցեցան այս մրցոյթին, իրենց յաջորդեցին հինգ-ութերորդ դասարաններու տղաքն ու լիսէականները։ Առաջին խումբը ստեղծագործեց նիւթ ունենալով չորս եղանակները։ Միւսներուն նիւթն էր մետիան։
Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ իւրաքանչիւր խումբին համար ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Ռեհան Սարըպայ, որ կը ներկայացնէր ձեռնարկին նպատակը, նախաձեռնարկ հիմնարկին գործունէութիւնը եւ մրցոյթին կանոնները։ Այս առթիւ տղաքը առիթն ունեցան նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ քաղելու Քրիստին Սալէրիի կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։
Մրցոյթի դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Մառլէն Թէքիրտաղլըճան, Արշօ Գասպարեան, Մայտա Սարիս, Ռեհան Սարըպայ եւ Արթին Տէմիրճի։
Մրցանակաբաշխման հանդիսութիւնը նախատեսուած է Ապրիլի 26-ին։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024