ԶԵԿՈՅՑ (Ա) ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԷՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինս թափուր դարձած Աթոռին նոր գահակալի ընտրութեան համար հնաւանդ ընկալեալ կանոններուն զուգահեռ Նախարարաց Խորհուրդի 18.09.961 թուակիր ու 5/1654 համարաւ ընտրական որոշմնագրի ու Ներքին Գործոց Նախարարութեան 1990 ու 1998-ին կատարուած պատրիարքական ընտրութեանց  մասին կանոնագրութիւններու լոյսին տակ ձեռնարկած է ընտրութեան բաղկացուցիչ աշխատանքներուն։

Այս ուղղութեամբ նկատի ունենալով ընտրութեան երկաստիճան բնոյթն ու պատգամաւորներու ընտրութեան մասնակցելիք քուէարկողներու անունացանկերու պատրաստութեան համար հարկ եղած ժամանակամիջոցը, յարմար տեսնուած է.

Ա. Եկեղեցական Պատգամաւորներու ընտրութիւնը կատարել 09.12.2017, Շաբաթ օր

Բ. Աշխարհական Պատգամաւորներու ընտրութիւնը կատարել 10.12.2017, Կիրակի օր

Գ. Իսկ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութիւնը 13.12.2017, Չորեքշաբթի օր, ընտրեալ պատգամաւորներէ կազմուած ընտրական մարմնի ձեռամբ կատարել։

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպսկ. Պեքճեանի, Պատկ. Կրօն. Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի ու Նախաձեռնարկ Մարմնի Ատենապետ Տիար Սարգիս Քիւլէքէչի համատեղ ստորոգրութեամբ պատրաստուած դիմումնագիրը 09.08.2017 թուակիր ու 192687 - 12 համարաւ, ի տնօրինումն Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղղարկուելու համար յանձնուած է Իսթանպուլի Կուսակալութեան։

Ի գիտութիւն կը ծանուցուի մեծարգոյ համայնքային մարմիններուն եւ հասարակութեան։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆՏ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ
ՆԱ­ԽԱ­ՁԵՌ­ՆԱՐԿ ՄԱՐ­ՄԻՆ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017