ԹԱԼԻՆ. «ՄԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷՍ ՏԵՂ ԿՈՒ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ԵՐԳԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»
Երեւան կը գտնուէր ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Թալին: Ան մանկական երգերու մեկնաբան է ու հանդէս եկած է տասնեակ համերգներով: Թալին իր երգերը վերածած է «վիտէօ քլիփ»ներու եւ այդ երգերուն շնորհիւ այսօր կը հանդիսանայ մանկական երգերու ամենայայտնի մեկնաբաններէն մին: Օգտուելով իր Հայաստան գտնուած առիթէն հարցազրոյց մը ունեցանք Թալինին եւ անոր ամուսնոյն՝ Ալեքս Պեսոսին հետ, որ միաժամանակ Թալինի ծրագրերու պատասխանատուն է:
*
-Ի՞նչպէս յայտնուեցաք այս դաշտին մէջ:
Թալին- Ես մասնագիտութեամբ մանկավարժ եմ եւ երկար տարիներ մանուկներու հետ աշխատած եմ: Ամուսինիս՝ Ալեքսին նախասիրութիւնը երաժշտութիւնն է: 1992-ին՝ երբ ամուսնացանք, միասին որոշեցինք մանուկներու համար երգեր պատրաստել: Տարի մը վերջ, պատրաստեցինք մեր առաջին երգը՝ «Հինգ փոքրիկ բադիկներ»ը:
Ալեքս- Ես միշտ երգիչներու հետ աշխատած եմ եւ Լիբանանի տարբեր նուագախումբերու հետ նուագած: Երբ Թալինին հետ ծանօթացայ եւ իմացայ, որ լաւ ձայն ունի ու կը սիրէ երգել։ Հետեւաբար ուզեցինք մանուկներու տարբեր երգեր արձանագրել՝ մտածելով, որ ինք փոքրերուն հետ աշխատած է եւ կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը: Ըսինք. «Ինչո՞ւ մեր մանկութեան երգերը չարձանագրենք…»։ Իբր արդիւնք ալ միասին աշխատեցանք եւ լաւ արձագանգ գտաւ առաջին երգը՝ «Հինգ փոքրիկ բադիկներ»ը: Երկրորդ երգն ալ արձանագրեցինք եւ յետոյ մեր աշխատանքները ձեւով մը դադրեցան, որովհետեւ զաւակներ ունեցանք եւ կեանքը ուրիշ հունով ընթացաւ: Աւելի վերջ 2003 թուականին նկատեցինք, որ DVD-ի պահանջ կայ եւ մեր բոլոր ընկերներն ու ծանօթները միշտ կ՚ըսէին. «Ինչո՞ւ DVD չէք պատրաստեր…»: Իրենց խօսքերէն քաջալերուած, որոշեցինք պատրաստել առաջին DVD-ին, որ ունեցաւ՝ «Երգենք ու պարենք» խորագիրը: Անկէ ետք բոլորեցինք դադարի հանգրուան մը, որու ընթացքին շատ բան սորվեցանք եւ արդէն պատկերացում ունէինք, թէ ի՛նչ պէտք է պատրաստենք, որպէսզի պզտիկները դիտեն, լսեն, սորվին եւ կապուին մեր երգերուն: Շեշտեմ նաեւ, որ այդ ժամանակ կը հետեւէինք մեր զաւակներուն, թէ անոնք ինչպիսի բաներ կը սիրեն դիտել: Իրենք շատ օգնեցին մեզի՝ որոշելու եւ իմանալու պզտիկներուն նախասիրութիւններն ու պահանջը: Սկսանք երեխաներուն համերգներուն ներկայ գտնուիլ եւ տեսնել, թէ ինչ բան աւելի լաւ արձագանգ կը գտնէ: Այսպէսով, սկսանք տեսնել եւ փնտռել ամենալաւն ու նորը: Գաղափարներ իրարու քով դնելով, որոշեցինք մեր նպատակը՝ պատրաստել հայերէն երգերու DVD մը, զոր պզտիկները ոչ թէ մէկ անգամ, այլ հարիւր անգամ դիտեն եւ սորվին այդ մանկական երգերը: Այսօր մենք ունինք 5 DVD եւ 9 խտասալիկ:
-Նոր ծրագիրներ կա՞ն:
-Հիմա նոր ծրագիրներ չկան, բայց շատ կը փափաքիմ նոր երգեր պատրաստել: DVD-ներու պահանջքը այսօր չկայ, այս պատճառով ալ շեշտը պիտի դրուի YouTube-ի ալիքին վրայ տեսանիւթեր պատրաստելու:
-Տիկին Թալի՛ն, դուք ձեր արուեստով կրցաք կոտրել կարծրատիպ դարձած մօտեցում մը: Այսինքն, արեւելահայերէն իմացող երեխան նոյնպէս լսեց եւ սիրեց ձեր արեւմտահայերէնով կատարած երգերը եւ փոխադարձաբար: Ի՞նչ կ՚ըսէք հայաստանեան լսարանին եւ արձագանգի մասին: Քանիերո՞րդ համերգն է այս մէկը Հայաստանի մէջ:
Թալին- Այս 32-րդ համերգն է Հայաստանի մէջ: Մենք հոս ունինք շատ լաւ խումբ մը, որու հետ միասին կը համագործակցինք:
Վստահ եմ, նկատած էք, որ մենք միայն արեւմտահայերէն երգեր չենք երգեր, կ՚երգենք նաեւ արեւելահայերէն, նոյնիսկ ունինք դերասաններ, որոնք միայն արեւելահայերէն կը խօսին: Այնպէս մը ըրած ենք, որ երկուքն ալ տեղ գտնեն մեր երգերուն մէջ:
Ալեքս- Հետաքրքրական պատմութիւն մը պատմեմ: Երբ «Երգենք ու պարենք» DVD-ն Լոս Անճելըսի մէջ կը պատրաստէինք, մեր կազմի անդամներուն բոլորը արեւելահայեր էին։ Երբ իմ գաղափարներս իրենց հետ կը կիսէի եւ ցանկութիւններուս մասին կը խօսէի, թէ կ՚ուզեմ նաեւ, որ Հայաստանի երեխաները լսեն եւ դիտեն այս երգերը, իրենք կ՚ըսէին. «Անկարելի է: Հայաստանի մէջ ոչ ոք պիտի լսէ այս երգերը»: Բոլորը այսպէս համոզուած էին: Սակայն երգը այնպիսի բան մըն է, որ պզտիկները երբ սիրեն՝ կ՚ընդունին զայն: Մենք այս ծրագիրը պատրաստեցինք բոլոր՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն խօսող պզտիկներուն համար: Ինչպէս Թալինը նշեց, DVD-ներուն մէջ երկու լեզուներն ալ կը լսենք: Այնպէս որ իւրաքանչիւր պզտիկ իրեն ծանօթ բան մը ունի այդ DVD-ներուն մէջ: Այս քայլը միտումնաւոր է: Տեսանիւթերուն մէջ կան երեխաներ, որոնք միայն արեւելահայերէն կը խօսին, եւ արեւմտահայ երեխաները այդ երեխաներուն կը կապուին:
Իսկ երաժշտութիւնը կը մնայ երաժշտութիւն: Մենք երբ փոքր էինք, առանց հասկնալու սպաներէն, անգլերէն, իտալերէն երգեր կը լսէինք: Երբ երեխաները կը սիրեն, արդէն ծնողներն ալ կը սկսին լսել, սորվիլ եւ կապուիլ:
Մեր ժողովուրդն ալ փոխուած է եւ նախկին մտայնութիւնը չէ մնացած, այն իմաստով, որ ալ ըսող չկայ. «Ասիկա արեւելահայերէն է, ատիկա արեւ-մըտահայերէն է»: Բոլորը սկսած են լսել եւ ընդունիլ ամէն ինչ: Տասնհինգ տարի առաջ այսպէս չէր:
-Այս գործին ձեռնարկած ժամանակ, չէիք մտածեր որ դուք սովորական երգ չէ որ կ՚երգէք, այլ կը նպաստէք հայապահպանման գործին, ըլլայ այդ մէկը Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ կամ Միջին Արեւելքի մէջ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս ուղղութեամբ:
Թալին- Իրականութեան մէջ, սկիզբը այս ձեւով չէինք մտածած: Միայն կ՚ուզէինք հայերէնով մանկական երգեր պատրաստել: Հետզհետէ, երբ ծնողներ սկսան գնահատել մեր աշխատանքը, եւ ըսել, որ փոքրիկս ձեր երգերը լսելով հայերէն կը սորվի, այդ ժամանակ անդրադարձանք, թէ որքան կարեւոր գործ մը կ՚ընենք:
Ալեքս- Բազմիցս լսած ենք. «Մեր տան մէջ հայերէն ըլլալով միայն «Թալին»ի DVD-ները կը լսենք» արտայայտութիւնը: Հայերէն սորվեցնելը չէր մեր նպատակը, այլ հայերէնը ծանօթացնելն էր եւ լեզուն սիրցնելը: Փոքր գաղութներուն մէջ, Կիրակի օրը երեխաները եկեղեցի կը տանին հայերէն լեզուի դասընթացքի մասնակցելու համար: Շատ անգամ երեխաները մեծ դժուարութեամբ կ՚երթան կիրակնօրեայ դասընթացքներուն. իրենց համար հաճելի չէ: Մենք ուզեցինք հաճելի եւ օգտակար բան մը պատրաստել:
-Ամերիկայի մէջ Դուք մեծ լսարան, հանդիսատես ունի՞ք։ Ովքե՞ր կը սպասեն ձեր համերգներուն:
Թալին- Այո՛, մեծ լսարան ունինք եւ ամիսը մէկ կամ երկու անգամ ելոյթ կ՚ունենանք: Հիմնականը Լոս Անճելըս կ՚ըլլայ, որովհետեւ հոն հաւաքուած են հայերը: Ուրիշ նահանգներ ալ կ՚երթանք. օրինակ՝ երկու շաբաթ առաջ Սան Ֆրանսիսքօ գացինք: Տարին մէկ անգամ Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի ալ կ՚երթանք:
Ալեքս- Ընդհանրապէս YouTube-ի վրայ կը հետեւինք, թէ ո՛ւր աւելի շատ մեր երգերը կը դիտուին եւ արդէն տեղեակ կը դառնանք, թէ ո՛ր նահանգին մէջ համեմատաբար աւելի մեծ լսարան ունինք: Ըսեմ նաեւ, որ Ամերիկայի 80 առ հարիւր հայերը Լոս Անճելըս կ՚ապրին։ Իբր այդ ալ հոն տեղի կ՚ունենայ մեր սարքած համերգներուն մեծամասնութիւնը։
Ընտանիքներ կան, որոնց երեխաները YouTube-ի վրայ կը դիտեն եւ կը լսեն հայերէն երգեր, սակայն եկեղեցւոյ կամ հայկական միութիւններու հետ կապ չունին: Մէկ խօսքով՝ միութենական անձեր չեն: Այս իսկ պատճառով, մեր մասին տեղեկութիւնները եւ նորութիւնները դիմատետրին վրայ կը յայտարարենք, որպէսզի իրենք ալ տեղեկանան:
-Իսկ միութիւնները կը հետաքրքրուին ձեզմով: Արդեօք կը տեսնե՞նք համատեղ աշխատանք մը, DVD մը, տեսանիւթ մը կամ այլ ծրագիր մը:
Թալին- Անշուշտ կը համագործակցինք միութիւններու հետ: Միասին համերգներ կը կազմակերպենք:
Ալեքս- Աւելի շատ կը համագործակցինք Մոնթրէալի ՀՕՄ-ին հետ: Լիբանանի մէջ վերջին համերգը Համազգայինը կազմակերպեց, անկէ առաջ քանի մը անգամ ալ Հայ Կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարանը նախաձեռնած էր: Ըսեմ, եթէ միութիւններ չըլլան, ապա դժուար կ՚ըլլայ տարբեր համայնքներ հասնիլը:
Ընդհանրապէս, կը նախընտրենք միութիւններու հետ գործակցիլ, որովհետեւ այդ մէկը կը դիւրացնէ մեր աշխատանքը: Իսկ Հայաստանի պարագային կը համագործակցինք United production-ին հետ, որ կը կազմակերպէ մեր համերգները: Իրականութեան մէջ դիմատետրի (ֆէյսպուք) եւ YouTube-ի գոյութիւնը մեզի շատ օգնեց: DVD-ի պահանջը այսօր չկայ, բայց եւ այնպէս YouTube-ի վրայ օրական 80 հազար դիտում ունինք, որոնց 50 հազարը՝ Հայաստանէն: Իւրաքանչիւր տեսանիւթ 40 վայրկեան է: Այսինքն, երեխաները բաւական ժամանակ կ՚անցընեն այս տեսանիւթերը դիտելով: Համերգէն ետք, երբ երեխաներուն եւ ծնողներուն հետ կը հանդիպինք ու կը լուսանկար-ւինք, ծնողները միշտ կ՚ըսեն. «Ամբողջ օրը նստած կը դիտէ եւ կը լսէ ձեր երգերը»:
-Տիկին Թալին, այս աշխատանքը կը յոգնեցնէ ձեզ:
-Բնաւ: Եթէ պզտիկները կը սիրես, հաճոյք կ՚առնես: Այո՛, կը յոգնիս, սակայն ուրախացնող յոգնութիւն է: Իսկ երբ ծնողներուն եւ իրենց զաւակներուն հետ հանդիպիմ համերգէն ետք, ա՛լ աւելի կ՚ուրախանամ: Երբ կը լսեմ իրենց գովասանքը եւ կը տեսնեմ իրենց ուրախութիւնը, ուժ կ՚առնեմ:
-Երբեւիցէ պատահա՞ծ է, որ ծնողները իրենք ձեզի նոր երգերու առաջարկներ եւ գաղափարներ տան:
Թալին- Եղած է, բայց շատ քիչ: Աւելի շատ իրենք կու գան լաւ ժամանակ անցընելու համար:
Ալեքս- Գիտէք, ասիկա քարոզչութեան նման բան մըն է: Մեր գլխաւոր նպատակը երգերու միջոցով հայերէն լեզուն ծանօթացնելն է: Առաջին օրէն ի վեր մեր նպատակը այս եղած է, եւ փորձած ենք ամէն ջանք թափել այս նպատակին հասնելու համար: Մեր նպատակը չէ եղած Թալինը նշանաւոր երգչուհի դարձնել կամ մեծ գումարներ շահիլ:
Երբ Թալինը կը հանդիպի երեխաներուն հետ եւ կը նկարուի, կարծես կ՚ամրապնդուի այդ մարդկային կապը: «Թալին»ը կամուրջ մըն է հայերէն լեզուն լսելու եւ սիրելու:
Թալին- Եթէ համերգէն ետք երեխաներուն հետ չհանդիպիմ եւ չլուսանը-կարուիմ, շատ խորթ կը թուի: Կ՚ուզեմ համերգէն ետք դրական մթնոլորտը ամբողջացնել իրենց հետ հանդիպելով:
Ալեքս- 2014 թուականին երբ Հայաստան եկանք եւ ըսինք, որ Թալինը համերգէն ետք պիտի լուսանկարուի՝ ըսին. «Անհնար է, չ՚ըլլար: Հայաստանի մէջ ո՞վ կարգի պիտի կենայ եւ պիտի սպասէ լուսանկարուելու»: Սակայն, մենք ձեւը գտանք եւ այսօր համերգներէն ետք բոլորը իրենց կարգին կը սպասեն եւ կը լուսանկարուին:
-Պարոն Ալեքս, դրամի եւ շահի մասին խօսք եղաւ քիչ առաջ: Դուք կը շահի՞ք այս գործէն:
-Մինչեւ վեց տարի առաջ ուրիշ աշխատանք ալ ունէի: Սակայն արդէն տեղ մը հասաւ, եւ մեր ապրելաձեւը գտանք: Հիմա, միայն մեր աշխատանքներով կրնանք մեր ընտանիքը պահել եւ բարեկեցիկ կեանք մը ապրիլ:
-Երբեւիցէ եղա՞ծ է, որ բարեսիրական համերգներ տաք:
-Ընդհանրապէս մեր համերգներուն կէս հասոյթը բարեսիրական նպատակներու կը ծառայէ: Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի, կամ եկեղեցիներուն հետ մեր համագործակցութիւնը որոշ չափով բարեսիրական է: Մենք փոքր գումար մը կը ստանանք միայն մեր ծախսերը հոգալու համար: Սակայն այդ համերգները տարեկան դրամահաւաքներ են: Օրինակ՝ ՀՕՄ-ի տարեկան համերգը մեծ դրամահաւաք մըն է, որուն հասոյթը կը յատկացուի սուրիահայերուն կամ եկեղեցիներուն:
Այսօր ալ, հոս՝ Երեւանի մեր առաջին համերգը բարեսիրական է: Մեր հանդիսատեսները պիտի ըլլան Երեւան ապրող սուրիահայերը, COAF կազմակերպութեան երեխաները եւ Իջեւանի որբանոցի երեխանները:
-Տիկին Թալին, այսօր սուրիահայութիւնը դժուար օրեր կ՚ապրի։ Արդեօք կը մտածէ՞ք օր մը Հալէպ երթալ եւ բարեսիրական համերգ տալ տեղւոյն վրայ:
Թալին- Նախքան պատերազմը՝ 2009 թուականին, Հալէպի «Կիւլպէնկեան» սրահի երդիքին տակ վեց համերգ սարքեցինք: Վեց անգամն ալ սրահը բերնէ-բերան լեցուն էր: Շատ տաքուկ եւ աշխոյժ էր մթնոլորտը: Ես այդքան զօրաւոր եւ մեծ գաղութ չէի տեսած, նաեւ փորձառութիւն չէի ունեցած: Շատ զարմացանք, որ այսքան հայրենասէր գաղութ մը գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ: Ատկէ ետք, նպատակադրեցինք ամէն տարի Հալէպ երթալ:
Ալեքս- Հիմա քիչ մը դժուար է: Նախ այնտեղի պայմաններուն տեղեակ չենք, ապա մենք Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի ենք եւ մեր Սուրիա մուտքը դժուար է: Իրականութեան մէջ կը վախնանք: Եթէ ապահովութիւն ըլլայ, մեծ սիրով կ՚երթանք: Նոյնն է Իրանի պարագային: Իրանի պզտիկներն ալ կը լսեն եւ կը սիրեն «Թալին»ը:
-Ձեր ընթացքով դուք նաեւ խաղաղութեան պատգամաբեր էք: Դուք կրցած էք ձեր արուեստով նամակ մը ուղղել բոլորին՝ խաղաղութեան եւ սիրոյ նամակ: Ինչ կ՚ուզէք ըսել ասոր մասին:
Թալին- Մենք երգի միջոցաւ սէր կը բաշխենք: Փոքրիկները շատ կը սիրեմ, շատ անմեղ են: Իրենց աշխարհը ինծի համար շատ մաքուր եւ յատուկ աշխարհ է:
Ալեքս- Բաւական գործ ըրած ենք ես եւ Թալինը: Որոշ չափով հայկական կազմակերպութիւնները մեզի օգնեցին, մանաւանդ համերգներ կազմակերպելու ժամանակ: Իմ կարծիքով՝ նոր երգեր պէտք է պատրաստել: Միշտ կ՚ուզէինք երեխաներուն համար ուսուցողական երգեր պատրաստել եւ այս մտայղացումով է, որ ընթացանք: Եթէ քիչ մը աւելի օժանդակութիւն ունենայինք, ուրիշ շատ լաւ աշխատանքեր ալ կը պատրաստէինք:
Մէկ կողմէն ուրախ եմ մեր ջանքերով ձեռք բերուած բոլոր յաջողութիւններուն համար, միւս կողմէն տխուր եմ, որովհետեւ կարեւոր առիթներ կը կորսուին: Դիմեցինք «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, դիմեցինք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, որպէսզի զարգացնենք այս ծրագիրը։ Բայց դժբախտաբար հետաքրքրութիւն չեղաւ: Ափսոս, օրական 80 հազար դիտորդ ունինք, ինչո՞ւ չզարգացնենք, ինչո՞ւ նոր երգեր, նոր նիւթեր չպատրաստենք: Մենք ունինք այդ կարողութիւնը, մեզի նեցուկ է պէտք: Յուսամ օր մը կ՚իրականացնենք մեր բոլոր ցանկութիւնները ու նոր երգերով հանդէս կու գանք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան