ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Միջազգային բանակային խաղերուն»։ 28 երկիրներէ չորս հազար զինուորականներ մասնակցեցան այս խաղերուն, որոնք տեղի կ՚ունենան երրորդ անգամ։ Հինգ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Չինաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի եւ Ատրպէյճանի 21 զօրավարժարաններէն ներս տեղի կ՚ունենան այս խաղերը։ Հայկական բանակի խումբը այս ռազմական մրցումներուն կը մասնակցի 75 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը։ Անոնք զանազան մարզաձեւերու մէջ կը չափեն իրենց հմտութիւնները։ Առաջին անգամ այս խաղերուն կը մասնակցին՝ Իսրայէլ, Սուրիա, Էօզպեքիստան եւ Մարոք։

«Միջազգային բանակային խաղերը» պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոսի 12-ը։ Մոսկուայի մերձակայքի «Ալապինօ» զօրավարժարանէն ներս Օգոստոսի 5-ը նախատեսուած է որպէս՝ Հայաստանի օր։ Այս առթիւ պիտի ներկայացուին հայկական մշակոյթը, մասնաւորապէս երգն ու պարը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017