ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը շաբաթավերջին կազմակերպեց եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, տեղի ունեցաւ պարի ներկայացում մը, որ խորագրուած էր «Միջին Արեւելքէն Ամերիկա՝ համաձայնութեան մը որոնումը»։ Կազմակերպիչներուն բնորոշմամբ, չտեղակայուած որոնում մըն է այս մէկը, որու կապակցութեամբ Թուրքիայէն, Հայաստանէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հանդէս եկան պարախումբեր։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան։ Հայ պարողները հանդէս եկան Միացեալ Նահանգներէն «Տէյվիտ Տորֆման» պարախումբին եւ Թուրքիայէն «Քորհան Պաշարան» պարախումբին հետ։
Ձեռնարկի աւարտին պարողները խանդավառ տրամադրութեամբ ողջունեցին հանդիսատեսները։