ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԿԱԹՈՒԱԾԷ
Արդէն մտած ենք ամառուայ եղանակը եւ սկսած ենք վայելել արեւի ջերմութիւնը եւ բացօթեայ հաճելի կլիման:
Սակայն ինչպէս որեւէ չափազանցութիւն, արեւին տակ մնալ երկար ժամերով, կրնայ յառաջացնել առողջական շատ լուրջ վիճակներ, երբեմն մահացու բարդութիւններով, նոյնիսկ եթէ օգտագործուին արեւի ճառագայթներու հետեւանքները մեղմացնող յատուկ օծանելիքներ: Արդարեւ, նոյնիսկ շուքի մէջ պատսպարուելով, ջերմաստիճանի չափազանց բարձրացումը կրնայ «արեւային կաթուած» (sun stroke) պատճառել: Այս վիճակը կը հասնի երբ մարմինը անկարող կը դառնայ ներքին ջերմաստիճանը հաւասարակշռելու, մանաւանդ երբ խոնաւութիւնն ալ կ՚անցնի 40 տոկոսը եւ տաքութիւնը կը հասնի կամ կ՚անցնի 40 աստիճան սելսիուսը (104 աստիճան ֆարենհայթ):
Ամենավտանգաւոր ժամերն են առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4-ը: Ուրեմն անհրաժեշտ է կանխարգիլել արեւային կաթուածը որոշ միջոցներով եւ ոչ՝ «սոտա», «գարեջուր», սառած թէյ կամ սուրճ ըմպելով, որովհետեւ բոլոր խմիչքները, նոյնիսկ սառած վիճակով, պիտի չօգնեն մարմնի ջերմաստիճանը նուազեցնելու: Հակառակ ժողովրդական կարծիքին, այս ամառնային զովացուցիչ նկատուած ըմպելիքներու օգտակարութիւնը որպէս մարմնի ջերմութիւնը նուազեցնող միջոց, գիտականօրէն չէ հաստատուած, այլ ընդհակառակը՝ կը կարծուի, թէ անոնց ազդեցութեամբ միզումի առատութիւն եւ ջրազրկում կը յառաջանայ, սաստկացնելով մարմնին ջերմաստիճանի բարձրացումը: Անհրաժեշտ է ուրեմն, որ վերոյիշեալ այս ըմպելիքներուն միջեւ յաճախակիօրէն ըմպել առատ քանակութեամբ ջուր:
Արեւային կաթուածը կը նկատուի շտապ օգնութիւն պահանջող կացութիւն մը: Մինչ այդ՝ ենթական պէտք է փոխադրել շուք եւ զով տեղ մը եւ խմցնել պաղ ջուր եւ պտուղի հիւթ: Արեւի կաթուածը կը հարուածէ ընդհանրապէս 50 տարիքէն վեր անձերը եւ հինգ տարեկանէն վար մանուկները, բայց երիտասարդ մարզիկներ եւս հակամէտ կ՚ըլլան նոյն հիւանդութեան:
Արեւային կաթուածը կրնայ վնասել ուղեղին եւ ջղային դրութեան: Ախտանշաններն են՝ տրոփող գլխացաւ, գլխապտոյտ, մկաններու թուլութիւն, չոր, կարմիր եւ տաք մորթ, սիրտխառնուք, փսխուք, շփոթութիւն, անգիտակցութիւն եւ նոյնիսկ զգայազրկութիւն, սրտի բաբախում, արագ եւ կարճ շնչառութիւն: Շարք մը հիւանդութիւններ ենթական հակամէտ կը դարձնեն արեւային կաթուածի, ինչպէս՝ սրտի, թոքերու եւ երիկամներու հիւանդութիւնները, նաեւ գիրութեան, չափազանց նիհարութեան, արեան գերճնշումի, շաքարախտի, մտային խանգարումներու, ալքոլամոլութեան եւ արեւէն այրողներու պարագաներուն:
Դեղեր՝ որոնք ենթական հակամէտ կը դարձնեն արեւային կաթուածի, հետեւեալներն են. հակահիսթամին դեղեր, միզեցուցիչ, հանդարտեցնող, սրտի եւ արեան գերճնշումի դեղեր, հոգեբուժական, ընկճուածութեան դէմ դեղեր, քոքային, եւ այլն:
Կանխարգիլելու համար արեւային կաթուածը, հետեւեալ միջոցները կարելի է գործադրել: Երբ օդի ջերմութիւնը շատ բարձր է, նախընտրելի է մնալ զովացուած սենեակներու մէջ: Եթէ անհրաժեշտ է դուրս գալ շատ տաք օրուան ընթացքին, թելադրելի է օգտագործել թեթեւ, բաց-գոյն թոյլ զգեստներ եւ լայնածիր գլխարկ, օգտագործել արեւի դէմ օծանելիքներ, խմել օրական նուազագոյնը ութ բաժակ ջուր կամ պտուղի կամ բանջարեղէնի հիւթեր: Յաւելեալ նախազգուշութիւններ պէտք է առնել երբ բացօթեայ մարզանքներ կամ գործեր անհրաժեշտ է կատարել: Օրինակ՝ խմել երեք բաժակ հեղուկ, երկու ժամ նախքան աշխատանքի կամ մարզանքի սկսիլը, յետոյ աւելցնել մէկ բաժակ եւս, գործէն ճիշդ առաջ եւ աշխատանքի ընթացքին՝ մէկ բաժակ ամէն 10 վայրկեանը մէյ մը: Գիտնալու համար, թէ բաւարար չափով հեղուկ խմած էք, պէտք է առաջնորդուիլ մէզի գոյնէն. եթէ գոց դեղին է, կը նշանակէ բաւարար չէ մարմնին ջուրը: Այս պարագաներու տակ, անհրաժեշտ է հեռու մնալ ալքոլ եւ քաֆէին պարունակող ըմպելիքներէ, որովհետեւ անոնք միզեցուցիչ ըլլալով, պիտի պակսեցնեն մարմնին ջուրը: Նոյնպէս, վերեւ յիշուածը չի վերաբերիր սրտի, երիկամներու կամ լեարդի հիւանդութիւններէ տառապողներուն, բացի եթէ բժիշկի արտօնութեամբ կը կիրարկուի:
Այն անձը որ ապաքինած է արեւի կաթուածէն, շատ հաւանաբար առաջին շաբթուան ընթացքին աւելի զգայուն պիտի ըլլայ ջերմութեան բարձրացումի պարագային: Ուրեմն նախքան վերսկսիլը տաք միջավայրի մէջ աշխատանքին, անհրաժեշտ է բժիշկին հաւանութիւնը ունենալ:
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Մոնթրէալ
Հարթակ
- 11/30/2024