ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՇԵՇՏԵՑ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԱՆՀԱՄԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնները իր կառավարութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրներու շարքին կը գտնուին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը։ Նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին Կարէն Կարապետեան անդրադարձաւ մարզպետներու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան գնահատման կարգին։ Այս առթիւ ան ըսաւ.
«Հայաստանի տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնները մեր առջեւ կանգնած կարեւորագոյն մարտա-հըրաւէրներէն են։ Մենք պատրաստ ենք խրախուսել տեղական մակարդակի վրայ ենթակառուցուածքներու տնտեսական զարգացման ծրագրերը, աւելին՝ ուղղակի օժանդակել կամ մասնակցիլ անոնց իրագործման՝ պայմանով, որ տեղական եւ տարածքային իշխանութիւնները դրսեւորեն բաւարար նախաձեռնողութիւն սեփական միջոցները շարժման անցընելու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու հարցին մէջ»։
Վարչապետը մատնանշեց, որ երկրի մարզերը այցելելու ժամանակ նկատած է, թէ ի յայտ կու գան շարք մը ընդհանուր խնդիրներ, որոնք կը պահանջեն արդիւնաւէտ եւ արագ լուծում։ Իր խօսքերով, մասնաւորապէս արմատականօրէն վերատեսութեան ենթարկուելու կարիքն ունին տեղական պիւտճէներու սեփական եկամուտներու ծրագրաւորման եւ կատարման գործառոյթները։ Այդ միջոցներու շնորհիւ է, որ ժողովուրդը պէտք է բաւարար որակով ծառայութիւններ ստանայ։ Ըստ Կարէն Կարապետեանի, անհամաչափութիւնները կ՚արձանագրուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կողմէ թէ՛ ֆիզիքական ծառայութիւններու մէջ եւ թէ ծախսերու մէջ։
Ամփոփելով իր խօսքը՝ Կարէն Կարապետեան նշեց, որ սոյն խնդիրներու լուծման հարցին մէջ մեծ դեր ունին մարզպետները եւ անոնց կողմէ իրականացուած գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը։ Վարչապետը շեշտեց, որ իրենք շարք մը չափանիշներ որդեգրած են՝ մարզերու կացութիւնը գնահատելու եւ մարզերէն ներս տարուած աշխատանքը արժեւորելու առաջադրութեամբ։
«ԹՈՒԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»
Միւս կողմէ, կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին ընդունուեցաւ որոշում մը, որ կը նախատեսէ «Թուային Հայաստան» անուն հիմնադրամի մը ստեղծումն ու անոր կանոնադրութեան հաստատումը։ Այս հիմնադրամի նպատակը պիտի ըլլայ բարձրացնել երկրէն ներս կառավարութեան արդիւնաւէտութիւնը, ապահովել թափանցիկութիւն եւ բարենպաստ գործարար միջավայր ստեղծել՝ արդի տեղեկատուական փորձագիտութիւններու կիրառմամբ։ Ըստ Կարէն Կարապետեանի, սա շատ կարեւոր գործընթաց մըն է։ Մինչեւ այս նորաստեղծ հիմնադրամի կայանալը՝ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնը նոյն թափով պիտի շարունակէ աշխատիլ եւ աւելի վերջ ալ կառավարութեան կողմէ յստակօրէն պիտի ձեւակերպուին այդ կեդրոնի եւ նորաստեղծ հիմնադրամի համագործակցութեան բանաձեւերը։
Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ սոյն հիմնադրամի ստեղծումը պայմանաւորուած է երկրի թուային օրակարգի իրագործման անհրաժեշտութեան։ Այդ օրակարգը կ՚ընդգրկէ թուային նոր ռազմավարութեան մը մշակումը, երկրի կառավարման բոլոր ոլորտներէն ներս միասնական թուայնացեալ միջավայրի ձեւաւորում, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգերու արդիականացում եւ տեղեկատուական անվտանգութեան աստիճանի բարձրացում։ Կը նախատեսուի նաեւ պետական ծախսերու կրճատումը, վարչարարութեան պարզեցում, թափանցիկութիւն, հաշուետուութեան մակարդակի բարձրացում, կաշառակերպութեան նուազեցում, ծառայութիւններու որակի, մատչելիութեան եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացում։