ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ-ՃԱՄԲԱՐ ՄԱՐՏՈՒՆԻԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ

Արցախի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ կը գործէ «Գիտելիքը ուժ է» երկշաբաթեայ ամառնային դպրոց-ճամբարը, որ համանուն կրթական նախաձեռնութեան մէկ մասն է:

«Գիտելիքը ուժ է» կրթական նախաձեռնութեան տեղեկութիւններով՝ ամառնային  դպրոցին կը մասնակցի Մարտունի քաղաքի, Գիշիի եւ յարակից գիւղերու տասն-տասնը-հինգ տարեկան հարիւր քսանհինգ աշակերտ:  Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայաստանի ու Արցախի կրթութեան ոլորտի խումբ մը մասնագէտներու:

«Ուրախ ենք, որ Մարտունիի շրջանի շարք մը համայնքներու դպրոցականներուն համար ամրան ընթացքին ժամանցն ու կրթութիւնը համատեղելու նման հնարաւորութիւն կը ստեղծուի: Ներգրաւուած են  բարձրորակ մասնագէտներ եւ վստահ ենք, որ  այս ամառնային դպրոցը լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ կրթական մակարդակի բարձրացման ու մասնագիտական կողմնորոշման առումով», ըսած է Մարտունիի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեան:

Ամառնային դպրոցին  համար պատրաստուած է յատուկ  ուսումնաժամանցային ծրագիր, որուն հիմնական նպատակն է  զարգացնել  երեխաներու հետազօտական, ստեղծագործական  համագործակցութեան հմտութիւնները՝  ժամանցային եւ կրթական  բաղադրիչներու միջոցով: Կրթական  մասը կառուցուած  է STEM (Science, Technology, Engineering, Math) կրթութեան մօտեցումներու հիման վրայ: Ժամանակակից կրթական ճարտարագիտութիւններու եւ մեթոտներու կիրառումով եւ հետազօտական, հետաքրքրաշարժ ու զուարճալի առաջադրանքներու միջոցով՝ պիտի ամրապնդուին եւ խորացուին մասնակիցներուն գիտելիքները՝ բնագիտութեան, ուսողութեան, ճարտարագիտութեան եւ արուեստի ու պատմութեան բնագաւառներուն մէջ: Մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ հայ ժողովուրդի  պատմութեան ու Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսուցանման:

«Ամառնային դպրոցի կազմակերպման գաղափարը իրականութեան մէջ եկած է Գիշիի գիւղի փոքրիկներէն մէկէն: Մենք ալ՝ հայաստանցի եւ արցախցի խումբ մը մասնագէտներով՝ որոշեցինք կեանքի կոչել զայն եւ նախաձեռնել այնպիսի ճամբար մը, որ իսկապէս օգտակար ըլլայ երեխաներուն համար՝ ապահովելով թէ՛ անոնց ժամանցը, թէ՛ անհրաժեշտ ու օգտակար գիտելիքներու փոխանցումը: Ծրագիրը մշակուած է ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներու կողմէ, երեխաներու հետ կ՚աշխատին Հայաստանէն եւ Արցախէն հրաւիրուած լաւագոյն մանկավարժներ, որոնք իրենց փորձով կը կիսուին նաեւ տեղւոյն ուսուցիչներու հետ», ըսած է նախաձեռնութեան հեղինակը՝ Անոյշ Ետիգարեան:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017