ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԿՆԱԲՈՒԺԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ»Ը ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ 25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Հայկական ակնաբուժական նախագիծ» բարեգործական հիմնադրամի ղեկավարները, մասնագէտներն ու բարերարները։ Բարեգործական այս հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատու Նունէ Եղիազարեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նախագծի սկզբնաւորման պատմութիւնը եւ անցեալ 25 տարիներու գործունէութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ խօսեցաւ Կապան քաղաքի մէջ մարզային ակնաբուժական կեդրոնի բացման մասին։

Ակնաբոյժ Ռաճըր Յովհաննէսեան, որ այս հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահն է, իր հերթին անդրադարձաւ սոյն բարեգործական ծրագրի մտայղացման։ Ան երախտագիտութեամբ յիշեց այս ծրագրին մասնակից բոլոր բժիշկները եւ անհատ բարերարները։ Ըստ իրեն, ծրագրի բարեյաջող ընթացքին տեսակէտէ մեծապէս նպաստաւոր եղած է այն հանգամանքը, թէ հիմնադրամը ի սկզբանէ ստացած է Հայ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը եւ մշտապէս համագործակցած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս հիմնադրամի գործունէութեան շուրջ եւ յղեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները՝ 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ առաջին իսկ օրէն քաջ ծանօթ է հիմնադրամի գործունէութեան։ Ռաճըր Յովհաննէսեանի նուիրեալ ջանքերուն շնորհիւ, Հայաստանի կեանքի դժուարին ժամանակշրջանէն սկսած առ այսօր այս հիմնադրամը կ՚օգնէ այն հայորդիներուն, որոնք կը տառապին տեսողութեան խնդիրներէ։ Այդ ծառայութիւնը կը մատուցուի՝ հասնելով հիւանդներու բնակութեան ամենահեռաւոր շրջաններն ու վայրերը։

Մեծապէս կարեւորելով հայրենակիցներու եւ մասնաւորապէս ընկերային առումով անապահով քաղաքացիներու առողջութեան ու ակնաբուժական խնամքին ուղղեալ այս բարեգործական նախագիծը՝ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը պատասխանատուներուն նկատմամբ։ Ան մասնաւորապէս մատնանշեց Ռաճըր Յովհաննէսեանը, Նունէ Եղիազարեանը, ինչպէս նաեւ այն բոլոր բարերարներն ու մասնագէտները, որոնք մաս ու բաժին ունին այս օրհնեալ ծառայական գործին մէջ։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւէտ գործունէութիւն ու բարի ընթացք մաղթեց հիմնադրամին եւ Հայկական ակնաբուժական նախա-գըծի կողմէ ձեռնարկուած բոլոր նոր քայլերուն համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017