ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ՆԻՍՏԵՐԸ

Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով։ Այս կապակցութեամբ տեղապահ սրբազան հայրը մեզի յայտնեց, որ քննարկուած են ընթացիկ հարցեր եւ Կրօնական ժողովի դիւանը պիտի հրապարակէ համապատասխան հաղորդագրութիւն մը։ Թերթիս մամուլի յանձնուած փուլին այդ հաղորդագրութիւնը չէր հասած Կրօնական ժողովի դիւանէն։

Օրուան երկրորդ կէսին ալ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի նիստը։ Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, ժողովականները շարունակեցին քննարկումները, ըստ էութեան, մեր եկեղեցիներու ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման հարցին շուրջ։ Նախաձեռնարկ մարմինը, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, որոշած է այսուհետեւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակել՝ միայն հարկ նկատելու պարագային։ Երէկուան ժողովին մասին չէ փոխանցուած պաշտօնական որեւէ տեղեկութիւն։

Միւս կողմէ, ինչպէս հաղորդած էինք, այս Հինգշաբթի Պատրիարքարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ մեր համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու ատենապետներուն կամ լիազօր ներկայացուցիչներուն համատեղ խորհրդակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017