Փի­թըր Քէօշ­կԷ­րեան. «Ինք­զինքս Վտան­գի Տակ Կը Դնեմ, Եր­բեք Հարց Չու­նիմ Ես Զիս Ծաղ­րե­լու»

Մենք կատակասէր չենք ծնիր, այլ կը դառնանք: Ոչինչ նուազ համոզիչ է երիտասարդ մենախօս-կատակերգակին համար, որ փոքր տարիքէն նուիրուած է հիւմըրի:

Ինչպէ՞ս դառնալ կատակերգակ: Անսովոր ուղի մը:

Առօրեան պատմող, մենախօս-կատակերգակ, բայց նաեւ «ԱԼՊԱ» համալսարանի ուսանող Փիթըր Քէօշկէրեան կը զարմացնէ իր հոգիի հասունութեամբ եւ բնականութեամբ: Այցելեցէ՛ք Ժեմայզէի անկիւնաւոր սրճարան մը: Վայր մը, ուր սովորութիւն ունի աշխատելու, կը գրէ «Լորիան լիւ Ժուր»: Պէտք է ըսել, որ երիտասարդը շատ աշխատասէր է:

Ըլլալով 21 տարեկան, ան արդէն իսկ ստանձնած է «Քազինօ տիւ Լիպան»ի մէջ Միշէլ Տրիւքէրի ձեռնարկին առաջին բաժինը, անցեալ Մարտին եւ յաճախ կը ներկայանայ բեմ ֆրանսերէնով՝ իր նախասիրած լեզուով: Փաստօրէն, իր տիպարները կու գան Միջերկրական ծովու միւս ափէն. Ժամալ Տեպուզ, Կատ Էլ-Մալեհ կամ նոյնիսկ Ֆլորանս Ֆորեսթի, որոնք դրոշմեցին իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը:

Բացայայտո՞ւմը: Կատ էլ-Մալեհի «Ուրիշը ես եմ» ձեռնարկը իսկական բացայայտում մըն եղած է այդ ժամանակուան պատանիին համար: Այնուհետեւ մէկ գաղափար տիրական եղած է մտքին մէջ՝ խնդացնել: Անմիջապէս կը նախընտրէ հաւաքական փորձառութիւնը, որովհետեւ «նպատակը հանդիսատեսն է, ուղիղ կապը»: Մեծապէս կառչելով իր կատարումներուն անմիջականութեան՝ ան կ՚ընդգծէ. «Չեմ գիտեր եթէ կրնայի այսքան խնդացնել քամերային առջեւ»: Հետեւաբար, անոր կատարումները չենք գտներ «Եու Թիուպ»ի վրայ, բայց ան ունի իսկական սէր բեմերուն հանդէպ: Ինքնուս, ան երբեք թատրոնի դասընթացքներու չէ հետեւած: Ամէն ինչ անձամբ սորված է՝ կարդալով եւ իր տիպարներուն կատարումներուն ներկայ գտնուելով, միշտ ուշադրութիւն դարձնելով նոր ներկայացումներուն:

ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԲԵՄԱՅԻՆ ԳՐԱՒ

Ո՛չ խաղ կայ, ո՛չ կեղծաւորութիւն, ո՛չ կերպար. Փիթըր Քէօշկէրեան բեմին կը յանձնուի ինչպէս որ է եւ անկաշկանդ ինքզինք կը ծաղրէ: «Ինքզինքս վտանգի տակ կը դնեմ: Երբեւէ հարց չունիմ ես զիս ծաղրելու»: Այդուամենայնիւ կը ցաւի, որ Լիբանանի մէջ սթենտ-ափի մշակոյթը տկար է, եւ կը յուսայ, որ այս արուեստի ձեւը յառաջիկայ տարիներուն կը զարգանայ: Բայց արուեստագէտը նպատակադրուած է: Գիտէ ո՛ւր կ՚երթայ եւ ինչպէս պէտք է ատիկա ընէ: Ժամանակագրելով պարոն «Ամէն ինչ»ին կեանքը, կը : « ըպուլ պիտի շարունակուի…։

ւսնութեան անլուծանելիութիւնը նոր եւ աւելի՛ խորունկ նշանակութիւն մը կը ստանայ…։յելո՛ւ։ղեցիին հետ։ Ամքննէ մանրամասնութեամբ սովորականին անհեթեթութիւնը: Հեւեւաբար, «ոչ մէկ տարբերութիւն բեմի ես-ին եւ կեանքի ես-ին միջեւ», նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր ներկայացում պատրաստուած եւ համապատասխան պրպիում եղած է: Անոր հանդիչինչ պէտք է լուրջի առնել եւ ամէն ինչին պէտք է խնդալ:

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՏԱՐԵՐԳԱԿ ՄԸ. ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՍՐՏԻՆ

Իր երիտասարդութիւնը անոր թոյլ կու տայ կանխատեսել հեռաւոր ապագան: Այն հարցումին, որ «դուք ձեզի ո՞ւր կը տեսնէք հինգ տարի յետոյ», արուեստագէտը կը տատամսի վայրկեան մը, ապա կը ժպտայ: «Տարօրինակ է,  ասոր մասին կը մտածէի քանի մը օր առաջ: Կ՚ուզեմ իսկապէս Լիբանանի հանդիսատեսը գրաւել»: Մեծ մարտահրաւէր մը, կ՚ընդգծէ ան, քանի որ ֆրանսերէն լեզուի գործածութիւնը կը սահմանափակէ իր հանդիսատեսները: Բայց կատակերգակը չի տատանիր: «Ես ինքս չեմ ըլլար բեմի վրայ, եթէ անգլերէն կամ արաբերէն խօսիմ»: Երիտասարդը անկեղծօրէն կառչած է ֆրանսերէնին եւ այդ մասին կը յայտարարէ: Նոյնիսկ ֆութպոլի պարագային, Ֆրանսայի խումբը կը քաջալերեմ»: 10 տարի՞ յետոյ: Փարիզ կ՚երազէ: «Ինչո՞ւ ոչ»: 20 տարիէ՞ն: «Շարժապատկերը զիս կը հետաքրքրէ»: Իսկական ծրագիրներ կը սպասեն այս կրքոտին համար, յաւակնոտ՝ երկարատեւ ժամանակի վրայ:

 ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան 

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017