ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Գումգաբուի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տնօրինութեամբ Պատրիարքարանէն ներս կատարուած են կարգ մը նշանակումներ։ Կրօնական ժողովի վերջին նիստին ծաւալուած քննարկումներու լոյսին տակ նորին սրբազնութիւնը կատարած է սոյն նշանակումները։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դադրած է լուսարարապետ ըլլալէ՝ իր բոլոր իրաւասութիւններով ու պարտաւորութիւններով։ Իրեն այդ պաշտօնը յանձնուած էր՝ հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կողմէ։ Որպէս փոխ-լուսարարապետ՝ դադրեցուած է նաեւ պաշտօնավարութիւնը Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։

Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան նշանակ-ւած է՝ արարողութիւններու եւ խորհրդակատարութիւններու գծով տնօրէն։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան նշանակուած է՝ դիւանապետ։

Նորին սրբազնութիւնը այս վարչական կարգադրութիւնները պաշտօնական գրութիւններով տեղեկացուցած է ենթականերուն։

Շաբաթ, Օգոստոս 12, 2017