ՎԱՐ­ԴԱ­ՎԱՌ

Վարդավառը քրիստոնէական հինգ տաղաւարներէն մէկն է եւ կը կոչուի «Այլակերպութեան» կամ «Պայծառակերպութեան» տօն։ Վարդավառը շարժական տօն է. անիկա կը նշուի Զատիկէն 98 օր ետք եւ կրնայ իյնալ Յունիս 28-էն Օգոստոս 1-ի միջեւ։ Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ Վարդավառը կը նշուէր Յուլիս 22-ի յաջորդող Կիրակին։

Հայոց մէջ Վարդավառը ուխտագնացութիւններու տօն էր, ամենէն աւելի սիրուած ուխտատեղին Մշոյ Ս. Կարապետի վանքն էր։

Վարդավառը կը զուգադիպէր դաշտերուն մէջ հասունցած հացահատիկներու հաւաքին։ Տօնին գրեթէ ամէնուր հասկեր կը տանէին եկեղեցի՝ խնդրելով, որ դաշտերը կարկուտէն ու մարախէն անվնաս մնան։

Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին հետ։ Ըստ հայկական աւանդազրոյցին, Նոյ նահապետը իջնելով տապանէն՝ ամէն տարի այդ օրը կը պատուիրէ իր զաւակներուն իրարու վրայ ջուր թափել, որպէսզի գալիք սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը։

Անցեալին Վարդավառը եղած է ուխտագնացութիւններու ամենէն յայտնի եւ ուրախ տօնը։ Մեր նախնիները հաւաքուած են ջուրի ակունքներու մօտ, մատաղ կատարած, կերուխում ըրած, երգած ու պարած են։

Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը այդ օրերուն ուխտաւորներ կ՚ընդունէր պատմական Հայաստանի գիւղերէն եւ քաղաքներէն։ Մարդիկ ժամանակ առաջ կը պատրաստուէին այդ ուխտագնացութեան, նոյնիսկ պահք եւ ծոմ կը պահէին։

Տօնին յատուկ էր իրարու վրայ ջուր թափելը, իրարու ծաղիկ նուիրելը, աղաւնի թռցնելը, ցորենի հասկերը եկեղեցի տանիլ եւ օրհնելը, մատաղ ընելը, գիշերային խարուկահանդէսները, խնճոյքները, ըմբշամարտը եւ տարբեր տեսակի խաղ-մրցումները։

- Բասէնի մէջ, առաւօտեան եկեղեցիին խորանը կը զարդարուի հազարաւոր ծաղիկներով եւ վարդի փունջերով։ Ընդհանրացած սովորութիւն էր, որ մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտէին, այսպէս ըսուած՝ «Խնձորի պաս» էր, տարուան առաջին խնձորը կ՚ուտէին Վարդավառին, ինչպէս առաջին խաղողը կ՚ուտէին վերափոխման կամ խաղողօրհնէքի տօնին։

- Շատախի մէջ երիտասարդները Վարդավառի Շաբաթ երեկոյեան դէզեր կը պատրաստէին, որոնցմէ մէկը պէտք էր միւսներէն աւելի մեծ ըլլար։ Երեկոյեան կարգով կը վառէին դէզերը՝ սկսելով փոքրերէն, եւ այսպէս մինչեւ առաւօտ կրակը չէր մարեր։ Ահա այդ վառուող դէզերուն մէջ կը խորովէին խնձորները եւ կ՚ուտէին։ Լուսաբացին կը վառէին ամենէն մեծ դէզը, որուն շուրջ կը կատարուէին շուրջպարեր։

Աղջիկներու եւ տղաներու շուրջպարերուն սովորաբար կ՚ընկերակցէին երգային բանավէճեր, որոնք յաճախ յանպատրաստից եւ յօրինուած երգեր էին եւ կը պարունակէին անմեղ կատակներ իրարու հասցէին։Տօնը կը զուգադիպէր ցորենի բերքահաւաքին. հետեւաբար մարդիկ իրենց առաջին փունջը խաչփունջ հիւսելով նուէր կը տանէին եկեղեցի՝ Աստուածամօր սեղանին եւ կը խնդրէին, որ իրենց արտերն ու բերքը պահպանէ։

Երիտասարդ աղջիկները Շաբաթ օրը դաշտերէն կը հաւաքէին «վրդիվերի» կոչուող դեղնագոյն ծաղիկներ եւ գեղեցիկ պսակներ կը հիւսէին, որպէսզի գիշերը գաղտագողի նետէին իրենց սիրեցեալին բակը։ Իսկ նշանուած աղջիկները ծաղկեփունջերու հետ նաեւ խաչփունջ կը ղրկէին խնամիներուն տունը։

Սովորութիւն էր մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտել։ Շաբաթ օր երիտասարդները յարդի դէզեր կը շինէին եւ երեկոյեան, երբ մթնէր, կը սկսէին հերթով վառել զանոնք եւ այդ խարոյկներուն մէջ խնձոր կը խորովէին։ Այս արարողութիւնը մինչեւ լուսաբաց կը տեւէր։ Լուսաբացին կը վառուէր ամենամեծ դէզը, որուն շուրջ երիտասարդները շուրջպար կը բռնէին։ Երգասացութիւն կ՚ըլլար, ինչ որ յարմար առիթ էր իրարու հանդէպ ունեցած զգացումները խորհրդաւոր քառեակներով արտայայտելու։

- Նախիջեւանի մէջ առտու կանուխ կիները թելերու վրայ ծաղիկներ, խնձոր, մանր վարունգ եւ վարդեր ամրացնելով խաչաձեւ կը կապէին երեխաներու կուրծքին եւ կը տանէին եկեղեցի։

- Ագուլիսի մէջ մինչեւ Վարդավառ նշանուած աղջիկները ամանի մը մէջ ցորեն կամ գարի կը ծլեցնէին։ Տօնի օրը փայտը մը կը տնկէին այդ ծիլերուն մէջ ու կը զարդարէին մանր վարունգներով, խնձորներով ու վարդերով՝ խաչի տեսք տալով այդ փայտին։ Զարդարուած խաչաձեւ փայտը ծիլերուն հետ միասին «Խնդրում» կը կոչուէր։ Կէսօրէ ետք պառաւ կին մը կը վերցնէր խնդրումը, կը տանէր ու կը դնէր գիւղին հրապարակը եւ «կը հսկէր»։ Ապա պառաւը խնդրումը կը դնէր գլխուն եւ կը պարէր, մինչ երիտասարդները կը փորձէին գաւազանով մը վար ձգել խնդրումը եւ ձեռք ձգել վարունգ մը կամ ծաղիկ մը, իսկ պառաւը կեղծ կ՚անիծէր յարձակող երիտասարդները։

- Տերսիմի մէջ, Վարդավառը կը նշուէր Մնձուր լերան քառասունի հասնող ակնաղբիւրներու մօտ։ Կերուխումով, մարզախաղերով, պար ու նուագով Մնձուրը կը թնդար։

Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ Վարդավառի տօնը կը յատկանշուէր ջուրի խաղերով, բայց նաեւ՝ աղաւնի թռցնելով, գիշերային խարոյկներ վառելով, ցորենի խուրցեր եւ միրգեր զոհաբերելով, ծաղիկներ նուիրաբերելով եւ զանազան մրցումներ կազմակերպելով։

Հետաքրքրական է նաեւ Մուշի աւանդավէպը, ըստ որուն, Աստղիկ դիցուհին ամէն առտու կը լոգնար Արածանիի ջուրերուն մէջ։ Սիրատոչոր երիտասարդները կը բարձրանային մօտակայ բլուրին վրայ՝ դիտելու եւ հիանալու անոր գեղեցկութեամբ։ Աստղիկը նկատելով այս՝ ամպերը վար կը քաշէ իր լոգանքը ծածկելու համար։

«Վարդ ի բա­ցուէ ա­ռա­ւօ­տեան խա­ղե­րով,
Իմ եար բախ­չէն վարդ կը քա­ղէ մա­ղե­րով։­
Վարդն ի բա­ցուէ Վար­դե­ւո­րեան Կի­րա­կին,
Քո սէրն ին­կէ մէջ իմ սրտի պու­րա­կի­ն»։

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017