ԲԱՐԻ ԵՐԹ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ
2017-2018 կրթական շրջանը առանձնայատկութիւն մը պիտի ունենայ թրքահայութեան տեսակէտէ։ Այսպէս, առաջին անգամ պոլսահայ երիտասարդ մը լիսէի ուսման համար պիտի մեկնի Հայաստան։ Սարին Թաշհան նոր կրթական շրջանին պիտի աշակերտի UWC Դիլիջանի գոլէճը։ Ան յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի ուղեւորուիլ Հայաստան՝ իր ընտանիքին հետ։ Քանի մը օր Երեւանի մէջ մնալէ վերջ Սարին Թաշհան պիտի անցնի Դիլիջան՝ շարունակելու համար իր ուսումը։
Դէպի Հայաստան ուղեւորութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սարին Թաշհանը, որու հետ էին իր մայրը՝ Տէօնիս Սէօզիւտողրու-Թաշհան եւ քոյրը՝ Տերեւ Թաշհան։ Հայրն է Փիէռ Թաշհան, որ կը բացակայէր մեր զրոյցէն։ Բնականաբար, ընտանիքէ ներս խանդավառութեան, եռուզեռի շրջան մըն է։ Սարինին առջեւ ուրուագծուած հորիզոնը ոգեւորութեան առիթ հանդիսացած է ընտանեկան յարկէն ներս։ Զգացումները որքան որ ալ միաձուլուած ըլլան, Սարինին մտորումները անշուշտ որ բոլորովին աւելի տարբեր են։ Ան առաջին անգամ պիտի երթայ Հայաստան եւ իր այդ առաջին այցելութիւնը միանշանակ պիտի ըլլայ ճակատագրական՝ կեանքի շարունակութեան տեսակէտէ։
Պատահականութիւնով մը ծանօթացանք Սարինին հետ, որ շատ հաղորդական նկարագիր մը ունի եւ անմիջապէս զգալի կը դարձնէ, որ համարձակ նկարագրով, քաղաքացիական արիութեամբ երիտասարդուհի մըն է։ Բայց եւ այնպէս, առաջին հայեացքով ան ունի նաեւ այլ առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, իր սերնդակիցներու միջինէն բաւական բարձր մակարդակով հայերէն կը խօսի, կ՚արտայայտուի հանգիստ, նոյնիսկ ուշադրութիւն կը գրաւեն իր բառամը-թերքի նախընտրութիւնները։
Սարին Թաշհան նախակրթութիւնը ստացած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, աւելի վերջ յաճախած՝ Կեդրոնական։ Անցեալ տարեշրջանի աւարտին ան անցած էր 12-րդ դասարան։ Յամենայնդէպս, լիսէի վերջին դասարանը ան պիտի շարունակէ UWC Դիլիջանի գոլէճէն ներս։ Լիսէն աւարտելու համար այնտեղ երկու տարի պիտի ուսանի Սարին, որ ընդհանուրին մէջ հինգ տարուան լիսէի ուսում մը ստացած պիտի ըլլայ։ Իսկապէս հաճելի զրուցակից մըն է Սարին, որ մեզի սպառիչ մանրամասնութիւններով պատմեց, թէ ինչպէս կարելի դարձած էր իր UWC Դիլիջանի գոլէճը մուտք գործելը։
«Ես բնաւ լուր չունէի այսպիսի նիւթի մը մասին։ Ծնողաց միութեան ժամանակ մեր դպրոցին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցուած են այս մասին։ Ես կը սիրեմ այդպիսի կարելիութիւնները։ Երբ մայրս յանձնարարուած դպրոցին մասին ըսուածները ինծի փոխանցեց՝ անմիջապէս համացանցի վրայ հետաքրքրուեցայ։ Տեսայ, որ լաւ տեղ մըն է։ Հայրիկիս հետ ալ խորհրդակցեցայ։ Յետոյ որոշեցի մասնակցիլ այս դպրոցի՝ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած ծանօթացման հաւաքոյթին։ Ի վերջոյ, որոշեցի դիմում ներկայացնել՝ որպէսզի մուտք գործեմ UWC Դիլիջանի գոլէճը։ Հարցարանը լրացուցի եւ սկսայ սպասել։ Վերջին օրը տեղեկացուցին, որ հրաւիրուած եմ գրաւորի։ Շատ մեծ յուզում ապրեցայ։ Քննութիւնը տեղի ունեցաւ Ուլուսի MEF կրթահամալիրէն ներս։ Թեսթ մըն էր։ Թրքերէն, թուաբանութիւն, անգլերէն, ընդհանուր գիտելիքներ եւ այլ առարկաներ կ՚ընդգրկէին հարցումները։ Դժուար հարցումներ ալ կային, դիւրիններ ալ կային», կը պատմէ Սարին։
Այդ քննութեան մասնակցած է 140 հոգի։ Սա անշուշտ չէ եղած միայն UWC-ի Դիլիջանի գոլէճի մուտքի քննութիւնը։ Այդ ցանցի աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ գործող դպրոցները մեկնիլ փափաքող տղաքն ալ անցած են նոյն քննութենէն։ Այս տարուան 140 մասնակիցներու շարքին գտնուած է միայն հինգ հայ։ Սարինի մօր վկայութեամբ, պատասխանատուները զարմանք յայտնած են, թէ քաղաքիս փոքրամասնական վարժարաններէն հետաքրքրութիւնը շատ սահմանափակ է այս քննութեան նկատմամբ։ Այս տարի միայն հինգ հայ երիտասարդ մասնակցութիւն բերած է սոյն քննութեան։ Եւ այդ հինգ աշակերտներուն բոլորն ալ համայնքային վարժարաններ յաճախողներ չեն։ Ենթադրութիւնը այն է, որ համայնքային վարժարաններէն ներս այդքան ալ չեն խրախուս-ւիր այսպիսի ծրագրերը, որոնք ի վերջոյ յաջող աշակերտները կրնան հեռացնել։ Յետոյ, ծնողներն ալ կրնան ունենալ իրենց վերապահութիւնները։ Ինչ որ է, այս տարուան գրաւորին մասնակից 140 երիտասարդներէն 60-ը իրաւունք շահած է բերանացի քննութեան մասնակցելու։ Բանաւոր այդ քննութիւնը կազմակերպուած է խմբային աշխատանքի մը ձեւաչափին մէջ։ Մասնակցութիւն բերած են նաեւ UWC ցանցի նախկին շրջանաւարտներ։ Շուրջ ժամ մը տեւած աշխատանքէն վերջ տղաքը ներկայացուցած են իրենց խմբային աշխատանքին արդիւնքը։ Բաց աստի, պատասխանատուները փափաքած են նաեւ թեկնածուները դիտարկել քննութենէ դուրս՝ ընկերային միջավայրի մէջ։ Ժամադրութիւններ կազմակերպուած են սրճարանի մը մէջ։ Այսպէսով անոնք հնարաւորութիւն ունեցած են թեկնածուներուն մասին ամբողջական տպաւորութիւն կազմել։ Սարին Թաշհան անգլերէնով նախատեսուած բերանացի քննութեան մասնակցած է «Իսթէք» հիմնարկի Ճատտէպոստանի վարժարանին մէջ։ Ներկայ եղած են նաեւ Ազգային կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները։ Պատասխանատուները առանձին զրոյց մըն ալ ունեցած են Սարին Թաշհանի հետ։ Անոր հետ խօսած են զանազան նիւթերու շուրջ՝ ներառեալ իր իտէալները, նպատակները եւ այլն։ «Բերանացի քննութեան մթնոլորտը լարուած չէր, հաղորդական մարդիկ էին։ Հետաքրքրուեցան, որ ես արդեօք իմ հերթին ի՞նչ կրնամ տալ UWC Դիլիջանի գոլէճին։ Անշուշտ, ես ալ նշեցի, որ հայկական մշակոյթին կը պատկանիմ», կը պատմէ Սարին։
Այս ամբողջ գործընթացէն վերջ համբերատար սպասումի շրջանէ մը անցած են թէ՛ Սարինը եւ թէ իր ընտանիքը։ Ի վերջոյ, Կիրակի օր մը Սարինին տեղեկութիւն փոխանցուած է, թէ ընդունուած է UWC Դիլիջանի գոլէճը։ Անշուշտ ընտանեկան յարկէն ներս ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ 90 տոկոս կրթաթոշակով UWC Դիլիջանի գոլէճին մէջ ուսանելու իրաւունք շահած է Սարին Թաշհան, որու առընթեր յառաջիկայ կրթական շրջանին Հայաստան պիտի մեկնի նաեւ Թուրքիայէն երկրորդ ուսանողուհի մը, որ կը բնակի Իզմիրի մէջ։
Սարին Թաշհան այս մեծ յաջողութիւնը արձանագրած է մեր համայնքային վարժարաններուն մէջ սորված անգլերէնով։ Ծնողքին կողմէ եղած յաւելեալ միակ ճիգը այն է, որ անցեալ ամառ երկու շաբաթով Լոնտոնի մէջ մասնակցած է լեզուի դասընթացքին։ Ան ներկայիս բնականաբար իր անհատական յաջողութեան մասին կը պատմէ, սակայն իր անձին վերաբերեալ եղած բաժինը կարեւոր պատգամներ կը բովանդակէ նաեւ մեր հաւաքական կեանքին ու մանաւանդ կրթական համակարգին տեսակէտէ։
Դպրոց ընդունուած ըլլալուն վերաբերեալ տեղեկութիւնը հասնելէ վերջ Սարին Թաշհան արդէն սկսած է ուղղակի շփման մէջ ըլլալ UWC Դիլիջանի գոլէճին հետ։ Արձանագրութիւններուն համար անհրաժեշտ բազում փաստաթուղթեր եւ տեղեկութիւններ պահանջուած են իրմէ։ Այս ամբողջին մէջ իր դպրոցի ուսուցիչներուն կողմէ նամակներ ալ պահանջուած են։ Դիմումի գործընթացէն ներս քննութիւններու կազմակերպիչները տղոց հետ աշխատանք տարած են նաեւ՝ դիւրացնելու համար անոնց ապագայ կողմնորոշումը։ Սարին թէեւ ի սկզբանէ մտադիր էր աւելի գիտական ճիւղերու հետեւելու, սակայն յառաջիկայ շրջանին UWC Դիլիջանի գոլէճէն ներս պիտի հետեւի թատրոնի, անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան, ֆրանսերէնի եւ համաշխարհային քաղաքականութեան վերաբերեալ դասերու։ Իր յուզումը բազմապատկող գործօններէն մին այն է, որ այժմէն գոլէճականներուն հետ խումբերու մէջ է ընկերային ցանցերու վրայ։ Երկու տարի ուսանելէ վերջ ան UWC Դիլիջանի գոլէճի չորրորդ շրջանաւարտներու խումբին մաս պիտի կազմէ եւ կարելիութիւն պիտի ունենայ իր ապագան որոնելու IB համակարգին մէջ։ Այս համակարգի կրթական հաստատութիւններն ու անոնց ծրագրերը ունին աւելի ընկերային թեքում։ Հետեւաբար, Սարինին առջեւ պիտի ուրուագծուին համապատասխան նոր հորիզոններ։
«Երկու տարի ինքզինքս պիտի տեսնեմ, պիտի քննեմ։ Կանխամտածումներ չունիմ ապագայի համար։ Հիմա ընտրած դասերս ճամբայ ցոյց պիտի տան ինծի։ Երկու տարի Հայաստանի մէջ պիտի ըլլամ։ Բնաւ չեմ գացած Հայաստան, բայց միշտ կ՚ուզէի երթալ։ Մինչեւ այսօր միայն Երեւանը գիտէի, բայց երբ դպրոցին նկարները տեսայ՝ հասկցայ, որ միայն այդքանով սահմանափակ չէ երկիրը։ Հանգիստ եմ, օտար տեղ մը պիտի չերթամ, մշակոյթը տարբեր չէ, լեզուն գիտեմ», կ՚ըսէ Սարին։
Ինչպէս միջազգային վարժարաններու բոլոր ցանցերու պարագային, UWC Դիլիջանի գոլէճի պարագային ալ աշխարհի զանազան երկիրներէն փութացած աշակերտներուն համար կը նախատեսուի հիւրընկալ երկրի լեզուին ուսուցումը։ Այսինքն, Դիլիջանի մէջ հայերէն դասընթացք մըն ալ նախատեսուած է եւ Սարին մտադիր է անպայման մասնակցելու՝ աւելի խորաթափանց տեղեակ դառնալու համար արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի նրբութիւններուն։ Չի բացառեր, որ կրնայ շարունակել այդ դասընթացքները։
Մեր խմբագրատան պատշգամին մէջ նստած, ամրան արեւոտ օր մը կը զրուցենք Սարինին հետ։ Պոլսահայ երիտասարդուհի մը եռանդով եւ յոյսերով կը խօսի իր կեանքի ապագային, իտէալներուն մասին։ Վառ աչքերով, ջերմ հայեացքով, ինքնավստահ կը պատմէ… Աչքերը կը ճառագայթեն արեւու շողերուն նման։ Մէկ կողմէ կը հետեւիմ իր պատմածներուն՝ միտքէս միշտ անցընելով, ի սրտէ մաղթելով, որ Սարինի բոլոր սպասումները արդարանան, բոլոր փափաքները իրականութիւն դառնան։
Ու պահ մը հայեացքս կը թեքեմ դէպի Սարինի մօր՝ Տէօնիս Սէօզիւտողրու-Թաշհանին։ Սերնդակից բարեկամուհի մըն է ան։ Երիտասարդութեան շրջանին Տէօնիս մաս կը կազմէր Լուսաւորիչ երգչախումբին ու մենակատարներէն մին էր։ Կը վերյիշեմ իր կատարումները։ Ով գիտէ քանի անգամ Տէօնիսի ձայնով լսած եմ հայրենասիրական երգերու կատարումներ։ Այդ հայրենասիրական երգերու կատարողը տարիներ անց, այսօր դարձած է մայր մը եւ իր դպրոցահասակ դուստրը կը բռնէ Մայր Հայաստանի ճանապարհը՝ ուսում ստանալու, կեանքի ապագան որոնելու համար։ Տէօնիսը կ՚երեւի այդ ժամանակ չէր կրնար երեւակայել, թէ իր մեներգած հայրենասիրական երգերուն առթած զգացումները օր մը այսքան կրնան իրականութիւն դառնալ ու խաչաձեւել իր հարազատին կեանքի ճանապարհը։
Բարի երթ սիրելի Սարինին եւ իրեն անսահման յաջողութեան մաղթանքներ՝ Նայիրեան աշխարհի երկնակամարին տակ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ