ՌՈՒԲԷՆ ՏԱՐԻՕ՝ ԳՈՒՆԱԳԵՂ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ԵՐԳԻՉԸ
20-րդ դարու վաթսունական թուականներէն սկսեալ, եւրոպական մշակութային աշխարհը յատուկ ուշադրութիւն կը սեւեռէ Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն վրայ: Պատճառը լատին-ամերիկեան գրականութեան ասպարէզէն ներս յայտնուած նոր հեղինակներու աստղաբոյլն էր՝ մէկը միւսին յաջորդող շռնդալից երկերով, որոնց վիճակուած էր համաշխարհային գրականութեան անմահ ռահվիրաները դառնալ: Ահա այդ ժամանակին էր, որ Սպանիան դարձաւ նոր մշակոյթի հայրենիք։ Մշակոյթ, զոր բացայայտեց աշխարհի գեղեցկութիւնը, մարդու մեծութիւնը եւ վեհութիւնը: Այստեղ ծնունդ առին նոր. յառաջդիմական գաղափարները. իսկ երիտասարդ բանաստեղծները յանդգնօրէն խորտակեցին հին, միջնադարեան աւանդոյթները։
Վերացական մտածողութիւնը լատին-ամերիկեան գրողներու համար փիլիսոփայութեան եւ գրական մեթոտներու միջեւ հիմնական օղակ մըն էր: Իսկ եւրոպական վիպասանները դիցաբանական մտածողութիւնը կը դիտարկէին որպէս հինցած եւ ժամանակավրէպ ձեւ մը: Արդարեւ, 19-րդ դարավերջը եւրոպական գրականութեան մէջ գեղարուեստական նորարարութեան շրջան մը եղաւ: Մոտեռնիստական արուեստը իր տարբեր տարատեսակներով սկսաւ իր յաղթարշաւին: Նոր դարասկզբին այս եւ այլ գրական ուղղութիւնները արդէն տիրապետող բնոյթ սկսած էին ունենալ «ձեւափոխուած» գրականութեան մէջ: Լատին-ամերիկեան բանաստեղծութեան այդ առաջատարներէն էր նիքարակուացի բանաստեղծ Ռուբէն Տարիոն:
Տարիօ ծնած է 1867 թուականին, Նիքարակուա։ Բանաստեղծի ծնողները կ՚ամուսնալուծուին. երբ ան տակաւին նորածին էր։ Իր խորթ մեծ հայրն ու մայրը զինք կը խնամեն, իսկ ապագայ մեծն բանաստեղծը զիրենք կ՚ընդունի որպէս իսկական ծնողք։
Տարիօ 3 տարեկան էր, երբ կը սկսի կարդալ ու գրել. իսկ աւելի ուշ՝ կը գրէ զանազան ստեղծագործութիւններ: Իր առաջին ստեղծագործութիւնները կը տպագրուին «Էլ Էնսայօ» թերթին մէջ, որուն շնորհիւ ճանաչելի կը դառնայ «փոքրիկ բանաստեղծ» անուամբ: 1882-ին կը մեկնի Սալուատոր, ուր կը ծանօթանայ նախագահ Ռաֆայէլ Զալտիւարուի հետ, որ յետագային իր հովանաւորը կը դառնայ: Չնայած այն փաստին, որ բանաստեղծը Սալուատորիոյ մէջ կը հասնի մեծ յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներու, սակայն նիւթական ծանր կացութեան մէջ կը մատնուի եւ հայրենիք կը վերադառնայ։ Իր ուժերը կը փորձէ թատերական ասպարէզէն ներս եւ աչքի կ՚իյնայ իր «Իւրաքանչիւր ոչխար» վերնագիրը կրող թատրերգութեամբ:
1893-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ կը նշանակուի որպէս Քոլոմպիոյ հիւպատոս. ուր հինգ տարի կը պաշտօնավարէ եւ կ՚աշխատակցի արժանթինցի առաջատար գրողներու հետ: «Նասիոն» թերթին մէջ իր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ ֆրանսական գրականութեան նորագոյն ուղղութիւնները՝ նպաստելով մոտեռնիզմի զարգացման ու տարածման: Իսկ 1898 թուականին, Սպանիա-Ամերիկա պատերազմի աւարտէն ետք, Տարիօ կը մեկնի Սպանիա որպէս «Նասիոն» թերթի թղթակից: Կեանքի յետագայ 17 տարիները կ՚անցընէ Եւրոպայի մէջ՝ պարբերաբար այցելութիւններ կատարելով դէպի Ամերիկա:
Տարիօ իր խորիմաստ հայեցողութեան եւ նորարարութեանց շնորհիւ կը դառնայ սպանալեզու գրականութեան մէջ գրական մոտեռնիզմի ամենավառ ներկայացուցիչներէն մէկը։ Իր ընթերցողներու ստուար մեծամասնութիւնը զինք կոչած է «Սպանալեզու գրականութեան արքայազն»:
Տարիոյի բանաստեղծութիւնները կ՚առանձնանան իրենց նուրբ լեզուով. երաժշտականութեամբ ու առաձգականութեամբ: Ան իր ազդեցութիւնը ձգած է ո՛չ միայն ժամանակակից հեղինակներու, այլեւ յետագայ ստեղծագործողներու վրայ։ Տարիոյի գլխաւորագոյն գործերէն են՝ «Քուպայի աղջիկը», «Թափառական երգը», «Աշնանային բանաստեղծութիւնը», «Երգ՝ նուիրուած Արժանթինին»…: Տարիօ իր եզակի աշխատութիւններով ստեղծեց գրական նոր ուղղութիւն՝ համախմբելով ամբողջ սպանալեզու աշխարհը եւ արմատապէս փոխեց բանաստեղծական բառապաշարը՝ բանաստեղծութեան մէջ ներմուծելով մաքուր գեղագիտական չափանիշներ:
Գիտակից կեանքէն մինչեւ վերջին շունչը ապրելով հասարակական-քաղաքական-մշակութային թէժ կէտերու ոլորաններու մէջ՝ Ռուբէն բանաստեղծական ժողովածուներու մէջ անդրադարձ կատարած է նաեւ քաղաքական թեմաներու, ներկայացնելով Քուպայի մէջ տիրող անցուդարձերը, բարքերն ու ապրելակերպը: Բնութեան եւ իր տրամադրութեանց հակադրման ու զուգակցման. ձայնաւոր-բաղաձայն հնչիւններու զգացական կողմի եւ ամենանրբին ելեւէջներու հնարամիտ ներդաշնակմամբ՝ Տարիօ ստեղծած է խոհերու եւ զգացումներու չափածոյ-հանրագիտարան մը, որուն մէջ իւրաքանչիւր անհատ կը կարողանայ գտնել սիրազեղ յոյզերու, մտորումներու ու չբարձրաձայնուած ապրումներու խորախորհուրդ ձեւակերպումները, մինչեւ իսկ անորոշ տրամադրութեանց անվրէպ բնութագրումները:
Իր բանաստեղծութեանց ընդմէջէն Տարիօ ընթերցողին ցոյց տուած է իսկական եւ ապրուած սիրոյ նշոյլները, ապրելու եւ կեանքի գեղեցկութիւնները վայելելու անդիմադրելի ձգտումը. մարդու ստեղծագործական ուժի ու կարողութեան խոր հաւատքը։ Բանաստեղծը իր ողջ գրական գործունէութեան ընթացքին դատապարտած է տիրող ազնուական դասակարգի, սակաւապետներու բռնութիւններն ու անիրաւութիւնները: Իր ստեղծագործութիւնները տոգորուած են մեծ հայրենասիրական շունչով, ազատութեան կարգախօսներով եւ անկախութեան գաղափարներով։
Տարիոյի «Քուպայի աղջիկը» բանաստեղծութեանց ժողովածուն իր բովանդակութեամբ եւ իւրայատկութեամբ կը տարբերուի միւս աշխատանքներէն։ Առ այդ, պիտի փորձենք փոքր հատուածներ թարգմանաբար ներկայացնել մեր ընթերցողներուն եւ ապա վերլուծել անոնց ետին թաքնուող խորիմաստ խորհուրդը։
Ընթերցելով Ռուբէն Տարիոյի սոյն ժողովածուի բանաստեղծութիւններէն որեւէ մէկը, կը նկատենք, որ անոր բանաստեղծութիւնները ակնթարթային արձագանգներ են: Ամէն ինչ ներկայի մէջ կը կատարուի եւ նոյնիսկ մոռցուածի մասին ներկայով կը խօսուի: Անոր բանաստեղծութեանց հիմնական ու գերագոյն թեման Քուպան է եւ իր սիրած քուպացի աղջիկը։ Տարիոն կը փորձէ իր առաջին զգացումները կիսել ընթերցողին հետ եւ զայն որակել՝ իբրեւ հնութիւն: Բայց այդ գոյներու եւ տրամադրութիւններու ներդաշնակ խաղը. զգայունութիւնը՝ թախիծով եւ ուրախութեան պոռթկումով կը ներթափանցեն հրաժեշտի տխուր մեղեդիի մը մէջ, ժամանակի յաւերժութեան հետ միազանգուելով եւ բանաստեղծութեանց միասնութիւն եւ խորութիւն տալով:
Օրինակ՝
Երգն այս անուշ. երգն այս շքեղ
Մութին մէջ աղջիկը կը փնտռէ.
Որ լուսամուտէն կախուած է՝
Որպէս հայեացք շնորհագեղ:
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան մէջ կը տեսնենք Տարիոյի ստեղծագործական հմտութիւնը, խորասոյզ ապրումները, յուզականութիւնը եւ հոգին։ Սիրոյ երգիչը սիրոյ թեման գեղագիտական բազմահնչեղութեամբ կը պատկերէ իր բոլոր գեղարուեստական ստեղծագործութեանց մէջ: Սիրոյ ինքնատիպ վերլուծութիւններով՝ Ռուբէն բազմաթիւ իրական փաստեր կը հիմնաւորէ՝ ցոյց տալով սիրոյ կարեւորութիւնը եւ տարողութիւնը։ Իր քնարական շունչով եւ ներգործելու բանաստեղծական հզօր ուժականութեամբ՝ կը ներկայացնէ սիրոյ ճշմարտացի դիտարկումներու կուտակումները: Ղեկավարուելով իր գեղարուեստական նուրբ հոտառութեամբ՝ կը կարողանայ ընթերցողին մօտ համահնչիւն. գունագեղ ապրումներ ստեղծել: Գեղար-ւեստական արտայայտչական միջոցներու միտումնաւոր, նուրբ ընտրութիւն չկատարելով՝ Տարիօ չի մնար սոսկ իրականութիւն արձանագրողի դերին մէջ, այլ կենսական առարկայի եւ փաստի միաձուլումը կը կատարէ քնարական եւ յուզական շեշտերով. գեղարուեստական վերացական ուղեծիրով:
Առեղծուած մը. որ իր մութին մէջ
Կ՚այրէ խանդը Տիանայի.
Այսպէս չքնաղ եթէ նայի՝
Դարձած ճերմակ հաղորդութիւն:
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Հեղինակի տողերուն մէջ կայ գունային բազմազանութիւն. յատկապէս սպիտակը եւ ոսկեգոյնը մնացած միւս բոլոր գոյներէն աւելի գերակայ ու գերիշխող են։ Իրականութեան զգացական հոգեհումքը կարծես գիտակցութեան շաղախին վրայ մերթընմերթ կը ներգործէ։ Ժամանակակից մարդու կեցութեան առանցքը դարձնելով սիրոյ եւ ցանկութեան անյաղթահարելի բերկրանք՝ Տարիօ մարդու լիարժէքութիւնը եւ կենսականութիւնը կ՚ընդելուզէ ու կ՚ամբողջականացնէ զգացումի. կիրքի. այրող ապրումի եւ երեւակայութեան հետ: Բանաստեղծի հոգւոյն մէջ հետզհետէ կը ծաւալուին փոթորկուն զգացումները. սկիզբ կ՚առնեն մերժուած սիրոյ եւ կորսուած կեանքի երգը. որոնք կը խմորուին ու կը դառնան խռովք ու հրդեհ. յոյս ու ներշըն-չում…։ Անոր ոգեղէն տարերքը չի տարանջատուիր զգացական եւ մարմնական հզօր լիցքերով ներծծուած ապրումներէն: Ռուբէն Տարիոյի համար երազները. անուրջները եւ հոգեւոր ապրումները սիրոյ դրսեւորումներով կ՚իրականանան:
Արեւելեան դիւթանքով լի
Մշուշ էին անդառնալի
Շրթունքին այրող յուշերը հին:
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Տարիօ իր բազմաթիւ բանաստեղծութեանց մէջ բնութագրած է սիրոյ ծագումը. զարգացումը, երբեմն անկումը եւ սէրը պահպանելու բանաձեւը: Զգայականութեան հաւատարիմ բանաստեղծը սիրոյ բոլոր դրսեւորումները կը դիտարկէ հոգիի եւ մարմնի ներքին սերտ համաձայնութեան մէջ: Սիրոյ մեղքը հոգեկան ուժականութենէն եւ հոգեկանութենէն զուրկ չէ. այլ հոգեւոր զգացումներու անդրադարձ է: Ըստ Ռուբէնի՝ սիրոյ տարուբերուող յորձանքը մարդ էակը կը ներքաշէ նոր տարածութեանց մէջ: Մարմնի անհուն խոնջանքը եւ երանաւէտ հանգստութիւնը առաջ կու գայ սիրոյ զօրութենէն եւ մշտնջենականութենէն: Տարիոյի բառերով՝ «Պէտք է սիրոյ նրբերանգները զգալ. ընդառաջել սիրոյ ոգեկանչումներուն. օգտուիլ սիրոյ ընձեռած հնարաւորութիւններէն եւ բոլոր փոխակերպումներէն»: Եթէ նախնական շրջանի բանաստեղծութեանց մէջ հեղինակը երկնքի բոլոր գոյներն ու երանգները կ՚ընտրէր. ապա իր նոր բանաստեղծութեանց մէջ երկինքը ձեռքի ափի կը նմանցնէ. որուն տակէն մարդը թիթեռնիկի նման դուրս կու գայ։
Ու ժպիտը կարծես ըլլայ
Այն աստղացոլքը. որ ոգին էր
Այս թիթեռի գիշերային:
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Իբրեւ սիրային բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ՝ Ռուբէն Տարիօ գեղեցիկի ու կատարեալի սիրահար է. ամենանուիրական ու նրբին զգացումներու դրսեւորումները արտայայտած է պատկերներու եւ համեմատութիւններու օգտագործմամբ։ Ա-նոր բանաստեղծութիւնը յագեցած է բնութեան հանդէպ սիրով. վիպասանական մեղմութեամբ ու քնարականութեամբ: Անոր քնարերգութեան որոշ նմոյշները բովանդակութեամբ ու կառոյցով առընչուած են ժողովրդական բանաստեղծութեան հետ։
Տեսնելով քեզ գարնանը ծաղկած պարտէզին մէջ.
Ուր թերթիկները կը նային գետի անդորրին,
Կ՚ուզեն սուլել ու ծլուըլալ
Սոխակի նման պարզ ու մաքուր…։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Սիրային բանաստեղծութեանց մէջ առկայ է նաեւ մարդու եւ բնութեան ներդաշնակութիւնը: Առանց գունազարդելու իրականութիւնը՝ բանաստեղծը կեանքի մեծ բովանդակութիւնը կը վերարտադրէ իրական ու կենդանի հանգամանքներու. մարդկային գործերու ու պայքարի. ներքին աշխարհի արտացոլման միջոցով: Սեփական կեանքի թերութիւններն ու պակասութիւնները ընդհանուր յայտարարի բերելով՝ Ռուբէն կեանքի զննումները կը կատարէ իրապաշտական խտացմամբ:
Ուրախ եմ ես. բայց այդ ուրախութիւնը իմ մէջս փակուած է.
Տխուր եմ ես. բայց կը թաքցնեմ արցունքներս.
Եթէ ուրախութիւնը բազմախօսք է.
Ապա տխրութիւնը երկու անգամ աւելի պարփակուած պէտք է ըլլայ…։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Բազմաշնորհ բանաստեղծը իր լաւագոյն բանաստեղծութեանց մէջ տենդագին կը ձգտի պահպանել դասական աւանդոյթները. հիւսել բնութեան, կեանքի ու մարդու գեղեցկութեան նոր երգը: Յետագային կը սկսի իր բանատեղծութիւնները հարստացնել նրբերանգներով. զգացումներու եւ պատկերներու կիրառումով՝ նոր պատուհան բանալով դէպի բնութիւն եւ կեանք: Կը կարողանայ ընդարձակել թեմաներու շրջանակը. քնարերգութեան ուժը՝ խորք ու իմաստ տալով իր անձնական ապրումներուն,
Դուն իմ ձեռքերէս կը փախչիս. ինչպէս ծաղիկ մը.
Երբ որ դպնամ քու արմատիդ
Օ՜. որքան անզօր եմ ես այդ պահին…։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Ռուբէն Տարիոյի պատկերացմամբ՝ կեանքը կ՚ընթանայ լոյսերու ուղեկցող ստուերներով. թռիչքներու առընթեր անդունդներով. առաջընթացներու զուգահեռ նահանջներով. որովհետեւ հոգեւոր եւ մարմնական բնական ապրումներն ու յոյզերը կեանքի գլխաւորագոյն տարրերը կը կազմեն։ Մարդկային յախուռն արտայայտութիւնը երբեմն կեանքի իմաստէն ու պատճառական կապերէն զուրկ կը ստեղծէ անհեթեթ վիճակ. կեանքի տարուբերուող յորձանք, որոնց իբրեւ հետեւանք մարդու ներսիդին գտնուող զգացումները տեւական եւ տարերային ալեբախութեանց մէջ կ՚ըլլան,
Առյաւէտ կը մնան միայն անուններ,
Ոչ թէ սէրը. այլ սիրոյ մասին տող մը.
Ոչ թէ ծաղիկը. այլ անունը ծաղիկի:
Սէրն ու ծաղիկը անմահ են…։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Բազում գրականագէտներ բարձր գնահատած են Տարիոյի անկեղծութիւնը իր ընթերցողին նկատմամբ։ Անկեղծութիւնը եւ թափանցիկութիւնը Տարիոյի գրիչին պատկանող յատկութիւններն են։ Ռուբէնի համար անկեղծութիւնը հոգեբանօրէն խոր շերտեր ունեցող ինքնաճանաչողութիւն է, զոր բանաստեղծի համար դարձած է կենսական պահանջարկ: Իր հոգւոյն անտես մասերը տեսանելի դարձնելով՝ մոտեռնիստամէտ բանաստեղծը կը համակուի անապակ ու անբասիր ներքին կորուստի տագնապով,
Բռնեցի՞ քեզ: Չեմ գիտեր՝
Քե՞զ բռնեցի. նրբի՛կ.
Թէ՞ քու ստուերդ կը պահես։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Բանաստեղծի մօտ հոգեւոր աշխարհը հետզհետէ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, իսկ հոգիի ներդաշնակ կատարելութեան անխառն ու անեզր շարժումները պատճառ կը հանդիսանան հոգեւոր կորուստի տրտմալի տրամադրութեանց յառաջ բերման: Աշխարհի բազմասեռ երեւոյթներու փոխառընչութիւնները խորապէս զգացող Տարիօ փիլիսոփայական թափանցումներով եւ հոգեկան յոյզերով լի իր կեանքը կը ներկայացնէ զգացական «պաշար»ներով եւ հոգեկան խմորումներով: Գրականագէտ Նիքոլաս Նաւաս կ՚ըսէ. «Տարիոյի նպատակն է ներկայացնել եւ հասկնալ շատ բան մոռացութեան մատնող. հոգեկան աշխարհէն զուրկ մարդկային կեանքի տժգոյն առօրեան։ Ան իր բանաստեղծութեան ընդմէջէն փորձած է բացատրել հոգեկանութենէն պարպուած եւ բանաստեղծական ներշնչանքով հարուստ կեանքի հակասութեանց կծիկը»:
Բնութիւնն ու աստուածայինը Տարիոյի համար կը դառնան մարդկային. ֆիզիքականը կը միաւորուի հոգեւորին՝ սիրոյ հետ անոնց նոյնականութիւնը ամրապնդելով: Անոր համար գեղեցկութիւնը գերնիւթականացուած աշխարհին հասնելու միջոց չէր. այլ տարողունակ հասկացողութիւն մը, զոր կը ներառնէ իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը՝ հին գեղեցկութիւնը. մարդկային վեհ գեղեցկութիւնը. ստեղծագործական գործընթացի գեղեցկութիւնը…:
Օ՜, չքնաղ կին.
Որ կը ջերմանաս սիրոյ ճաճանչներով.
Եթէ պէտք է հաւատալ…։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Տարիօ իր ետին ձգեց հսկակայան ժառանգութիւն՝ անուն. գրական անուն. կայացած ու մեծ անհատի անուն: Անոր մահէն ետք իր արխիւին մէջ մնացած էին հազարաւոր անտիպ բանաստեղծութիւններ եւ հարիւրաւոր կիսատ բանաստեղծութիւններ:
Որքա՜ն հիասքանչ է այս աշխարհը
Մի՛ մարէք մոմերը.
Թող այս երեկոն անվե՛րջ ըլլայ.
Քանզի ե՛ս ալ անմահ պիտի ըլլամ։
(Սպաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝
Լիանա Գրիգորեանի)
Ռուբէն Տարիոն 20-րդ դարու ողջ հմայքի ու թովչանքի մարմնացումն էր եւ է այսօ՛ր եւս: Ընթերցողը զինք պիտի յիշէ անոր իտէալներու մաքրութեամբ, վեհութեամբ. տաղանդով եւ գունագեղ բանաստեղծական ապրումներով:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ