ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ - Ա -

«Անհաւատարմութիւն», բառն իսկ հնչել, մարդուն սարսափ եւ նողկանք կը պատճառէ՝ անշուշտ եթէ ան խղճամիտ եւ ողջախոհ մէկն է։ Անհաւատարմութիւնը՝ խաբէութիւն է, վստահութեան շահագործում եւ վերջապէս մարդկային արժանապատուութիւնը ծանրապէս վիրաւորող անհաճոյ արա՛րք մը։

Անհաւատարմութիւնը, ամէն մարզի եւ ամէն տեսակ մարդկային յարաբերութիւններու նկատմամբ մոլորութիւն մըն է, որ կը քանդէ բարեկամութիւններ, ընտանիքներ եւ ամէն տեսակ միութիւններ։ Արդարեւ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ էական տարրը՝ վստահութիւնն է, եւ եթէ ան պակսի, այդ յարաբերութեան հիմը կը խախտի եւ մինչեւ իսկ փուլ կու գայ եւ ամբողջ միութիւնը կը փճանայ։

Ուստի, ընտանիքը, ընկերութիւնը, մարդկային բոլոր միութիւնները կանգուն պահող ապահով հիմը, ամրացնող եւ հետզհետէ վեր բարձրացնող սիւնը՝ «հաւատարմութի՛ւն»ն է։ Առանց հաւատարմութեան, հաստատ եւ ամուր մարդկային միութիւն մը կազմել անկարելի կը թուի։

Ընտանիքի մէջ սակայն, հաւատարմութեան կը մասնակցին՝ սէր, հանդուրժողութիւն, զգացումներու, մանաւանդ ուրախութիւններու եւ տրտմութիւններու համաձայնութիւն, եւ անշո՛ւշտ, փոխադարձ յարգանք։

Արդէն երբ անկեղծութիւն ըլլայ այս բոլորին նկատմամբ, հաւատարմութիւնը ինքնաբերաբար կը ստեղծուի, եւ այդ մասին որեւէ հարց չի մնար։

Գործի կեանքի մէջ ալ հաւատարմութիւնը անհրաժեշտ պայման է։ Իրականին, գործի կեանքի մէջ էականը «շա՛հ»ն է, բայց ասիկա պէտք չէ՛ երբեք հաւատարմութեան արգելք հանդիսանայ, եւ անհաւատարմութիւնը արդարացնէ։

Ընկերութիւններու, բարեկամութիւններու մէջ եւս հաւատարմութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ, եւ կ՚ամրացնէ յարաբերութիւնները, երկարատեւ, եւ մինչեւ իսկ յաւիտենական բնոյթ կու տայ անոնց։

Բայց «հաւատարմութիւն»ը, ընտանիքին մէջ՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու փոխյարաբերութիւններուն մէջ շատ աւելի յատուկ եւ սեղմ իմաստ մը ունի։ Հաւատարմութիւնը, ընտանիքի կազմութեան եւ գոյատեւման հարցին որքան էական, նո՛յնքան կենսական դեր մը կը խաղայ եւ շատ աւելի բարոյական մեծ արժէք մը կը ներկայացնէ՝ ընտանիքին ընդհանուր նկարագիրը կ՚որոշէ։

Այր-մարդը եւ կին-մարդը երբ «Այո՛» ըսելով կը կազմեն այդ նուիրական միութիւնը, այլեւս այդ «այո»ն պէ՛տք է մնայ մինչեւ, մահ եւ թերեւս մահէն ալ անդին, քանի որ այդ նուիրական միութիւնը կազմը-ւած է սիրոյ վրայ եւ սէրը յաւիտենակա՛ն է։

Եւ երբ կը խորհրդածենք ընտանիքի մէջ հաւատարմութեան մասին եւ անշուշտ, անմահ եւ յաւիտենական, մշտնջենաւոր սիրոյ մասին, կարելի է խորհիլ պահ մը, թէ՝ այդ «Այո՛»ին մէջ կա՞յ նաեւ հաւատարմութեան խոստումը։

Անշո՛ւշտ ըլլալու է, քանի որ միութիւնը կը կազմուի «մէ՛կ» այր-մարդու եւ «մէ՛կ» կին-մարդու համաձայնութեամբ եւ միա՛յն իրարու հանդէպ սիրոյ պատասխանատը-ւութեա՛մբ։ Ուրեմն այդ խորհրդաւոր եւ մշտնջենաւոր «Այո՛»ն աւելի եւս կը բովանդակէ հաւատարմութիւնը՝ իր բոլոր ստորոգելիներով, ինչպէս հանդուրժողութիւն, անշահախնդիր ու անկեղծ սէր հոգածութիւն, եւ այլն։

Այր-մարդոց մէջ, բարեբախտաբար ո՛չ ընդհանուր, բայց նաեւ քիչ բացառութեամբ, կը տիրէ սա կարծիքը, սա համոզումը, թէ այր-մարդը՝ ամուսնացեալ թէ ամուրի, իրաւունք ունի հաճոյքներ վայելելու՝ բաւական է որ այդ վայելքի ընթացքին «հրապարակային գայթակղութիւն» եւ ազատութեան բռնաբարում գոյութիւն չունենայ, եւ «հաւանութիւնը երկուստեք եղած ըլլայ»։

Ուրեմն, անմիջապէս հարցում մը. սխալ մը, մոլորութիւն մը, յանցանք մը՝ եթէ գաղտնի մնացած է եւ չէ հրապարակուած՝ կը դադրի՞ սխալ, կամ մոլորութիւն, եւ կամ յանցանք ըլլալէ։

Արդէն յանցանքը, ընդհանրապէս ծածուկ եւ գաղտնի կը գործուի։ Այլապէս հրապարակուի կամ ո՛չ՝ սխալը, յանցանքը մի՛շտ անընդունելի է։

Ուրեմն այդպէս մտածողներ՝ կը սխալի՛ն։

Արդարեւ, հոս գործածուած «հաճոյք» բառը միանգամ ընդ միշտ կը նշանակէ՝ կիներու հետ այր-մարդոց ունեցած սեռի յարաբերութիւնը՝ ո՛ւր սէր գոյութիւն չունի երբեք, եւ իրապէս պարզապէս «վայելք» կամ «քմայք»ի կը համապատասխանէ։

Այր-մարդոց, «հաճոյք վայելել»ու այս սխալ եւ մոլորական արարքը, «իրաւունք»ի նման նուիրական արժէքի մը բարձրացնելու գաղափարը դժբախտաբար «հաստատ համոզում» մը ըլլալ կը թուի։ Այս իմաստով, այր-մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ընդունին, թէ իրենց համար «ապօրինի հաճոյք» չկայ, բաւական է որ վերը յիշուած մի քանի պայմանները յարգուին, թէ ամուսնական հաւատարմութեան խոստումը, եթէ բոլորովին չեղեալ չհամարուի իսկ ժամանակ ժամանակ, կրնայ կախակայուիլ եւ այս կախակայումը իր կնոջ հանդէպ «անհաւատարմութիւն» չի նշանակեր անպայման։

Ոմանք, գուցէ շատ այր-մարդեր, աւելի ալ առաջ կ՚երթան եւ կ՚ըսեն, թէ՝ «բարոյականութիւն» եւ կամ «սեռային մաքրութիւն» կոչուածը կրօնքին թողած «սխալ» մէկ տպաւորութիւնն է, կամ նախապաշարեալ միտքերու բորբոսած մէկ ըմբռնումը՝ որոնց կարելի չէ որ հանդուրժէ «արդիական» մարդը։

Ուրիշներ ալ շատ աւելի առաջ կ՚երթան եւ կ՚ըսեն, թէ հաճոյքը ո՛չ թէ մարդուն իրաւունքն է ամէն անգամ, այլ հակառակ ընթացք մը անկարելի է, եւ ամէն անոնք որ ասոր հակառակը կը պնդեն, կա՛մ «ապուշ» են, կա՛մ կեղծաւոր։ Եւ կը շարունակեն փաստել, թէ՝ մարդ ի՛նչպէս որ դրամին, առողջութեան, դիրքին եւ պարագաներուն համեմատ իրաւունք ունի թատերական ներկայացման մը, շարժանկարի մը, մարզական մրցումի մը եւ կամ ուրիշ զուարճութեան մը վայելքը պարգեւել իրեն, պատճառ մը չկա՛յ տարբեր կերպով մտածելու ակնարկուած զուարճութեան եւ հաճոյքին նկատմամբ։

Ըսողներ կան դարձեալ, թէ այս «բնազդ»ը մարդուն հզօրագոյն բնազդն է, եւ կարելի չէ արգելք կանգել անոր առջեւ որեւէ նկատումով, եւ շիտակ ու գործնական չէ կրօնքին կամ կրօնամէտներու անգործնական գաղափարներուն համար ջանալ զսպել զայն եւ նոյնիսկ չափաւորել…։

- Յաջորդով պիտի շարունակուի այս խորհրդածութիւնները՝ դէմ յանդիման բաղդատելով կարծիքները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 20, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017