ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան յայտարարեց. «Ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք մեր նախկին գերեզմանատան տարածքին համար մեզի փոխանցուած հատուցման գումարի տնօրինման գործին»։ Ներկայիս համայնքային շրջականերուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն վրայ։ Թէեւ այս նիւթը երկար ժամանակէ ի վեր համայնքէն ներս անմիջական ուշադրութեան արժանի է, սակայն վերջին շրջանին արձանագրուեցան գործնական նորութիւններ։ Այժմ թաղային խորհուրդին հասած է 20 միլիոն 620 հազար թրքական լիրա եւ սա տակաւին նախատեսուած հատուցման միայն մէկ մասն է։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պէյքոզի թաղային խորհուրդի հաւանութեամբ համայնքէն ներս կազմուած է մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի այդ հատուցման գումարներու նպատակասը-լաց տնօրինման։ Վաղը Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է սոյն նորաստեղծ յանձնախումբի անդրանիկ ժողովը։

Այս մթնոլորտին մէջ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան շաբաթավերջին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Վարուժան Մաղաքեան այս առթիւ շեշտեց, որ թաղային խորհուրդը ամենայն պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ այս շրջանի զարգացումներուն եւ ունի զօրակցութեան ակնյայտ կամք՝ մեր համայնքի բոլոր հաստատութիւններու կարիքներու դիմագրաւման համընդգրկուն եւ համապարփակ ձեւով նպաստելու համար։ Վարուժան Մաղաքեանի բացատրութիւններով, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը շատ յստակ ձեւով կը պատկերացնէ այս հատուցման գումարներուն արժեւորման եզրը։ Մաղաքեանի եւ իր ընկերներու պատկերացումով՝ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը, Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկն ու Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP)՝ եռեակի մը ձեւաչափին մէջ պէտք է հետամուտ ըլլան այս նիւթին։ Քանի որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին պատկանող տարածքի մը ապասեփականացման զուգահեռ կը վճարուին հատուցումներ՝ ապա այդ գումարը անպայման կը փոխանցուի Պէյքոզի թաղային խորհուրդի դրամատնային հաշիւին եւ տնօրինման բուն պատասանատուութիւնը կը պատկանի Պէյքոզի թաղային խորհուրդին։ Ներկայիս, արդէն այդպէս ալ եղած է։ Այժմ հասած է 20 միլիոն 620 հազար թրքական լիրա՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ։ Այս գումարին վրայ յառաջիկային պիտի աւելնայ նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ ակնկալուած հատուցման գումարը, որ գրեթէ նոյն քանակութեան վրայ պիտի գտնուի։ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը, իր նախատեսած վերոյիշեալ եռեակի ձեւաչափին մէջ, համամիտ գտնուած է, որ յանձնախումբի մը միջոցաւ արժեւորուին այս նոր գոյացած միջոցները՝ ըստ մեր համայնքի կարիքներուն։ Վարուժան Մաղաքեանի բացատրութիւններով, վերջին օրերուն իրենց փոխանցուած այս գումարը արդէն մէկ ամսուան ժամկէտով դրուած է դրամատուն եւ այդ մէկ ամսուան տոկոսով պիտի դիմագրաւուին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հրատապ կարիքները։ Արդարեւ, Պէյքոզի եկեղեցին ներկայիս ֆիզիքական լուրջ վերանորոգութեան կարիքն ունի։ Այդ լայնածաւալ վերանորոգութիւններուն առընթեր, թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ նուազագոյն անձնակազմ մը ապահովել Պէյքոզի եկեղեցւոյ համար։ Արդարեւ, Վոսփորի Ասիական ափի ծայրամասային մեր այս եկեղեցին երկար տասնամեակներէ ի վեր չունի նոյնիսկ ժամկոչ մը կամ պահակ մը։

Վարուժան Մաղաքեան մեզի յայտնեց, որ այս հատուցման գումարումներու արժեւորման որոնումներուն մէջ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը վերջին տարիներուն դիմագրաւեց դժուարութիւններ ու նոյնիսկ որոշ չափով մաշեցաւ։ Իրենք նախ որոշեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ համագործակցիլ եւ աւելի վերջ որոշեցին իրենց ճանապարհը շարունակել Պատրիարքական Աթոռին հետ։ Ան խոր երախտագիտութիւնով եւ անկեղծ շնորհակալութեան զգացումներով արտայայտուեցաւ թէ՛ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ թէ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ իրենց դատին բերուած աջակցութեան եւ ցուցաբերուած բոլոր օժանդակութիւններուն համար։ Ըստ Վարուժան Մաղաքեանի, Պէյքոզի թաղային խորհուրդը զուտ բարոյական ու եկեղեցասիրական մղումներով նախընտրած էր այս նիւթին շուրջ Պատրիարքական Աթոռին հետ ճանապարհ անցնիլը։ «Սակայն թիւր տպաւորութիւններ ստեղծուեցան մեր հասցէին։ Մասնաւորապէս՝ մօտաւոր անցեալին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ այլ խնդիրներու հետեւանքով ստեղծուած հակազդեցութիւնները սկսան ցոլանալ մեր վրայ եւս», ըսաւ Վարուժան Մաղաքեան։ Թէ՛ հիւանդանոցի եւ թէ Պատրիարքարանի հետ համագործակցութեան ժամանակ ծագած խնդիրները հաշուի առնելով՝ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը յարմար դատած է վերոյիշեալ եռեակի ձեւաչափը ստեղծել՝ իր մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ «Յովակիմ 1461»ի եւ VADİP-ի ներգրաւմամբ։

Վարուժան Մաղաքեան խօսեցաւ նաեւ շահաբաժիններու կամ միջնորդավճարներու վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ, որոնք յաճախ կ՚արծարծուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Այս նիւթին շուրջ փափաքեցանք յատկապէս խօսիլ իրեն հետ, որովհետեւ համայնքային շրջանակներէն ներս վերջին օրերուն եղան լսումներ, ըստ որոնց Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ նախատեսուած եւ ուղարկուած գումարէն աւելի պակաս փոխանցում մը եղած է Պէյքոզի եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին վրայ։ Վարուժան Մաղաքեան մեզի յայտնեց, որ այս գործին հետ կը զբաղի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու, որ այս պահուն քաղաքէ դուրս է՝ մեկնած ըլլալով արձակուրդի։ «Իրեն համար նախատեսուած շահաբաժինը 20  տոկոս էր եւ իրենք աւելի վերջ այդ մէկը զեղչած են 14 տոկոսի համեմատութեամբ։ Մենք այս պահուն յստակ չենք գիտեր, որ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ հատուցման ի՛նչ գումար մը փոխանցուած է մեզի։ Արդարեւ, փաստաբանը իր շահաբաժնին կամ միջնորդավճարին համար մեզի պաշտօնական ընկալագիր մը պիտի տայ։ Երբ ունենանք այդ ընկալագիրը, պիտի տեսնենք, որ ինք ի՞նչ գումար մը ստացած է։ Այսինքն, մեր դրամատան հաշիւի գումարին եւ փաստաբանին ստացած վճարին գումարումով պիտի գիտնանք, թէ ընդհանուր հատուցումը որքան եղած է», ըսաւ Մաղաքեան եւ աւելցուց, որ պետական կառոյցները յապաղումներու կամ սպասումներու պարագային՝ տոկոսներու օրական հաշուարկով կը փոխանցեն հատուցման գումարները։ Ներկայիս Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն ալ կը սպասուի հատուցումի մը եւ այս պարագային ալ նախատեսուած ժամկէտները կը համարուին տրամաբանական։ Նոյնպէս Մաղաքեանի խօսքերով, եթէ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու այս անգամ իր շահաբաժնի պարագային որեւէ ձեւով նախատեսուածէն աւելի գումար մը ստացած ըլլայ, ապա քաղաքապետարանէն գալիք հատուցման ժամանակ իրենք կրնան հաւասարակշռել այդ հարցը։

Հարցազրոյցի ընթացքին Վարուժան Մաղաքեան շեշտեց, որ սա համայնքին դրամն է եւ իրենք պարզապէս այդ մէկուն պահակներն են։ Այս սկզբունքին հիման վրայ է, որ թաղային խորհուրդը հաւանութիւն տուած է խորհրդականներու խումբի մը ստեղծուելուն համայնքէն ներս։ Վաքըֆներու վերաբերեալ օրէնսդրութեան տրամադրութիւններով՝ այդ խումբը պաշտօնական գետնի վրայ պիտի ունենայ որոշ իրաւասութիւններ։ Բաց աստի, Վարուժան Մաղաքեան անդրադարձաւ նաեւ իր անձնական մօտեցման, ըստ որու սոյն հատուցման գումարով եւ յառաջիկային անոր վրայ աւելնալիք քաղաքապետարանէն ակնկալուած գումարով պէտք է գնել հսկայ կալուած մը։ Այդ կալուածին հասոյթով իրենք կրնան կարեւոր նպաստ մը բերել մեր հաստատութիւններու ծախսերու դիմագրաւման։

Միջանկեալ նշենք, որ Պատրիարքարանի վաղուան ժողովին ընդառաջ Պէյքոզի նիւթին շուրջ բոլոր մանրամասնութիւններու յստակեցման տեսակէտէ կան լուրջ սպասումներ։ Արդարեւ, թաղային խորհուրդի ատենապետը թէեւ կը յայտնէ, որ փաստաբանի համար նախատեսուած շահաբաժինը 20 տոկոսէ իջեցուած է 14 տոկոսի, սակայն Ազգային կրթութեան նախարարութենէն ակնկալուած գումարը շուրջ 26 միլիոն թրքական լիրա էր եւ այսօր թաղային խորհուրդի հաշիւին վրայ նստած գումարին եւ անոր միջեւ տարբերութիւնը կը կազմէ շուրջ 20 տոկոս։ Այսինքն այդ 6 տոկոսի պարագան կը մնայ պղտոր։ Համայնքային շրջանակներէն քաջատեղեակ ազգայիններ կը մատնանշեն, որ եթէ նման խնդիր մը ծագած է՝ ապագային քաղաքապետարանէն հասնելիք հատուցման ժամանակ հաւասարակշռութեան մը երթալ կրնայ անկարելի ըլլալ, որովհետեւ իւրաքանչիւրի պարագային կրնան տարբեր համաձայնագրեր կնքուած ըլլալ։ Այս պահու դրութեամբ վերջին համաձայնագրերը բոլոր մանրամասնութիւններով յայտնի չեն համայնքային շրջանակներուն։ Նոյնպէս այս գործընթացին ներգրաւուած ազգայինները համոզուած են, որ սոյն գումարներու արժեւորման եզրերը ճշդելու համար պէտք է մշակուի յստակ կանոնադրութիւն մը։ Այս եւ նման հարցերը տակաւին ժամանակի ընթացքին պիտի բիւրեղանան։

Մինչ այդ, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, վաղը հրապարակուելիք յանձնախումբը կը գլխաւորէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Կազմին մէջ կը գտնուին Յարութիւն Շանլը, Հրանդ Մոսկոֆեան, Թորոս Ալճան, Վարդան Մառանճըօղլու, Մանուկ Քալայճը, Վարուժան Մաղաքեան, Արէտ Չիչէքէքէր եւ այլ անուններ։

Միւս կողմէ, Վարուժան Մաղաքեան հարցազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, որ մօտաւոր անցեալին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ այցելութիւն մը տուած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017