ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ ՄԸ. «ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր վաստակաշատ կրթական մշակներէն Լեռնա Գարագիւթիւք հրատարակած է իր անդրանիկ գիրքը, որ կը կոչուի «Երթաս բարով»։ Սա բանաստեղծութիւններու ժողովածոյ մըն է։ Գործը տպագրութեան պատրաստուած է հրատարակչական մարմնի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն՝ Երեւանի մեր աշխատակիցներէն Անի Բրդոյեան-Ղազարեան, Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան եւ Իշխան Չիֆթճեան։ Սոյն խումբին կողմէ կը նախատեսուի յառաջիկայ շրջանին «Հայերէն մատենաշար» մը ստեղծել եւ Լեռնա Գարագիւթիւքի այս գիրքը կը համարուի այդ մէկուն հիմնադիր եւ առաջին հատորը։ Յառաջաբանին մէջ նշուած է, որ Լեռ նա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութիւնները կը բացուին դէպի աշխարհ մը, ուր կայ անմիջականութիւն։

Ժողովածոն կ՚ընդգրկէ քանի մը տասնեակ բանաստեղծութիւններ։ Գարագիւթիւքի այդ բանաստեղծութիւնները կը բանան աշխարհ մը, ուր անմիջական ու հաղորդական է։ Հեղինակը կ՚անդրադառնայ ներանձնական եւ ընկերային հարցերու, կ՚արծարծէ մարդկային, հայկական ու պոլսահայութեան բնորոշ նիւթեր, կը խօսի իրական ու փոխաբերական պատկերներով, կը նկարագրէ տան ու փողոցի մէջ պահեր, իր ուշադրութիւնը կը գրաւեն մարդը, բոյսը, անասունը եւ առարկան՝ իրենց մասնաւոր ու ճակատագրական երեսներով։

Գիրքին գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Լուսինէ Աւետիսեանի կողմէ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Լեռնա Գարագիւթիւքը եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017