ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ - Գ -
Ուրեմն կը շարունակենք խորհրդածել անհաւատարմութեան մասին, մանաւանդ ընտանեկան սրբազան ու նուիրական միութեան մէջ՝ ուր յատուկ կարեւորութիւն մը կը մտանայ եւ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, անոր գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին մէջ։
Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդին շնորհիւ, ամուսնութեան «անլուծանելիութիւն»ը նոր եւ աւելի՛ խորունկ իմաստ մը կը ստանայ։ Արդարեւ, դժուար եւ մինչեւ իսկ անկարելի կրնայ թուիլ «մարդկային մէկ էակի հետ կապուիլ»ը ամբողջ կեանքին համար։
Սակայն կարեւոր է եւ նոյնքան հաճելի նկատի ունենալ այն ճշմարտութիւնը, թէ Աստուած մարդը կը սիրէ՛ մշտնջենական եւ անվերադարձ անկեղծ սիրով, եւ ամուսիններն ալ՝ այր-մարդ, կին-մարդ, ունին բաժին այս սէրէն՝ որ կը կրէ զիրենք եւ կ՚օգնէ իրենց՝ իրենց հաւատարմութեամբ անոնք կարո՛ղ կը դառնան Աստուծոյ հաւատարիմ ու անկեղծ սիրոյն կենդանի վկաները ըլլալո՛ւ…։
Ամուսինները, որոնք յաճախ շատ դժուար պայմաններու մէջ Աստուծոյ շնորհքով կու տան այս վկայութիւնը, արժանի կը դառնան եկեղեցային հասարակութեան նեցուկին եւ երախտագիտութեանը։
Ամէն սկզբունք ունի իր բացառութիւնները, եւ սակայն բացառութիւնները չեն խախտեր սկզբունքը, եւ կը մնան միշտ «բացառութի՛ւն»։ Ուստի, կան կացութիւններ, ուր ամուսնական համակեցութիւնը բազմազան բանաւոր պատճառներու բերումով գործնականապէս «անկարելի՛» կը դառնայ։
Այս տեսակ պարագաներուն, Եկեղեցին կ՚ընդունի ֆիզիքական «բաժանում»ը ամուսիններուն եւ վերջը՝ կենակցութեան։ Սակայն, այս դժուար կացութեան մէջ, կարելի լաւագոյն լուծումը՝ հաշտութիւնը պիտի ըլլար։ Ուստի էականն է՝ հաւատարիմ մնալ ամուսնութեան սուրբ եւ նուիրական կապին՝ որ մնայ անլուծանելի, քանի որ ի վերջոյ ան հաստատուած է սիրոյ վրայ, եւ Աստուած, որովհետեւ սէ՛ր է, ուրեմն աստ-ւածային հիմերու վրա՛յ։
Այս իսկ պատճառով, ամուսնութեան մէջ, հաւատարմութիւնը կենսական դեր մը կը խաղայ։
Ամուսնական ամոլը՝ միութիւնը կը կազմէ Արարչին կողմէ հիմնուած եւ իրեն յատուկ կանոններով եւ օրէնքներով օժտուած մտերմիկ հասարակութիւն մը կեանքի եւ սիրոյ։ Ան հաստատուած է ամուսիններուն՝ կողակիցներուն ուխտին, այսինքն խոստումին վրայ՝ որ կը նշանակէ՝ անոնց անձնական եւ անյետսկոչելի հաւանութեան վրայ։
Ամուսնութեան ուխտով երկուքն ալ՝ այր մարդն ու կին մարդը, իրենք զիրենք իրարու կու տան «ամբողջովին» եւ «վերջնականապէ՛ս»։ Անոնք այնուհետեւ երկու չեն, այլ կը կազմեն մէ՛կ մարմին։ Ամուսիններու կողմէ ազատօրէն կնքուած այս «ուխտ»ը կը պարտաւորէ զանոնք հաւատարիմ ըլլալու ուխտին եւ նաեւ իրարու պահպանելու զայն «մի՛» եւ «անլուծելի՛», ինչպէս կ՚ըսէ Աւետարանը. «Ինչ որ Աստուած միացուց՝ մարդ թող չբաժնէ՛» (ՄԱՐԿ. Ժ 9)։
Ուստի հաւատարմութիւնը կ՚արտայայտէ հաստատամտութիւնը՝ տրուած խօսքին պահպանումին մէջ։ Այն՝ ինչ որ պէտք է «այո՛»ն այո՛ ըլլայ մշտնջենապէս եւ անայլայլելի կերպով։
Աստուած հաւատարիմ է։ Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ նկարագի՛րն է եւ բնութիւնը։
Ապա ուրեմն, մարդն ալ Աստուծոյ նմանութեամբ պէ՛տք է հաւատարիմ ըլլայ։
Ամուսնութեան սուրբ խորհուրդը այր-մարդը եւ կին-մարդը կը մտցնէ այն հաւատարմութեան մէջ, զոր Քրիստոս ունի Իր Եկեղեցիին հանդէպ։ Ամուսնական ողջախոհութեամբ, անոնք այս խորհուրդին իրենց վկայութիւնը կու տան ամբողջ աշխարհի դիմաց։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան, նոր ամուսնացեալ երիտասարդներուն կը թելադրէ սապէս խօսիլ իրենց հարսին. «Ես առի քեզ իմ թեւերուս մէջ եւ սիրեմ կը քեզ եւ կը նախընտրեմ քեզ կեանքէս աւելի՛։ Քանի որ ներկայ կեանքը ո՛չինչ է, իսկ իմ ամենավառ երազս է զայն անցընել քեզի հետ, այնպիսի ձեւով որ ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուի՛լ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ…։ Ես քու սէրդ կը դասեմ ամէն բանէ վե՛ր եւ ո՛չինչ ինծի համար աւելի տաժանելի պիտի ըլլար քան չունենալ նոյն մտածումները, զորս դուն կը մտածես…»։s
Եւ ահաւասիկ այն մտածումը՝ որ յաճախ կը կրկնենք եւ թերեւս շատերու տարօրինակ կը թուի՝ սէրը անմա՛հ է, սէրը յաւիտենական է, եւ ուրեմն ամուսնութիւնը կը տեւէ նաեւ «միւս կեանքին մէջ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան իր թելադրութիւններուն մէջ. «… ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուի՛լ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ»։
Եւ անոնք, որ անհաւատարմութիւնը կ՚արդարացնեն «բնազդ»ի գոյութեամբ, չե՞ն մտածեր, թէ «միւս կեանք»ին ձգտիլն ալ վերջապէս «բնազդ» մըն է…։
Կը տեսնուի որ, ուրեմն, հաւատարմութիւնը՝ ամուսնութեան նուիրական միութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ ամուսնութիւնը բնականաբար իր հետ ունի հաւատարմութիւնը՝ առանց որու ամուսնութիւնը իր կատարելութեան չի հասնիր։
Արդարեւ, միութեան էական երեւոյթը պահպանելով է, որ ամուսնական արարքը ամբողջովին կը պահէ իմաստը փոխադարձ, ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրոյ, ինչպէս նաեւ անոր կարգաւորումը ըստ մարդուն վսեմ եւ յաւիտենական կոչումին։
Ամուսնական միութիւնը կոչուած է նաեւ կեանք տալու. ուստի ամուսիններ կը մասնակցին «արարչական զօրութեան» եւ կը գործակցին Աստուծոյ հայրութեան։ Եւ այս կոչումին մէջ, իրենց տրուած է փոխանցելու կեանքը եւ համագործակիցներ ըլլալ՝ Արարիչ Աստուծոյ եւ Անոր թարգմանները, ներկայացուցիչները եւ գործակիցները։ Անոնք պիտի կատարեն իրենց ստանձնած այս գործը մարդկային եւ քրիստոնէական ամենայն պատասխանատուութեա՛մբ։
Եւ ահաւասիկ, երբ ամուսնական այս միութեան խորհուրդը ամուսիններուն համար այսքան ծանր պատասխանատուութիւն մը կը բեռցնէ, այլեւս կարելի՞ է խորհիլ անհաւատարմութեան վրայ, մանաւանդ որ այդ նուիրական միութեան հիմը սէ՛ր է…։
- Յաջորդով պիտի շարունակուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 21, 2017, Իսթանպուլ