2017-Ի ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
Աւստրալիոյ երեք քաղաքներ, Գանատայի երեք քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Նոր Զելանտայի, Ֆինլանտիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքները տեղ գտած են ապրելու համար 2017 թուականի աշխարհի լաւագոյն քաղաքներու տասնամեակին մէջ:
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ «Էքոնոմիսթ Ինթելիճընս Եունիթ» հանդէսի «Կլոպալ Լիվիպըլըթի Ռիփորթ» ամենամեայ հետազօտութեան արդիւնքները։ Ըստ որոնց, աշխարհի մէջ ապրելու համար լաւագոյն քաղաք ընտրուած է Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքը:
Երկրորդ տեղը գրաւած է Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննան, երրորդէն մինչեւ հինգերորդ դիրքերու վրայ կան գանատական Վանքուվըր, Թորոնթօ եւ Քալկըրի քաղաքները:
Լաւագոյններու ցուցակին վրայ յայտնուած են Աւստրալիոյ եւս երկու քաղաքներ՝ Ատելայթն ու Փերթը, ինչպէս նաեւ Նոր Զելանտայի Օքլընտ խոշորագոյն քաղաքը եւ Ֆինլանտիոյ մայրաքաղաքը՝ Հելսինքին: Ապրելու համար լաւագոյն քաղաքներու տասնեակը կ՚եզրափակէ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքը: Մոսկուան այս վարկանիշէն ներս զբաղեցուցած է 80-րդ հորիզոնականը:
Ցուցակին մէջ ներառուածներու կարգէն ապրելու համար վատագոյն քաղաքներու տասնամեակին մէջ տեղ գտած են Քիեւը (131-րդ), Փաքիստանի Քարաչին (134-րդ), Ալճերիոյ Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութեան Ալճիր քաղաքը (135-րդ) եւ Լիպիոյ Թրիփոլին (138-րդ): Հանդէսի տուեալներով՝ 2017 թուականին աշխարհի մէջ ապրելու համար վատագոյն քաղաքը, դարձած է Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսը:
Սուրիոյ մէջ զինեալ հակամարտութիւնը կը շարունակէ 2011 թուականի Մարտէն ի վեր: ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ այդ ժամանակաընթացքին զոհուած է աւելի քան 220 հազար հոգի։