Կիրակի 12, Յունուար 2025
«ԲԱՐԻ ԱՐԱԳԻԼ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՄԷՋ
Արդէն եօթներորդ տարին ըլլալով Աշտարակի Կարմրաւոր եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող «Պասկալ եւ Տիոտադօ» սրճարանի պատասխանատուները կը կազմակերպեն «Բարի արագիլ» երաժշտական փառատօնը:
Այս տարի «Բարի արագիլ»ի բեմին իրենց կատարումներով հանդէս եկան «Գողթ» երաժշտախումը, «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նժդեհ» պարախումբը, «Նովա» ժողովրդական նուագարաններու խումբը եւ այլ երգիչ-երգչուհիներ:
«Պասկալ եւ Տիոտադօ» սրճարանը միշտ հանդէս կու գայ նման գեղեցիկ նախաձեռնութիւններով եւ հաճելի պահեր կը պարգեւէ թէ՛ տեղւոյն բնակիչներուն եւ թէ Աշտարակ ժամանած հիւրերուն։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017