ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Վարդավառի տօնին՝ որ կը տօնուի Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան յիշատակը, սովորութիւն է եղած ժողովուրդի մէջ աղաւնիներ թռցնել եւ իրարու վրայ ջուր սրսկել։

Այս սովորութիւնը կու գայ Նոյ նահապետի օրերէն՝ ջուրերու քաշուիլը խորհրդանշելու եւ յիշելու համար։

Արդարեւ, Վարդավառ տօնը չէ՛ նկարագրուած մարգարէութիւններով եւ օրէնքներով, այլ յայտնուած է Քրիստոսի միջոցով, որուն իրականացումը հանդերձեալին մէջ կը պատահի, քանի որ ան գալիք «ութերորդ անվախճան օր»ուայ նկարագրումն է եւ կը պատկերացնէ Դատաստանի Ատեանին սկզբնաւորումը։

Ուստի միւս տօները՝ Ծնունդ, Յարութիւն եւ այլն, շօշափելի պատճառներով կը ներկայացուին՝ որոնց մասին զանազան կերպերով խօսուած է մարգարէութիւններու եւ օրէնքներու մէջ նախապէս։ Իսկ Վարդավառի, այսինքն Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան հրաշագործութեան մասին, ներկայ աշակերտները իսկ ո՛չինչ տեսան եւ ո՛չինչ լսեցին իրենց կիսաբաց աչքերով եւ ականջներով, քանի որ թմրած էր իրենց զգայարանները եւ ինկած երեսի վրայ, ո՛չ տեսան եւ ո՛չ լսեցին որեւէ բան։

Մինչդեռ Թաբոր լերան վրայ Յիսուս «հանդերձեալ փառք»ին կը վկայէր, ցոյց կու տար իսկական փառքը, եւ աշակերտները ո՛չ տեսան եւ ոչ ալ լսեցին այդ մասին։ Գոցուած, քօղարկուած էր իրենց աչքերը եւ ականջները։

Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով կը պակսին մարգարէութիւններու եւ օրէնքներու վկայութիւնը այս հրաշալի՜ երեւոյթին մասին։

Արդարեւ, ըստ աւանդական պատմութեան վկայութեան, Հոգեգալուստէն յիսուն օր ետք՝ Սուրբ Հոգիի հրամանով եւ առաքեալներու հաւանութեամբ, Պետրոս առաքեալ, Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոս եւ քահանայապետ ձեռնադրեց Յակոբոս Տեառնեղբայրը։ Մինչդեռ առաքեալները որեւէ տեղեկութիւն եւ ծանօթութիւն չունէին «նոր քահանայութեան» մասին եւ հինով կը վարէին քահանայութեան առաքելութիւնը։ Բայց ա՛յդ օրը հրաման ստացան Սուրբ Հոգիէն փոխել ղեւտական հին քահանայութիւնը՝ քրիստոնէական նոր քահանայութեամբ, քանի որ մինչեւ այդ օրը Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը չէր պատարագուած։

Այս տօնը կոչուած է «Վարդավառ»՝ վարդի հետ համեմատելու համար Յիսուս Քրիստոս։

Ուստի, ինչպէս որ վարդը կոկոնի մէջ ծածկուած կ՚ըլլայ՝ նախքան բացուիլը, նոյնպէս ալ Յիսուս Քրիստոս նախքան իր Պայծառակերպութիւնը, այլակերպուիլը՝ իր մէջ կը պահէր Աստուածութեան պայծառութիւնը։ Եւ դարձեալ, ինչպէս վարդը բացուելով կ՚երեւի բոլորին յայտնապէս, այնպէս ալ Յիսուս Քրիստոս պայծառակերպուելով՝ այլակերպուելով կը յայտնէ Իր Աստուածութի՛ւնը։ Նաեւ, վարդը կը բուսնի փուշերու մէջ, այնպէս ալ Յիսուս Քրիստոս հրեայներու, հրեայ ժողովուրդին մէջ յայտնուեցաւ, երեւցաւ՝ որոնք խաչեցին զԱյն։ Եւ ուրիշ պատճառ մը այս տօնին «Վարդավառ» կոչուելուն. վարդը անուշահոտութիւն կը բուրէ, կ՚արձակէ, ինչպէս՝ Յիսուս Քրիստոս պայծառակերպուելով անուշահոտութիւն բուրեց, տարածեց՝ որուն պատճառով, ներկայ աշակերտները թմրեցան եւ խոր քունի մատնուեցան։

Իսկ նախնիները այդ տօնը «Վարդավառ» անուանած են, քանի որ վարդը երբ տակաւին կոկոն է՝ ո՛չ իր անուշահոտութիւնը եւ ո՛չ իսկ իր գեղեցկութիւնը կը յայտնէ, եւ երբ ժամանակը հասնի, քաղցրութիւններէն շարժուելով կը փթթի եւ իր հիանալի՜ գոյնով եւ անուշահոտութեամբ մարդոց ուրախութեան ու հիացման պատճառ կ՚ըլլայ։

Նոյնպէս ալ Քրիստոս կուսական արգանդին մէջ սնունդ ստացաւ եւ հետզհետէ աճելով ու զարգանալով, ինչպէս վարդի կոկոն մը, եւ ապա ծնունդ առնելով՝ աստղերով, հրեշտակներով յայտնուեցաւ մոգերուն եւ հովիւներուն, եւ վերջապէս, հասնելով իր կատարեալ հասակին՝ յայտնուեցաւ մարդկութեան՝ հրաշալի՜ նշաններով եւ սքանչելիքներով։

Յիսուս Քրիստոս, կոկոնի մը նման՝ մարմնի վարագոյրով քօղարկուելով՝ այլակերպելով բացուեցաւ՝ յայտնեց հայրական-աստուածային լոյս փառքը եւ անուշահոտութեան քաղցր բուրմունքով՝ Իր Աստուածութի՛ւնը։

Արդարեւ, վարդը ունի երեք հանգամանք, կամ ըսենք, երեք որակ. «կարմրութիւն», «սպիտակութիւն» եւ «անուշահոտութի՛ւն»։ Եւ վարդին այս երեք որակը կը խորհրդանշեն՝ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Իսկ Յիսուս Քրիստոսի առաքելութեան-տնտեսութեան խորհուրդին մէջ կարմրութիւնը՝ խաչի վրայ թափուած Արի՛ւնն է, սպիտակութիւնը՝ Անոր անմեղութիւնը, եւ վերջապէս՝ անուշահոտութիւնը՝ Հոգի՛ն, որ փչեց առաքեալներուն վրայ, ըսելով. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին», ըստ այն խօսքին, թէ՝ «Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է. տասը հազարի մէջ ընրեալ է եւ երեւելի» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ. Ե 10)։

Եւ Իր Այլակերպութեամբ, Յիսուս Քրիստոս, ուսուցիչ եւ վարդապետ կարգեց իր աշակերտները համայն աշխարհի, եւ Ան համբերութեան ու աղքատութեան դաս տուաւ անոնց՝ Մովսէսի եւ Եղիայի միջոցով, որպէսզի անոնք անոնց նման ըլլան՝ համբերատար եւ աղքա՛տ հոգւով։

Պայծառակերպութեան՝ Վարդավառ տօնը կը տօնուի Յարութեան տօնէն յետոյ ըստ Յիսուսի խօսքին, թէ՝ «Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը մէկուն մի՛ պատմէք» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 9)։

Վարդավառի խորհուրդով պիտի ազնուանա՛յ մեծ հոգին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 4, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2017