ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԵՐ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Առողջապահութեան ֆրանսական օրեր Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը։ Բնագաւառի զարգացման եւ գործակցութեան նոր կարելիութիւններու ապահովման տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր այս ծրագիրը, որ կեանքի կոչուեցաւ յաջողութեամբ։ Այս առթիւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու ատենախօսները շօշափեցին ոլորտի զարգացման հարցերու զանազան երեսակները։

Վերոյիշեալ ձեռնարկի ծիրէն ներս Հայաստան այցելեցին «Սանոֆի-Աւենթիս» ֆրանսական աշխարհահռչակ ընկերութեան ներկայացուցիչները, որոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանի կողմէ։ Այդ ընկերութեան Վրաստանէ եւ Հայաստանէ ներս ներկայացուցչութեան ղեկավարը՝ Էտուարտ Կասեան եւ իր գործակիցները նախարարին տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց կողմէ արտադրուած դեղերու եւ պատուաստանիւթերու մասին։ Քննարկուեցան զանոնք ուղղակի արտադրողէն ձեռք բերելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ապագայ համագործակցութեան զարգացման ուղղութիւնները։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը 2014 թուականէն ի վեր կը համագործակցի «Սանոֆի-Աւենթիս» ընկերութեան հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017