ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԱՍՏՂԸ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՓԱՌՔԻ ԾԱՌՈՒՂԻԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻ 24-ԻՆ
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի անուանական աստղը Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ կը բացուի Օգոստոսի 24-ին: Ան կը տեղադրուի պատմական Pantages թատրոնի մօտակայքին։
Ըստ Ամերիկայի «Ասպարէզ»ին, Հոլիվուտի Առեւտուրի պալատը տեղեկացուցած է, որ աշխարհահռչակ երգիչին աստղը 2618-րդը կ՚ըլլայ Փառքի ծառուղիին մէջ: Ազնաւուրի նուիրուած աստղը կը բացուի «Կենդանի կատարում» անուանակարգէն ներս:
«Ամբողջ աշխարհին ծանօթ կատարող է Շարլ Ազնաւուր, զայն կը սիրեն միլիոնաւոր երկրպագուներ տարբեր սերունդներու շրջանին», ըսած է Փառքի ծառուղիի միջոցառումներու կազմակերպիչ Անա Մարթինէզ:
93-ամեայ Ազնաւուրի ժողովրդականութիւնը տարածուած է տարբեր սերունդներու շրջանին: Պատահական չէ, որ 1998 թուականին CNN-ի եւ Time-ի առցանց հարցման արդիւնքներուն մէջ Շարլ Ազնաւուր հռչակուած է «20-րդ դարու երգիչ»՝ շրջանցելով բազմաթիւ հանրայայտ կատարողներ, ինչպէս՝ Էլվիս Փրեսլին, Պոպ Տիլընը եւ Ֆրենք Սինաթրան:
Շարլ Ազնաւուր միջազգային ասպարէզին մէջ մրցանիշային 180 միլիոն ձայնասկաւառակ վաճառած է: Եօթանասուն տարուան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան ձայնագրած է 1400 երգ, որոնց 1300-ի հեղինակը եւս ինքն է: Ազնաւուր 390 ալպոմ թողարկած է բազմաթիւ լեզուներով՝ ֆրանսերէն, հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն:
Միւս կողմէ, Շարլ Ազնաւուր համերգներ կու տայ Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։
Ֆրանսահայ մեծանուն երգիչը իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջէն կը տեղեկացնէ, որ Հոկտեմբերի 4-ին ան համերգ կու տայ Սիտնիի՝ Hordern Pavilion-ին մէջ, Նոյեմբերի 13-ին՝ Միլանոյի Arcimboldi թատրոնի շէնքի երդիքին տակ, Դեկտեմբերի 9-ին՝ Վիեննայի «Վիներ Շտաթհալէ» համերգասրահին մէջ, իսկ Դեկտեմբերի 13-ին՝ Փարիզի մէջ։