ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԲԱՐԻՆ
Մարդիկ ամէն առիթով կը խօսին «բարի»ին եւ «բարիք»ի մասին։ Բարի ըլլալու, բարիք գործելու հեռանկարը հաստատուած է բոլորին մէջ մանկութեան շրջանէն ի վեր. տունը ծնողքը կը պատուիրէ տղուն՝ բարի՛ ըլլալ, դպրոցը, դաստիարակը եւս կը հրամայէ աշակերտին «բարի» ըլլալ, կեանքի մէջ ալ միշտ կը գնահատուին «բարի» մարդիկ եւ անոնց «բարիք»ները կը խօսուին ամէնուրեք։ Անցեալի մէջ, ներկայիս այսպէս է, եւ այս պիտի շարունակէ ապագային մէջ ալ։
«Բարի» ըլլալ, «բարիք» գործել՝ առաքինութիւն, ազնուութիւն կը համարուի։ Մարդ, ընկերութեան մէջ յարգ ու պատիւ կը վայելէ՝ «բարի» մարդ կոչումով եւ հասարակութեան կողմէ կը գնահատուի անոր գործած «բարիք»ները։
Ի՜նչ գեղեցիկ կը հնչէ խօսքը բարիին եւ բարիքի մասին է եթէ. հրաշալի՜ բան է «բարի մարդ» կոչուիլ, հիանալի՜ զգացում է «բարեգործ» համարուիլ։ Քաղցր բան է «բարի» ըլլալ վերջապէս։
Բառարաններ «բարիք» բառին դիմաց կը գրեն. «շնորհք», «օրհնութիւն», «օգուտ», «երախտիք», իսկ «բարի»ին՝ պարկեշտ, ընտիր, լաւ, ազնիւ։
Ուրեմն, «բարութիւն»ը՝ ազնուութիւն է եւ աղէկութիւն։ Այս կը նշանակէ, թէ՝ մարդէն սպասուած կացութիւն մըն է բարութիւնը եւ վիճակ մը՝ բարի ըլլալը։ Այն՝ ի՛նչ որ պէտք է ըլլայ…։
Բայց կարգ մը արժէքներ իմաստ կը ստանան երբ անոնք լա՛ւ ըմբռնուին, լա՛ւ հասկցուին, թէ ի՛նչ է այդ արժէքին բնութիւնը, էութիւնը։
Ինչո՞ւ «բարի» ըլլալ։ Բարի ըլլալու այս պարտաւորութիւնը կը ծագի «չար»ին գոյութենէն։ Խորհեցէ՛ք, խնդրեմ, պահ մը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ «չար»ը գոյութիւն չունենար, մարդկութիւնը այսքան բծախնդիր եւ նախանձախնդիր պիտի ըլլար «բարի»ի նկատմամբ։ Ո՛չ։ Քանի որ «բարի ըլլալ» կը նշանակէ՝ «չար չըլլալ» եւ ուրեմն համեմատական արժէք մըն է «բարի»ն եւ «բարեգործութիւն»ը։
Անշուշտ, առանձին խոհրդածութեան նիւթ մըն է, թէ՝ քանի որ «բարի»ն լաւ է, ընտիր է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ գոյութիւն ունի նաեւ «չար»ը։ Եւ կերպով մը եթէ գոյութիւն ունի չարը, մարդիկ ինչո՞ւ կը նախընտրեն չարը, քանի որ կա՛յ ընտիրը, լաւը, նպաստաւորը, օգտակարը՝ բարի՛ն։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մը, իրողութիւն մըն է, որ «չար»ն ալ միշտ գոյութիւն ունեցած է «բարի»ին հետ՝ մարդուն արարչութեան պահէն իսկ, գոնէ շատ կարճ ժամանակամիջոցէ մը ետք։ Չարը իր գոյութիւնը կ՚առնէ բարիէն եւ գոյութիւնը կը պահպանէ ու կը տեւականացնէ բարիով սնանելով, բարիին հետ ու բարիին մէջ աճելով ու տարածուելով։
Աւետարանէն ծանօթ է մեզի «որոմներուն առակը», թէ ինչպէս որոմները ինքնաբերաբար կը բուսնին ու կ՚աճին ցորենի հատիկներուն հետ, անոնց հետ միասին, անոնց մէջ։ Ուրեմն, չարին ալ բարիին հետ, անոր մէջ ըլլալը բնական է. ուրիշ խօսքով՝ հոն ո՛ւր բարին կայ, հոն կա՛յ նաեւ չարը, անպայմա՛ն։
Հարցը՝ նկատել, անդրադառնալ չարին եւ կարենալ զգուշանալն է անոր չարիքէն։ Բայց ո՜րքան հետաքրքրական է՝ մարդիկ, ընդհանրապէս չարը կը նախընտրեն, փոխանակ բարիին, ինչպէս, կը նախընտրեն ատելութիւնը՝ փոխանակ սիրոյ։ Ասոնք նախընտրութեան խնդիր է մարդուն համար։ Բայց կա՛յ նաեւ բնական օրէնք մը՝ որուն պարտաւոր է հպատակիլ, քանի որ այնտեղ մարդուն չէ՛ տրուած ընտրելու իրաւունքը։ Արդարեւ, ինչո՞ւ կայ «մահ»ը, երբ մարդուն տրուած է «կեանք»ը՝ ապրելու եւ վայելելու համար։
Հետաքրքրական պիտի ըլլար տեսնել, թէ՝ եթէ մահը եւ կեանքը նախընտրութեան առարկայ ըլլային, մարդիկ պիտի նախընտրէին մահը, ինչպէս կը նախընտրեն «չար»ը, «ատելութիւն»ը…։
Մարդ էակը իր էութեամբ եւ գործունէութեամբ իրապէ՛ս «անծանօթ» մըն է՝ հասկնալ եւ վերլուծել կարելի չէ՛, որքան որ ոմանք կարծեն, թէ լուծած են մարդ էակին բոլոր գաղտնիքները…։
Ուրեմն ի՞նչ է բարին։ Մարդկային արարքներու բարոյականութիւնը կախեալ է երեք տուեալներէ.
ա) Մարդուն ընտրած նիւթէն, այսինքն՝ անոր իսկական կամ երեւութական լաւութենէն,
բ) Գործողին դիտաւորութենէն, այսինքն՝ արարքին դրդապատճառներէն,
գ) Արարքին պարագաներէն, ներառեալ՝ անոր հետեւանքներէն, արդիւնքներէն։
Այս իմաստով, արարքը «բարոյապէս բարի» է, երբ կ՚ենթադրուի թէ անոր նիւթը, նպատակը եւ պարագաները՝ միանգամայն բարի՛ են, այսինքն՝ օգտակար, լաւ, նպաստաւոր, ընտիր, ազնի՛ւ։
Մարդուն ընտրած նիւթը առանձինն՝ կրնայ ամբողջ արարք մը աղաւաղել, նոյնիսկ եթէ դիտաւորութիւնը բարի՛ է։ Չէ՛ արտօնուած չարիք գործել՝ անկէ բարիք քաղելու նպատակով։ Գէշ նպատակ մը կրնայ արարքը աղաւաղել, նոյնիսկ եթէ անոր նիւթը ինքնին բարի է։
Ներհակաբար, բարի նպատակ մը բարի չի դարձներ արարք մը, որ իր նիւթին պատճառով գէ՛շ է, քանի որ նպատակը չ՚արդարացներ միջոցները։ Պարագաները թէեւ կրնան մարդուս պատասխանատուութիւնը թեթեւցնել կամ ծանրացնել, բայց արարքներուն բարոյական որակը չեն կրնար փոխել ու փոփոխել, ո՛չ ալ կրնան ինքնին գէ՛շ արարք մը բարիի վերածել։
Եւ երբ կը խօսինք բարիին եւ չարին մասին, եւ կը տեսնենք, թէ չարը միշտ գոյութիւն ունի հոն՝ ո՛ւր բարին կայ, ապա ուրեմն կարելի է հարցնել, թէ՝ Աստուած ինչո՞ւ չարիքը թոյլ կու տայ։
Հաւատքը կը հաւաստիացնէ մարդը, թէ Աստուած չարիքը թոյլ պիտի չտար, եթէ չարիքէն բարիք դուրս չգար։ Աստուած ասիկա արդէն հրաշալիօրէն կատարեց Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեամբ՝ մահով եւ յարութեամբ։
Արդարեւ, բարոյական մեծագոյն չարիքէն, որ Իր միածին Որդիին մա՛հն էր, Ան մեծագոյն բարիքները քաղեց, այսինքն՝ Քրիստոսը փառաւորեց եւ համայն մարդկութիւնը փրկագործե՛ց…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 15, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024