ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՇԱԲԱԹ

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ եւ Զուի­ցե­րիոյ դես­պան Լու­քաս Կա­սէր ե­րէկ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Եր­կու դես­պա­նու­թիւն­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ սկսաւ «Լեռ­նե­րուն ձօ­նուած շա­բաթ» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ­նե­րուն շար­քը։ Ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տան եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած ա­սու­լի­սով ազ­դա­րա­րուե­ցաւ ծրագ­րին սկիզ­բը։ Նա­խա­գի­ծը մաս կը կազ­մէ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան շարժ­ման։

Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ այս առ­թիւ նշեց, թէ սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար տա­րած են բա­ւա­կան եր­կար աշ­խա­տանք եւ եր­ջա­նիկ կը զգան սոյն ներդր­ման հա­մար։ Իր կար­գին, Լու­քաս Կա­սէրն ալ յայտ­նեց, թէ ծրագ­րի ա­նուա­նու­մը պա­տա­հա­կան չէ։ «Թէ՛ Հա­յաս­տա­նը եւ թէ Զուի­ցե­րիան լեռ­նա­յին եր­կիր­ներ են։ Զուի­ցե­րիոյ տա­րած­քին 70 տո­կո­սը կը կազ­մեն լեռ­նե­րը եւ մեր պատ­մու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է այդ աշ­խար­հագ­րա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թիւ­նը նոյն­պէս ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է՝ որ­պէս լեռ­նա­յին եր­կիր», ը­սաւ ան։

Միւս կող­մէ, ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին զուի­ցե­րա­ցի դես­պա­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ իր երկ­րէն պա­տուի­րա­կու­թիւն մը պի­տի մաս­նակ­ցի յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015