ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹՐԻՔ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Շուրջ 200 հոգի մասնակցեցաւ այս ընթրիքին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը ամրան շրջանին այս ձեռնարկը կազմակերպած էր համախմբելու համար սանուց միութեան համակիրները։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ Գատըգիւղի ընտանիքէն այլ դէմքեր։
Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ անդամուհիներէն Քարին Ըշըշքճը։ Անոնք ջերմօրէն ողջունեցին բոլոր ներկաները ու մաղթեցին, որ նման հաւաքոյթներ առիթ հանդիսանան թէ՛ Գատըգիւղի ընտանիքէն եւ թէ ընդհանրապէս մեր համայնքէն ներս միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման։ Հարկ է նշել, որ Արամեան սանուց միութեան ներկայ վարչութիւնը ձեւաւորուած է թէեւ կարճ ժամանակ առաջ, սակայն յաջողած է ի-
րականացնել շարք մը անանտեսելի ձեռնարկներ։ Նորընտիր վարչութեան տեսլականի բիւրեղացման առումով կարեւոր էր Ռաֆֆի Գրիգորեանի կողմէ փոխանցուած պատգամը, ըստ որու մեր սանուց միութիւնները պէտք է քայլ յարմարցնեն նոր ժամանակներուն եւ իրենց գործունէութիւնը այնպէս մը պէտք է կազմակերպեն, որ յաջողին ներգրաւել մեր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը։
Երեկոյթի մասնակիցները հաճելի ժամանց ունեցան երաժիշտ Արիի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով։ Փուչիկներ ալ թռցուեցան ի նշանաւորումն հրաւիրեալներու իղձերու կատարման։ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Ռաֆֆի Գրիգորեան (ատենապետ), Սօնա Ճերմակեան, Մասիս Գույումճու, Քարին Ըշըքճը, Առլէթ Կիւնթէր, Պարէտ Կիւնթէր, Սեւան Աթաօղլու, Արթուն Աթմաճա, Ռոյ Ալաթճեան, Լիա Եահնիեան, Սեւան Մազմանեան։