ԽՐԻՄԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ 30-ԱՄԵԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդարանի Խրիմեան ճեմարանի ընտանիքը, Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, մեծ խանդավառութեամբ նշեց ճեմարանի 30-ամեակը՝ այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին։
Վեց շրջանաւարտներու նոր հունձք մը Ազգադրոշմի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին՝ անոնց յանձնելով աւարտական վկայականներ եւ յուշանուէրներ: Հանդիսութեան կը նախագահէր Առաջնորդական փոխանորդ Տ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան: Ներկայ էրՊէյսայտ, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քահանայ Մալխասեան:
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ այժմու եւ նախկին աշակերտներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, շրջանի հայկական վարժարաններէն կրթական մշակներ, համայնքային բարերարներ եւ հիւրեր, որոնց օժանդակութեան շնորհիւ ճեմարանի բարգաւաճումը ջերմ գնահատանքի կ՚արժանանայ:
Առաջնորդարանի Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի եւ Խրիմեան ճեմարանի տնօրէնուհի Կիլտա Պչաքճեան Քիւփէլեան աւարտական դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն փոխանցած շնորհաւորութիւններուն կարգին, գնահատեց հայրենասէր ուսուցիչներու եւ ազգանուէր ծնողներու գործօն մասնակցութիւնը: Ան շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան եւ մանաւանդ հայոց լեզուի դասաւանդման այժմէական հրամայականը՝ հրաւիրելով որ ներկաները նոյն եռանդով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Ան իր գնահատական խօսքով կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի նախկին տնօրէնուհի եւ հիմնադիր Սիլվա Տէր-Ստեփանեանի անզուգական վաստակին՝ ոչ միայն Խրիմեան ճեմարանի, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան ի նպաստ իր երկարամեայ նուիրեալ աշխատանքին համար:
Հոգեպարար խօսքերով եւ նման զգացումներով հանդէս եկաւ նաեւ վաստակաւոր կրթական մշակ եւ ճեմարանի աւարտական դասարանի նախկին ուսուցչուհի տիրամայր Շաքէ Գատեհճեան, որ շնորհաւորեց ծնողներու հոգածութեամբ սնած եւ հայեցի դաստիարակութեամբ թրծուած երիտասարդները: Նոյնպէս, ան շնորհաւորեց ճեմարանի հիմնադիրն ու այժմու անձնակազմը, որոնց անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ այս հաստատութիւնը հասած է այսօրուան բաղձալի մակարդակին:
Իր կարգին, ճեմարանի նախկին շրջանաւարտուհի, լրագրող, թատերագիր եւ բեմադրիչ Թալին Պապայեան հանդէս եկաւ հաստատելու տնօրէնուհի Սիլվա Տէր-Ստեփանեանի եւ Խրիմեան ճեմարանի թողած դրական ազդեցութիւնը իր մտաւորական եւ մշակութային կեանքին վրայ: Պապայեան նշեց նաեւ որ աշակերտները գիտակից են, եւ իբրեւ հայ, պարտաւորութիւններ ունին իրենց ազգին հանդէպ, եւ թէ իրենք ալ օր մը իրենց վստահուած ջահը պիտի փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:
Ս. Վարդան Մայր տաճարի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաղ ու տաղանդ»ի գեղարուեստական յայտագիրը, որու ընթացքին նոր շրջանաւարտներն ու չորս դասարաններու աշակերտները ունեցան ելոյթներ։ Իսկ ճեմարանի երգչախումբը ներկայացուց շարականներ, հայրենասիրական եւ կոմիտասեան խմբերգներ եւ ուսուցիչներու ղեկավարութեամբ՝ աշակերտները հանդէս եկան պարերով, երաժշտութեամբ, արուեստով, արտասանութեամբ եւ թատերական ներկայացումներով ու արժանացան երկարատեւ ծափահարութիւններու:
Ճեմարանի աշակերտներուն պատրաստած ճոխ եւ ծաւալուն տարեգիրքը՝ որ տպուած էր բարերարներու առատաձեռնութեան շնորհիւ, կը ցոլացնէր երեսուն տարիներու ընթացքին աշակերտներուն առօրեան, գրութիւններ, դասախօսութիւններ, այցելութիւններ եւ լոյս տեսած հրատարակութիւններ։
Այս տարի ճեմարանի աշակերտները ձեռնարկած էին նաեւ գեղարուեստական աշխատանքի մը, որուն հասոյթը յատկացուած էր Հայաստանի կարիքաւոր հայ պատանիներու:
Յայտագրի աւարտին, շնորհաւորութիւններու կարգին, կրթական կեանքի շարունակութեան եւ նոր յաջողութիւններու բարեմաղթութիւններ ներկայացուեցան:
Օրուան ուրախութեան խառնուած էր յուզումնքը՝ հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են օգտակար եւ հաճելի պահեր: Ապա տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:
Խրիմեան ճեմարանի միամսեայ դասընթացքներու առաջինը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 23-ին, Առաջնորդարանի համալիրին մէջ, առաւօտեան ժամը 10.00-էն մինչեւ յետմիջօրէի 3.00-ը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝ Կիլտա Քիւփէլեանին gildak@armeniandiocese.org։